կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2022-05-31 20:02
Հասարակություն

Ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի մարզական սկաուտական տողանցք եւ զոյգ դաշտերու պաշտօնական բացում

Ներկայութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեանի, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի մարզական սկաուտական տողանցք եւ զոյգ դաշտերու պաշտօնական բացում

ՀՄԸՄ-ականներու երկար սպասուած իղձը իրականացաւ։ Հայաստանի Անկախութեան կերտման 104-ամեակին առիթով, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի վերանորոգուած մարզաւանի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ «Զարթնի՛ր, Լաօ՛» պատգամին հնչեղ արձագանգով:

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեանի, Կիրակի, 29 Մայիս 2022-ի միջօրէի ժամը 12։00֊ին, ՀՄԸՄ-ի Ազիզիէ շրջանի վերանորոգուած զոյգ դաշտերուն պաշտօնական բացումը կատարուեցաւ։

Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, Պատկան Մարմինի եւ Ազգ. Իշխանութեան ներկայացուցիչներ, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ Ժիրայր Րէիսեանը, ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ Մանուկ Քէօշկէրեան, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգ. Կեդր. Վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութիւնը եւ Շրջ. Սկ խորհուրդը, գաղութիս բարեսիրական, մարզական, եկեղեցական, կրթական միութիւններու ներկայացուցչներ, ՀՄԸՄ-ի «Ծառայութեան» շքանշանակիրներ, սկաուտական, մարզական խումբեր եւ յանձնախումբեր, ինչպէս նաեւ բարերարներ եւ հիւրեր։

Հանդիսութիւնը սկսաւ Սուրիոյ, Հայաստանի եւ ՀՄԸՄ ֊ի Քայլերգներով՝ ՀՄԸՄ֊ի փողերախումբին կատարողութեամբ։

Հանդիսավար Նայիրի Զաքոյեան հրաւիրեց ՀՄԸՄ֊ի Հալէպ Մասնաճիւղի Վարչութեան ատենապետ տոքթ. Արամ Աւետիսեանը վարչութեան խօսքը արտասանելու։ Ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու յայտնեց, որ 1918-ին ծնունդ առած Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութիւնը եռագոյն դրօշին տակ համախմբեց հայ պատանիներն ու երիտասարդները եւ անոնց ազգային դաստիարակութիւն ջամբելով մասնակից դարձաւ Հայաստանի անկախութեան կերտումին, որ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ անկիւնադարձային փուլ մը հանդիսացաւ։

Ապա անդրադարձաւ դաշտերու վերանորոգման աշխատանքին ու ըսաւ. «Նկատի ունենալով հայապահպանումի մէջ ՀՄԸՄ-ի կարեւոր դերը, յետ Սուրիոյ պատերազմին, ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի առաջնահերթ ծրագիրներէն մէկը հանդիսացաւ մարզաւանի վերանորոգութիւնը, ուր մեր մարզիկներն ու սկաուտները իրենց գործունէութիւնները պիտի կատարէին ապահով եւ հայաբոյր յարկի մը ներքոյ:

Երկարաշունչ աշխատանքէ ետք, այսօր, օրինական չափանիշներով պատրաստուած պասքեթպոլի եւ ոտնագնդակի զոյգ դաշտերը՝ ՀՄԸՄ-ականներուն տրամադրութեան տակ կը գտնուին:

Հսկայական աշխատանքի կը կարօտէր նորոգութեան այս ծրագիրը, որուն իրականացման համար իրենց անսակարկ ներդրումը բերին ՀՄԸՄ-ի Հալէպ Մասնաճիւղի նախկին ու ներկայ վարչութիւնները: Երկար է շնորհակալութեան ցանկը եւ անսահման են մեր երախտագիտական զգացումները, ի մասնաւորի այս աշխատանքին համար յառաջացած շինարարական յանձնախումբին եւ անոր ատենապետին, որոնք մինչեւ օրս բոլոր մանրամասնութիւնները սերտելով լաւագոյնս կազմակերպեցին վերանորոգութեան աշխատանքը եւ սփիւռքի մէջ տարածուած հալէպահայ ՀՄԸՄ-ականներուն հետ կապ հաստատելով՝ անոնց նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ իր լրումին հասցուցին աշխատանքը:

Այս առիթով, մեր շնորհակալական խօսքը կ’ուղղենք բարեսիրական այն կազմակերպութիւններուն, որոնք նիւթաբարոյական օժանդակութեամբ ընթացք տուին վերանորոգութեան այս աշխատանքին: Շնորհակալութիւն աշխարհասփիւռ ՀՄԸՄ-ականներուն, որոնք թէեւ ֆիզիքապէս հեռու են մեզմէ, բայց գործնապէս մեզի հետ են եւ իրենց լուման ի սպաս դրին հալէպահայ մեր զաւակներուն առողջ կրթութեան համար: Այստեղ յատկապէս կը յիշենք այսօր հիւրաբար մեր մէջ գտնուող եղբ. Ճորճ Խոռոզեանը, որմէ վերանորոգութեան այս աշխատանքը սկսելու առաջին քաջալերանքը ստացանք: Ինչպէս նաեւ կը յիշենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն եղբ. Էնտի Անտոնեանը, իր բերած ներդրումին համար:

Շնորհակալական խօսք ՀՄԸՄ-ի Կեդր. Վարչութեան եւ անոր Սուրիոյ ներկայացուցիչին՝ Եղբ. Մանուկ Քէօշկէրեանին եւ ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան, որոնք նեցուկ կանգնեցան մեր աշխատանքներուն: Յատուկ շնորհակալութիւն ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէին, որ զօրավիգ կանգնեցաւ մեզի այս աշխատանքը յաջողութեամբ պսակելու համար: Ի վերջոյ շնորհակալութիւն Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ Ազգային Իշխանութեան, որոնք մեծ սիրով ընդառաջեցին մեր փափաքներուն:

ՀՄԸՄ-ի մարզաւանի բացման այսպիսի հանդիսութեան եւ ՀՄԸՄ-ական փառաշուք տողանցքին ընդմէջէն պարտք կը զգանք մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին, որ եղբայրական մօտեցումով մեր կալուածները կառուցելու եւ աշխուժօրէն գործելու ազատութիւնը տուած է մեզի»:

Ապա մարզադաշտ մուտք գործեցին սկաուտները բարձրացուցած Սուրիոյ, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՄԸՄ-ի դրօշները, որոնց յաջորդեցին Հալէպ Մասնաճիւղի երիցական, արիական, գայլիկական եւ սկաուտական խումբերը՝ իրենց հաստատուն քայլերով, ապա յաջորդաբար տողանցեցին ֆութպոլի, ճատրակի եւ պասքեթի մարզիկները, իրենց պատասխանատուներով։
Ապա բոլորը մէկտեղուեցան դաշտին վրայ։

Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Ս. Եպս. Զօպուեան գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ ողջունեց հիւրերը։ Իր խօսքին մէջ Տէր Մասիս ըսաւ. «Այսօր օրնէ յիշատակելու բոլոր անոնք, որոնք «Զարթնիր, Լաօ՛» երգեցին, որոնք սփիւռքի տարածին հայ մշակոյթը պահեցին եւ հայուն ներկայութիւնը երաշխաւորեցին։ Այսօր օրն է անոնց, որոնք հեռաւոր երկիրներէն յիշեցին Սուրիան։ Շնորհիւ ձեր կամքին սուրիահայութիւնը դարձեալ կեանք կ՚առնէ։ Այս մարզադաշտերուն բացումը, մնացեալ կառոյցներուն կողքին, հիմքը կը կազմէ մեր ներկային եւ ապագային։

«28 Մայիսը մեզ կը յուշէ մեր կամքով, հաւատարմութեամբ եւ բռունցքով տէր կանգնիլ մեր հողերուն եւ իրաւունքներուն, մեր պետականութեան։ Մենք Սուրիայէն կը միանանք հայրենիքի մեր զաւակներուն, որպէսզի տէր կանգնինք մեր հայրենիքին ու Արցախի բռնագրաւուած հողերուն։ Այսօր Հայաստանը մեր իւրաքանչիւրին մէջ է։ Վկայ շնչող հալէպահայութիւնը, մեր հաստատութիւնները եւ ՀՄԸՄ-ը»:

Իր խօսքին աւարտին Սրբազան Հայրը շեշտեց, որ մենք բոլորս յանձնառու ենք եւ պատասխանատու անսալու արդարութեան եւ պահանջատիրութեան ձայնին։

Հանդիսութիւնը փակուեցաւ սրբազան հօր «Պահապանիչ» աղօթքով։