կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-11-19 22:26
Սփյուռք

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի լիագումար ժողովին

Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի լիագումար ժողովին

ՕԹԹԱՈՒԱ.- Կիրակի, 17 Նոյեմբեր 2019-ին, Օնթարիո նահանգի Քինկսթըն քաղաքին մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբի 2019-21 երկամեակի առաջին լիագումար նիստը, մասնակցութեամբ յանձնախումբի անդամներուն եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչին:

Միօրեայ ժողովը մանրամասնօրէն քննեց յանձնախումբի նախորդ միամեայ գործունէութիւնը եւ մշակեց ներկայ տարեշրջանի օրակարգն ու ծրագիրները՝ համաձայն ՀՅԴ Գանատայի 48-րդ Շրջանային Ժողովի որոշումներուն:

Հայ Դատի քաղաքական եւ քարոզչական բազմաթիւ առաջնահերթութեանց վերաբերեալ, ժողովը վարեց որակական քննարկումներ, նշելով ցարդ իրականացուած ձեռքբերումները, առկայ մարտահրաւէրներն ու դժուարութիւնները եւ անոնցմէ իրաքանչիւրը յաղթահարելու ուղղութեամբ տարուելիք աշխատանքը:

յանձնախումբը վերահաստատեց վերոնշեալ հարցերու ուղղութեամբ իր վճռակամ մօտեցումը եւ զանոնք յաջողութեան առաջնորդելու անկոտրում պատրաստակամութիւնը:

ՀՅԴ Գանատայի Հայ Դատի Շրջանային Յանձնախումբ

Նոյեմբեր 18, 2019

horizonweekly.ca