կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-04-20 14:38
Սփյուռք

Համազգայինի աշխարհատարած բոլոր միաւորները իրենց առցանց ներկայութեամբ կը յագեցնեն մեր ժողովուրդի մշակութային ծարաւը

Համազգայինի աշխարհատարած բոլոր միաւորները իրենց առցանց ներկայութեամբ կը յագեցնեն մեր ժողովուրդի մշակութային ծարաւը

Աշխարհը ամլացած է։ Համաշխարհային մակարդակով ստեղծուած է առնուազն մեր օրերուն համար աննախադէպ իրավիճակ։  

Համազգայինը անշուշտ անմասն չէ այս համաճարակի հետեւանքով ստեղծուած ընդհանուր կացութենէն եւ ըստ այնմ  պատշաճեցուցած է իր աշխատանքը, արագօրէն փոխած է իր աշխատելաոճը միշտ կառչած մնալով իր սկզբունքներուն եւ տեսլականին, շարունակելով իր առաքելութիւնը։

Հաւատարիմ իր կոչումին, կրթական մարզը, համաճարակի առաջին օրերէն իսկ իր Ճեմարաններով սկսած է հեռավար դասաւանդութեան, եւ ուսուցիչ-աշակերտ կապը մնայուն է։ Մեր վարժարաններու տնօրէնութեանց, ուսուցչական կազմերու եւ պաշտօնէութեանց անվերապահ օժանդակութեամբ եւ նուիրուածութեամբ կարելի կը դառնայ այս մարտահրաւէրը եւս յաջողութեամբ դիմագրաւել։ Անշուշտ, քաջ կը գիտակցինք, որ առօրեայ դասաւանդութիւնները եւ կենդանի կապը կարելի չէ ամբողջութեամբ փոխարինել համակարգչային նոր մեթոտներով, սակայն կը փորձենք հասնիլ կարելի լաւագոյն արդիւնքին. այս առիթով կը շնորհաւորենք մեր Ճեմարաններու անձնակազմերը եւ հրապարակաւ շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոնց. իրենց ցուցաբերած անսակարկ նուիրումը անպայման կը յիշեցնէ Համազգայինի ռահվիրայ սերունդը: Արդարեւ՝ այս տարի Լեւոն Շանթի, Նիկոլ Աղբալեանի եւ իրենց ընկերներու հիմնած Ճեմարանի 90-ամեակն է. ուրախ ենք տեսնելով, որ այդ տիտաններու ժառանգորդները հաւատարմօրէն կը շարունակեն քալել անոնց  հետքերով: Նոյնը կարելի է ըսել Համազգայինի շրջանային մակարդակի վրայ գործող զանազան բնոյթի կրթական-գեղարուեստական հաստատութիւններուն համար:

Նշենք նաեւ, որ այս տարի Մարսէյի Ճեմարանի 40-ամեակն է:  Մարսէյի Համազգայինի երկլեզու Ճեմարանի տարածքը, ներկայ միջազգային թոհուբոհին մէջ, շնորհիւ խնամակալութեան ջանքերուն դարձաւ Համազգայինի սեփականութիւնը.  ներկայիս խնամակալութիւնը կը պատրաստէ դպրոցի կարելիութիւնները ընդլայնելու ծրագիրը: Ինչ որ կը նշանակէ, թէ ապագային Ճեմարանը ի վիճակի պիտի ըլլայ ընդունելու աւելի մեծ թիւով աշակերտներ, գոհացում տալով շրջանին մէջ վերջին տարիներու ստեղծուած կենսական պահանջին: 

Համազգայինի համացանցային հարթակը (h-pem) արդէն տարի մըն է, որ կը շարունակէ իր աշխատանքը՝ ոչ հայախօս հայ երիտասարդութեան եւ ոչ հայ հանրութեան ծանօթացնելու համար հայ մշակոյթը իր զանազան երեսներով։ Մեկուսացման այս օրերուն h-pem-ը եւս իր աշխատանքները պատշաճեցուց ստեղծուած նոր պայմաններուն։ Աշխատակազմը կապեր հաստատեց հայ մշակոյթի տարբեր մարզերու մէջ գործող հանրածանօթ  մասնագէտներու եւ արուեստագէտներու հետ եւ յատկապէս բեմին համար անոնց պատրաստած  տեսանիւթերով խորհուրդներ փոխանցեց իր հետեւորդներուն։ Նոյն նպատակով h-pem-ը զանազան հրապարակումներով կը փորձէ բարձրացնել իր մեկուսացած հետեւորդներուն տրամադրութիւնը, եւ հաճելին օգտաշատին միաձուլելով անոնց կ'առաջարկէ մշակութային ժամանցի հետաքրքական նմոյշներ։

Համազգայինի մանկական «Լալան ու Արան» ծրագիրը իր ընկերային ցանցերը կը տրամադրէ հայ մանուկներուն՝ անոնց անմիջական մասնակցութիւնը ապահովելով. ան նաեւ կը տարածէ մանկական օգտաշատ գիտելիքներ եւ աշխատանքներ, մասնագէտ մանկավարժներու կողմէ պատրաստուած։ Այս օրերուն նաեւ լոյս տեսաւ Լալայի ու Արայի պատմութեան առաջին գրքոյկը իր ելեկտրոնային տարբերակով։

Միաժամանակ Համազգայինի աշխարհատարած բոլոր միաւորները իրենց առցանց ներկայութեամբ կը յագեցնեն մեր ժողովուրդի մշակութային ծարաւը, մատուցելով որակաւոր կատարումներ եւ ներկայացումներ։    Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակը կանոնաւոր պարբերականութեամբ հայ մշակոյթի վարպետներու մասին իր տրամադրութեան տակ գտնուող ֆիլմեր համացանցով կը հրամցնէ հանրութեան, իսկ  Արցախի եւ Ջաւախքի գրասենեակները իրենց կապը կը փորձեն պահել առցանց դիտումներ կամ մրցումներ առաջարկելով։ 

Համագայինի գրատարածը նոյնպէս Լիբանանի մէջ կազմակերպեց մանկական գծագրութեան մրցում, ինչպէս նաեւ անվճար գիրքեր հասցնելու կարելիութիւնը ստեղծեց ընթերցողներուն համար։ Ե-գրադարանը հասանելի դարձաւ ամբողջ աշխարհին իր թարմացած բովանդակութեամբ։

Այս բոլորը կը շարունակուին շնորհիւ Համազգայինի կամաւոր նուիրեալներուն եւ հայ մշակոյթի պահպանման, տարածման ու զարգացման հաւատացողներուն։

Ինչպէս ցոյց կու տան վերոնշեալ օրինակները Համազգայինը կը շարունակէ գործել իր տասնամեակներու գոյութեան ներկայի ամենէն աննպաստ պայմաններու մէջ ալ: Մեկուսացման այս հանգրուանին մենք չենք առանձնացած, անհատներու չենք վերածուած: Այլ՝ բոլոր ժամանակներէ աւելի համախումբ ենք. կը մնանք գործօն ու ուժեղ, յաղթահարել կարենալու համար մեր դէմ ցցուող բոլոր տեսակի խոչընդոտները:

Մնացէ՛ք ապահով։ 

Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան գրասենեակ

Պէյրութ, 20 Ապրիլ 2020