կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-04-18 14:30
Սփյուռք

Հաղորդագրութիւն. «Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական եւ վերականգնումի շաբաթ»

Հաղորդագրութիւն. «Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական եւ վերականգնումի շաբաթ»

Հայոց ցեղասպանութիւնը արդէն կը բոլորէ իր 106-ամեակը:

106 տարիէ ի վեր կը յիշենք կեանքի ծարաւին եւ անօթութեան դէմ յամառօրէն մարտնչելով, զաւակը ծոցին առած, Տէր Զօրի անապատի աւազներուն վրայ բոպիկ քալող հայ մայրը, որուն լուռ նայուածքին «ձայնը» տակաւին կը գոռայ «մարդկութեան» ականջներուն մէջ: Ականջներ, որոնք 106 տարիներ շարունակ որքա՛ն փորձեցին չլսել, այդքա՛ն գրգռեցին արիւնարբու ոճրագործին ծաւալապաշտական ախորժակները:

106 տարիէ ի վեր կը յիշենք մեր նահատակները եւ արդարութիւն կը պահանջենք աշխարհէն:

Այսօր, սակայն,Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 106-ամեակի ոգեկոչման նախօրեակին, շատ բան փոխուած է: Արցախի գոյատեւման համար մղուած պատերազմէն ետք մենք դարձանք ականատեսներ, ունեցանք տարբեր փորձառութիւն: Փորձառութիւն մը, որ հայոց պատմութեան գիրքերու սորվեցուցածէն աւելի՛ն սորվեցուց մեզի: Մեր երեխաները նոյնիսկ մասնակից դարձան հայրենիքի հողի պահպանման գործին, երբ իրենց գանձանակները պարպեցին` օգնելու համար Արցախի մէջ պատերազմող հայ զինուորին:

2020-էն ետք նոյնը չէ, ինչ որ էր 2020-էն առաջ:

Արցախը մեզ պիտի չընկրկէ, ընդհակառակն, խթան պիտի հանդիսանայ մեզի` վերանորոգ եռանդով շարունակելու մեզի վստահուած աշխատանքը: Եւ վերջապէս, մենք կը հաւատանք, որ իրաւունք մը չի մեռնիր այնքան ատեն որ իրաւատէրը կը պահանջէ զայն: Հետեւաբար, պիտի շարունակենք մեր պահանջատիրական երթը` մինչեւ մեր իրաւունքներու արդար հատուցում:

Համազգայինը, իր կարգին, հակառակ իր դիմաց ծառացած բոլոր դժուարութիւններուն եւ բազմաբնոյթ մարտահրաւէրներուն, որոշած է պահպանել աւանդական իւրայատուկ իր նկարագիրը եւ պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը մշակոյթի ճամբով, որովհետեւ մշակոյթը մեր ազգի ինքնութեան եւ գոյութեան հիմնական երաշխաւորներէն մէկն է:

Առ այդ` յանձնառու հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պայքարին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան 106-ամեակի յանձնախումբը, յաւուր պատշաճի նշելու Մեծ եղեռնի զոհերուն յիշատակը, այս տարի կազմակերպած է «Հայ ժողովուրդի պահանջատիրական եւ վերականգնումի շաբաթ» խորագիրով ութ ձեռնարկներ, որոնք տեղի պիտի ունենան Կիրակի 18 Ապրիլէն մինչեւ երկուշաբթի, 26 ապրիլ երկարող շաբթուան ընթացքին: Ձեռնարկները պիտի ընդգրկեն հայ եւ արաբ արուեստագէտներու կողմէ մշակութային ներկայացումներ, որոնց գլխաւորը պիտի ըլլայ շաբաթ, 24 ապրիլին, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին մէջ:

Աւելցնենք, որ այս առիթով վարչութիւնս պատրաստած է յատուկ նշանակ (logo) մը, որ պիտի տեղադրուի մեր բոլոր որմազդներուն եւ յայտարարութիւններուն մէջ: Նշենք նաեւ, որ յիշեալ ձեռնարկները պիտի սփռուին առցանց, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան Դիմատետրի էջով Hamazkayin Lebanon https://www.facebook.com/HamazkayinLebanon:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

aztagdaily.com