կարևոր
95269 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-08-11 16:18
Սփյուռք

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէն կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանի ընտրութիւնը

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէն կը շնորհաւորէ Դաւիթ Իշխանեանի ընտրութիւնը

Նորին Վսեմութիւն Տիար Դաւիթ Իշխանեան

Նախագահ Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի

Մեծարգոյ Պր.Նախագահ,
Ջերմապէս կը շնորհաւորենք Ձեր ընտրութիւնը Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահի պաշտօնին:

Արցախի օրհասական ու ճակատագրական այս օրերուն, Ձեզի վստահուած է լուրջ եւ դժուարին պատասխանատուութիւն մը: Կը հաւատանք, որ Ձեր լայնախոհ ու շրջահայեաց քաղաքականութեամբ, պատասխանատուութեան ամբողջական գիտակցութեամբ, պիտի կարողանաք ձեռնհասօրէն վարել եւ մաքառիլ ձեր դէմ ցցուող բոլոր մարտահրաւէրներուն:

Ձեր այս փշոտ ճանապարհին, Արցախի ինքնութեան պահպանման, բնակչութեան բարօրութեան ու գոյատեւման սրբազան առաքելութեան ընթացքին Ձեր կողքին պիտի տեսնէք ողջ հայութիւնը՝ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք , որոնց կիզակէտը եղած է Արցախն ու Արցախահայութեան արդար իրաւունքներու հաստատումը:

Յանուն միասնական ու համաշունչ կամքով ընթանալու այս ուղին, բարեյաջող արդիւնքներով պսակուած տեսնելու ցանկութեամբ:

Վճռականօրէն պիտի շարունակենք զօրակցիլ Արցախին եւ արցախահայութեան:

Ի Դիմաց
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Սուրիոյ Կեդրոնական կոմիտէ