կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-08-09 13:45
Քաղաքական

Աւելի քան երբեք զօրավիգ կանգնինք լիբանանահայութեան. Հ․Յ․Դ․ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը

Աւելի քան երբեք զօրավիգ կանգնինք լիբանանահայութեան. Հ․Յ․Դ․ Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի յայտարարութիւնը

Արդէն տնտեսական աննախընթաց տագնապ դիմագրաւող լիբանահայութիւնը ամէն լիբանանցիներուն նման ապրեցաւ Երեքշաբթի 4 Օգոստոս 2020ին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պատահած ահաւոր պայթումին աղէտը:

Անոր արդիւնքով մինչ օրս համայնքը ունի 13 զոհ, բազմաթիւ վիրաւորներ և աննախընթաց նիւթական վնասներ յատկապէս հայաբնակ Պուրճ Համուտին մէջ: Մինչ պայթումի վայրին մէջ փրկութեան աշխատանքները կը շարունակուին, պէտք չէ բացառել որ ի շարս այլ քաղաքացիներու նաև աւելնան հայ զոհերը: Հայկական հաստատութիւնները, որոնք արդէն դռուար կացութեան մէջ կը գտնուէին ենթարկուած են քանդումի և կարօտ են վերաշինութեան: Այս բոլորը կը պատահի երբ երկրի մէջ նախապէս անկում արձանագրած համավարակի պարագաներն ու զոհերը մտահոգիչ կերպով աւելնալու սկսած են:

Այս բոլորով հանդերձ, պայթումէն անմիջապէս յետոյ համայնքը արդէն զօրաշարժի ենթարկուած է նախ հասնելու համար վիրաւորներուն ապա և նախաձեռնելու համար հետևանքներու վերացման: Հասարակական ցանցերով համայնքի զօրաշարժին հետևողները արդէն կը տեսնեն թէ ինչպէս անգամ մը ևս համայնքը իր վերապրումի անկոտրուն կամքը ցոյց կու տայ:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէն, Արժանթինի, Ուրուկուայի և Պրազիլի իր բոլոր ընկերներուն և ընկերուհիներուն անունով իր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնէ զոհուածներու ընտանիքներուն և ամբողջական զօրահցութիւն լիբանահայութեան:

ՀՅԴ Հարաւային Ամերիկայի կազմակերպութիւնը իր գաղափարակից կազմակերպութիւններու՝ Հայ Օգնութեան Միութիւն, Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւն և Համազգային, շրջանային ղեկավարութիւններուն հետ համատեղ շրջանի երեք հայահոծ երկիրներուն մէջ արդէն սկսած էր լիբանահայութեան օժանդակութեան դրամահաւաքի: Այս պայթումէն յետոյ, երբ աւելի քան երբեք կը զգացուի համայն Սփիւռքի զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը մարդասիրական օգնութեան անհրաժեշտ կարիքը զգացող լիբանահայութեան համար, կոչ կ’ուղղենք մեր համայնքի բոլոր կազմակերպութիւններուն և իւրաքանչիւր անհատի իրենց մասնակցութիւնը բերելու այդ դրամահաւաքին:

Պահն է, որ որպէս կազմակերպուած համայնքներ փաստը տանք մեր գիտակցութեան՝ յանձնառու ըլլալու աշխարհացրիւ բայց միասնական հայկական Սփիւռքի մը և միջհամայնքային փոխօգնութեան պատրաստակամութեան:

Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ
Արժանթին, Ուրուկուայ, Պրազիլ