Փոխարժեքներ
30 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 398.27 |
EUR | ⚊ | € 414.32 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.0524 |
GBP | ⚊ | £ 494.49 |
GEL | ⚊ | ₾ 138.29 |
Երեքշաբթի` Հոկտեմբեր 19, 2021-ին Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելեց Լոս Անճելըսի մօտ հաւատարմագրուած Լիբանանի ընդհանուր հիւպատոս Պրն. Պաշիր Սարգիսին: ՀՅԴ պատուիրակութիւնը կազմուած էրՏարօն Տէր Խաչատուրեանէ (ներկայացուցիչ), և Գարեգին Խանճեանէ ու Կայծակ Զէյթլեանէ:
Հանդիպման ընթացքին վերարծարծուեցան հիւպատոսին նախորդողներուն օրերէն իսկ հաստատուած ու տարիներու վրայ երկարող գործակցութեան աւանդը, ի սպաս Լիբանանի և հոն միշտ բեղուն աշխատանք տանող լիբանանահայութեան:
Նաեւ քննարկուեցան Լիբանանի այժմու տնտեսական ու քաղաքական իրականութեան ծալքերը, և Մայրիներու Երկիրը նորանոր ցնցումներէ հեռու պահելու հրամայականը, Միջին Արեւելքի ու տարածաշրջանին ներկայ լարուածութիւններուն ի տես:
Յատուկ կերպով արծարծուեցաւ այսօր իսկ Լիբանանի Խորհրդարանին կողմէ վերջնականացուած Մարտ 27, 2022-ին տեղի ունենալիք երեսփոխանական
ընտրութիւններուն թուականը, անոր մանրամասնութիւնները, և նոր յստակացուած Լիբանանեան արտերկրի այդ ընտրութիւններուն մասնակցելու ձեւաչափերը:
Պրն հիւպատոսը բարձր գնահատեց նախկին գործակցութիւնները այս ծիրէն ներս, ուրնաեւ լիբանանահայ սփիւռքը մասնակից եղած էր այսպիսի գործընթացներու:
ՀՅԴ պատուիրակութիւնը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արցախի գծով լարուածութիւնը, հոն կիրարկուած շրջանային ուժերու դերակատարոթիւնը, և փոքր, սակայն իրենց իրաւունքներուն ամուր կարչած ժողովուրդներու արդար պայքարը:
Շուրջ ժամուկէս տեւած հանդիպումը եզրակացուեցաւ շարունակաբար փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ յառաջանալու շեշտով: