կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-28 16:41
Սփյուռք

Բարենպաստ Մթնոլորտի Ստեղծման Հրամայականը

Բարենպաստ Մթնոլորտի Ստեղծման Հրամայականը

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 24 ապրիլին Ծիծեռնակաբերդէն յղեց ուղերձ մը, որուն մէջ խօսեցաւ համահայկական ներուժը Հայաստանի պետականութեան շուրջ համախմբման կարեւորութեան մասին` աւելցնելով. «Այս գործնական խնդիրը լուծելու համար մենք պէտք է կարողանանք ձեւակերպել մեր ազգային հայեցակարգը, մեր ազգային գաղափարախօսութիւնը, տեսլականը, որը համազգային համաձայնութիւն կը ձեւաւորի մեր ազգային արժէքների, ազգային նպատակների եւ ազգային ռազմավարութեան շուրջ, որը մեր ինքնութիւնը պաշտպանելու, պահպանելու, զարգացնելու, ժամանակակից աշխարհի եւ առաւել եւս վաղուայ աշխարհի պայմաններում էլ աւելի կենսունակ ու մրցունակ դարձնելու երաշխիքներ կը ստեղծի»:

Համահայկական ներուժի համախմբման ծրագիրի յաջողութեան համար պէտք է սկսիլ ներհայաստանեան ներուժի համախմբումով: Այդ է անոր յաջողութեան առաջին պայմանը: Ծրագիրի նախաձեռնութիւնը Հայաստանի հասարակութեան մէջ տարբեր շերտեր ստեղծող, համերաշխութեան փոխարէն, ներքին բաժանարարութիւն քարոզող եւ այդպիսի ժխտական մթնոլորտ ստեղծող իշխանութեան մը կողմէ ըլլալուն իրողութիւնը, բնականաբար եւ անկախ յառաջիկային ներկայացուելիք անոր մանրամասնութիւններէն, ծրագիրի յաջողութեան նկատմամբ յոյս չի ներշնչեր:

Հայաստանի իշխանութիւններուն անցնող տարիներու վարմունքն ու յայտարարութիւնները, օրինակ` ինչ կը վերաբերի Հայ առաքելական եկեղեցւոյ, մեծ հարցականներ կը ստեղծեն «ազգային արժէքներ»-ու, «ազգային նպատակներ»-ու, «ազգային ռազմավարութիւն» եւ «մեր ինքնութիւն» հասկացողութիւններուն շուրջ համահայկական համախմբուածութեան ծրագիրին յաջողութեան կարելիութեան շուրջ: Ուստի, Հայաստանի իշխանութիւնները այդ նախագիծը ներկայացնելէ առաջ պէտք է անոր յաջողութեան համար գործնական քայլերով բարենպաստ մթնոլորտ ստեղծեն:

Միւս կողմէ, ինչ կը վերաբերի «ազգային նպատակներ»-ուն, ապա այդ առնչութեամբ արդէն գոյութիւն ունի միաձայնութեամբ որդեգրուած համահայկական փաստաթուղթ մը` 100-ամեակի Համահայկական հռչակագիրը, որ «կոչ է անում հայորդիների գալիք սերունդներին` հայրենասէր, գիտակից եւ ուսեալ կեցուածքով պաշտպան կանգնել հայրենի սրբազան ժառանգութեանը, աննահանջ պայքարով ծառայել յանուն`

– առաւել հզօր հայրենիքի` ազատ եւ ժողովրդավար Հայաստանի Հանրապետութեան,

– անկախ Արցախի առաջընթացի ու զօրացման,

– աշխարհասփիւռ հայութեան գործուն համախմբման,

– համայն հայութեան դարաւոր նուիրական նպատակների իրականացման»:

Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ յառաջիկային համահայկական քննարկման համար ներկայացուելիք որեւէ նախագիծ պէտք է հիմնուած ըլլայ այդ հռչակագիրին գիրին ու ոգիին վրայ, որոնցմէ որեւէ շեղում բնականաբար ի սկզբանէ կ’ականահարէ համահայկական ներուժի համախմբման ծրագիրի որդեգրումը:

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

aztagdaily.com