կարևոր
3727 դիտում, 1 տարի առաջ - 2022-11-25 20:14
Աշխարհ

Գամիշլիի Համազգայինի մշակութային կեդրոնի եւ Ահարոնեանի կիսանդրիի բացում

Գամիշլիի Համազգայինի մշակութային կեդրոնի եւ Ահարոնեանի կիսանդրիի բացում

Հովանաւորութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, Ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիրոյի անդամ, ՀՅԴ Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեանի, Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի, Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, ազգային պատասխանատուներու, միութիւններու ներկայացուցիչներու, պետական, կրթական պատասխանատուներու եւ Գամիշլիի մշակութային պետական կեդրոնի պատասխանատուներուն, Երկուշաբթի, 21 Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Համազգայինի Գամիշլիի «Ա. Ահարոնեան» նոր կեդրոնի բացումը։

Կեդրոնի մուտքին ՀՄԸՄ-ի Փողերախումբը ողջունեց ներկայ հիւրերը, ապա հնչեցուց Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք կեդրոնի բացումը կատարեցին Հոգեշնորհ հայր սուրբը, մեծարգոյ Կիրօ Մանոյեանը, Համազգայինի Ս. Շրջ. Վարչութեան ատենապետուհին եւ մասնաճիւղի ատենապետը։

Այնուհետեւ ներկաները ուղղուեցան դէպի կեդրոնի սրահ, ուր քօղազերծուեցաւ Աւետիս Ահարոնեանի կիսանդրին։ Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ Յակոբ Պարսումեան ներկաները ծանօթացուց կեդրոնի գրասենեակներուն եւ տարուող ընթացիկ աշխատանքին, ինչպէս նաեւ կեդրոնի «Աճարեան» լսարան-գրադարանին, ուր այս տարի ընթացք առաւ հայագիտականի առցանց դասընթացքը։

Վարչութեան անդամ երկրչփ. Կարպիս Շիրիքճեան արաբերէն բացման խօսքով բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն, ապա ամփոփ զեկոյցով ներկայացուց կեդրոնի հսկայ աշխատանքը եւ կարեւոր դերը՝ նոր սերունդը հայ մշակոյթին ու գրականութեան առնչակից պահելու եւ համախմբելու մշակութային մթնոլորտի մէջ, ինչպէս նաեւ քաջալերելու անոր երաժշտութեան եւ կերպարուեստի հակումները։

Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան Գամիշլիի ներկայացուցիչ Ռիթա Տէր Սարգիսեան-Կարապետեան իր կարգին խօսք առնելով անդրադարձաւ կեդրոնի փուլային բարենորոգումներուն եւ տարուած բծախնդիր աշխատանքին, դիտել տալով որ վարչութիւնը իր կարելիութիւնները զօրաշարժի ենթարկեց՝ ծրագիրը աւարտին հասցնելու համար։

Կեդրոնը ունի «Աճարեան» լսարան-գրադարանը, Կոմիտասի անուան երաժշտական դպրոցը, Այվազովսկիի անուան կերպարուեստի սենեակը։ Կեդրոնին մէջ շքեղ բաժին մը յատկացուած է նաեւ «Վանայ» պարախումբին։

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան գնահատանքի իր խօսք ուղղելով ըսաւ. «Մենք Հայաստանի մէջ աւելի հզօր կը զգանք, ամէն անգամ որ սփիւռքի մէջ կրթական, մշակութային նոր հիմքեր կը ստեղծուին մեր ժողովուրդի զարգացման համար։ Այս յանդուգն նախաձեռնութիւնը Գամիշլիի մէջ վկայութիւնն է այս գաղութին հաւատարմութեան եւ Սուրիական Հայրենիքին վստահութեան։ Գաղութ մը, որ որոշած է ոչ միայն իր ինքնութիւնը պահպանել այլ նաեւ ինքզինք զարգացնել, երիտասարդներուն բաց դաշտ ստեղծել, որպէսզի իրենց գիտելիքները հարստացնեն եւ նոր ներդրում բերեն մեր մշակոյթին։

«Այսօր չենք կրնար չյիշել Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ Պաշար ալ- Ասատի հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ հայ համայնքին ուղղած գնահատանքը, երբ կ՚ըսէր, որ հայ համայնքը իր ինքնութիւնը պահելու ամէն միջոց եւ իրաւունք ունի ու այդ իրաւունքէն լիարժէքօրէն կ՛օգտուի»:

Այնուհետեւ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան ատենապետուհի Մարալ Տիքպիքեան Գամիշլիի «Աւետիս Ահարոնեան» Մասնաճիւղի Վարչութեան ուղղուած Գնահատագիրը ընթերցեց, որպէս երախտագիտութիւն մասնաճիւղի բազմաբնոյթ գործունէութեան եւ յատկապէս մշակութային կեդրոնի վերանորոգման եւ բարեզարդման ի խնդիր անխոնջ աշխատանքին։

Ապա պետական պատասխանատուներ իրենց սրտի խօսքը արտասանելով գնահատեցին կեդրոնի պատրաստութեան հսկայ աշխատանքն ու բարի երթ մաղթեցին հայ մշակութային գործունէութեան։

Հոգեշնորհ հայր սուրբը խօսք առնելով լուսարձակի տակ առաւ մշակոյթի եւ գրականութեան կարեւոր դերը սերունդներ դաստիարակելու գործընթացին մէջ, ապա նորանոր վերելք եւ յաջողութիւն մաղթեց համազգայինի յառաջիկայ ծրագիրներուն։

Համազգայինի «Վանայ» պարախումբը հեզաճկուն պարերով գեղեցկացուց ձեռնարկը, գեղ. ղեկավարութեամբ պարուսոյց Նանար Սարգիսեանի։
Ներկաները ջերմ մթնոլորտի մէջ ողջունեցին կեդրոնին բացումը։

Յիշենք, որ պետական զանազան լրատուամիջոցներ, ինչպէս նաեւ Ռատիօ Երազը, սփռեցին կեդրոնի բացման հանդիսութիւնը:

Բժշկհ. Մարի Մելքոն

Kantsasar