Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
1960 թուական:
Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանի աշակերտ՝ ուսումս շարունակելու տենչով տարուած, կարելիս կ՛ընէի, որ աւարտէի գերազանցութեամբ, որպէսզի ճեմարանական դառնայի: Ընտանեկան միջավայրս ներշնչած էր Ճեմարանի սէրը, զարմուհիս եւ քոյրս արդէն կը յաճախէին Ճեմարան: Տնօրէնը պարոն Սիմոն Վրացեանն էր, անկախ Հայաստանի վերջին վարչապետը: Մ. Իշխանը պիտի ըլլար հայերէնի ուսուցիչս. խանդավառութիւնս մեծ էր:
Տարին իր աւարտին կը հասնէր: Օր մըն ալ պրն. Սեդրակ Զաւէնը, դպրոցի տնօրէնը, մեր տունը այցելեց իմացնելու համար հօրս, որ երկրորդական վարժարան մը յաճախելու կարելիութիւն պիտի ունենամ՝ անվճար, փոխադրակառքի, գիրքերու եւ գրպանի ծախսերը ներառեալ: Ես՝ լուռ նստած, անձկութեամբ կը հետեւէի խօսակցութեան. «Պարո՛ն Սամուէլ, աղջիկդ ապահով կրնայ իր ուսումը շարունակել»... բայց ոչ Ճեմարանի մէջ: Ես՝ հիասթափուած, արցունքներս հազիւ կը զսպէի, իսկ հայրս շատ գոհ էր, որ պարոն տնօրէնը իր պարտականութիւնը կատարած էր՝ յաջողակ աշակերտ մը տեղաւորելով երկրորդական վարժարանի մը մէջ։
- Աղջի՛կս, բախտաւոր ես. իմ միջոցներս չեն ներեր, որ քեզ ղրկեմ երկրորդական վարժարան:
- Բայց հայրիկ, ես կ՛ուզեմ Ճեմարա՛ն յաճախել:
Ողբերգական վիճակի մէջ էի. հայրս, քոյրերս, եղբայրս կը փորձէին զիս համոզել. բայց մայրս համաձայն էր:
Տխուր էի, բայց վճռական՝ հօրս պատասխանեցի. «Եթէ Ճեմարան դասաւորուի, կը շարունակեմ ուսումս, ապա թէ ոչ՝ գործի ասպարէզ կը մտնեմ»:
Հայրս չէր ուզեր մերժել Սեդրակ Զաւէնը, բայց փափաքս ալ կ՛ուզէր կատարել: Հետեւաբար, դիմեց պարոն Օննիկ Մելիքսէթեանին, այդ օրերու Համազգայինի գրախանութի տնօրէնին, որ միեւնոյն ատեն Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան գործավարն էր:
Պարոն Օննիկ Մելիքսէթեան՝ վիճակացոյցս տեսնելով, անմիջապէս ընդառաջեց, եւ ես ներկայացայ պարոն Գառնիկ Բանեանին: Պարոն Բանեան իմացուց, որ «Կիւլպէնկեան»-ի սան եմ, հետեւաբար լաւ պէտք է աշխատիմ:
Ուրախութիւնս անսահման էր. Պարոն Մուշեղին պիտի աշակերտեմ: Ազգային բոլոր վարժարաններէն գերազանց լաւ աշակերտներ, նոյնիսկ եթէ նիւթական միջոցները չունէին կրթաթոշակ վճարելու, կրնային դիմել. Ճեմարանի դուռը բաց էր իրենց համար:
Երբ պարոն Վրացեանին աշակերտը դարձայ, հպարտութիւնը հոգիս կը լեցնէր: Առաջին գրաւորի նիւթը մենք զմեզ ներկայացնելն էր: Ես իմ պատմութիւնս պատմեցի եւ գրաւոր շնորհակալութիւնս յայտնեցի Ճեմարանին: Իսկ իմ դասընկերներէս մէկը, որ Ս. Նշանէն եկած էր Ճեմարան եւ չէր կրցած դասաւորել, որ սան դառնայ, այդ գրաւորով պարոն Վրացեանին փոխանցեց իր մտահոգութիւնը եւ իմացուց, որ իր ծնողները չեն կրնար վճարել կրթաթոշակը, ուստի կէս պիտի ձգէ ուսումը: Պարոն Վրացեան գրաւորը կարդալէ ետք կանչեց դասընկերս եւ իրեն իմացուց, որ պիտի շարունակէ Ճեմարան յաճախել՝ անվճար:
Այսպէս, շատեր եւս չզրկուեցան ուսումէ, դարձան ուսեալ անձեր եւ հետագային ներգործօն դեր ստանձնեցին ազգային կեանքին մէջ: Ոչ միայն ազգային կեանքին մէջ, այլ նաեւ հայրենիքին համար. երկրաշարժի օրերուն, Արցախեան պատերազմի օրերուն իրենց ներդրումը ունեցան: Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի շունչը զիրենք Հայաստան հասցուցած էր:
ՍՕՍԷ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Սօսէ Ճինպաշեանին Գործերը
1.- Պատմութիւններ
- Վաչիկին քուչիկը դպրոց կ՛ուզէ երթալ (տպագրուած)
- Բութամատիկը (անտիպ)
2.-Թարգմանութիւններ
- Ջուրի կաթիլը, որ կը կոչուէր Գոհարիկ (անտիպ)
- Կարմիր փուչիկը (անտիպ)
- Միշկա արջուկը (անտիպ)
- Մկնիկին վերամուտը (անտիպ)
- Ալիս հրաշալիքներու աշխարհին մէջ (անտիպ)
- Ամառը փնտռող անասունները (անտիպ)
- Խենթ հովը (անտիպ)
-Մկնիկներուն ամէնէն սիրունը (անտիպ)
3.- Արեւմտահայերէնի վերածուած
- Արեւ եւ լուսին (Յ. Թումանեան)
- Պույ – պույ մկնիկը
- Ծաղիկներու երգը (Յ. Թումանեան)
- Կաթիլ մը մեղրը (Յ. Թումանեան)
- Քաջ Նազարը (Յ. Թումանեան)
- Իրիկուն (Յ. Թումանեան)
4.- Համադրուած գրութիւններ
- Լոյսի տաճարը
- Արեւորդիք
- Արարատեան դաշտի չորս եղանակները
- Տատիկ ռոբոթը
- Լացող արձան (հնդկական հեքիաթ)