Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Անցեալ ամիս` փետրուարին, Երեւանի եւ Արցախի Ստեփանակերտի մէջ կայացաւ Հայ դատի աշխարհատարած յանձնախումբերու խորհրդաժողովը։ Այս խորհրդաժողովը այն միջավայրն է, ուր գնահատականը տրուեցաւ անցնող ժամանակաշրջանին կատարուած աշխատանքներուն, եւ ՀՅԴ վերջին Ընդհ. ժողովին (կայացած 2019ի յունուարին Ստեփանակերտի մէջ) ճշդած ռազմավարութիւնը աչքի առջեւ ունենալով, կատարուեցան մարտավարական ճշդումներ, յստակացուց օրակարգեր։
Աչքի առջեւ ունենալով այն հանգամանքը, որ Հայ դատի յանձնախումբերու աշխարհագրական սփռուածութիւնը տարաբնոյթ է (Մ. Նահանգներ, Գանատա, Աւստրալիա, Եւրոպա, Մ. Արեւելք, Ռուսիա եւ այլն), այս փաստը մեզի կու տայ գործելու մարտավարական ճկունութիւն, իւրաքանչիւր երկրի ընձեռած քաղաքական պայմաններու լոյսին տակ։ Այսպէս, թէեւ օրակարգերը կեանքի կոչելու մարտավարութիւնները կը տարբերին երկրէ երկիր, այդուհանդերձ, նոյն այդ օրակարգերը կը մնան անփոփոխ ու թիրախային։
Այդ օրակարգերուն ընդհանրական առանցքը, բնականաբար, Հայաստանն է ու հայութիւնը, մասնաւորապէս` Հայաստանի արտաքին շահերուն զօրակցութիւնը, Արցախի Հանրապետութեան միջազգային-իրաւական ճանաչման գործընթացն առաջ մղելը։ Արցախի կապակցութեամբ վերջին տարիներուն ընդգծուած աշխատանք տարուեցաւ յատկապէս Եւրոպայի ու Մ. Նահանգներու մէջ։ Եւրոպական զանազան երկիրներու քաղաքական դէմքերու, ընտրուած պաշտօնատարներու, լրագրողներու, ակադեմականներու եւ մտաւորականներու` դէպի Արցախ այցեր կազմակերպուեցան։ Մ. Նահանգներու մէջ նահանգային մակարդակի վրայ շարունակուեցաւ Արցախի ճանաչման գործընթացը։ Ճիշդ է, նահանգները երկրի արտաքին յարաբերութիւններուն մէջ որոշիչ դեր չունին. այդ բնագաւառը կը պատկանի դաշնակցային գործադիր եւ օրէնսդիր իշխանութիւններուն, բայց եւ այնպէս, նահանգային մակարդակի վրայ կատարուող աշխատանքներն ունին իրենց քարոզչական արժէքը` հանրային կարծիքը հայանպաստ ուղղութեան վրայ պահելու իմաստով։
Արցախի կապակցութեամբ այս ընդհանուր աշխատանքներն ունին ոչ միայն քարոզչական արժէք, այլեւ համաշխարհային քաղաքական թատերաբեմին վրայ Արցախի իրաւական ճանաչման անհրաժեշտութիւնը ընդգծող ազդակ են։
Աւելին` ատրպէյճանական եւ թրքական հակահայ քայլերուն եւ քարոզչութեան հարթութեան վրայ, վերոնշեալները կարեւոր նախաձեռնողական քայլեր են, որոնք թէ՛ կը խափանեն թուրք-ատրպէյճանական հակահայ վարքագիծը եւ թէ՛ մեր թշնամի ճակատը կը մղեն հակազդողի դիրքերուն` հայկական կողմին ապահովելով նախաձեռնութեան վարքագծին բերած առաւելութիւնները։
Խորհրդաժողովը ամրապնդեց մեր քաղաքական աշխատանքներու այս ուղղութիւնը եւ կատարեց մարտավարական ճշգրտումներ։
Գալով Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ կատարուած աշխատանքներուն` ոչ միայն ընդգծուեցաւ կարեւորութիւնը Մ. Նահանգներու Գոնկրէսի զոյգ պալատներուն կողմէ ճանաչման բանաձեւերուն, այլեւ պատրաստակամութիւն յայտնուեցաւ այդ ճիգերը փոխադրելու երկրի գործադիր իշխանութեան հարթութեան վրայ։
Բնականաբար, տրամաբանական պիտի ըլլայ ցեղասպանութեան թղթածրարը դիտելու հատուցմա՛ն հասկացութեան մէջ` իբրեւ վերջնական թիրախ։ Ի վերջոյ, ճանաչումին տրամաբանականօրէն կը յաջորդէ հատուցումը, առանց որուն, անիմաստ կը դառնայ ճանաչման ամբողջ ճիգը։
Հոս եւս աշխատանքները կ’ընդգրկեն ոչ միայն քարոզչական աշխարհը, այլեւ իրաւական, փաստաթղթային ու քաղաքական բաղադրամասերը, որոնց համադրումը նոր ընթացք ու թափ պիտի հաղորդէ մեր ժողովուրդի իրաւունքներու արդար հատուցման գործին։
Այս ծիրէն ներս կարեւոր են Սեւրի դաշնագրի եւ Ուիլսընեան իրաւարար վճիռի 100ամեակներուն առիթով ծրագրուած նախաձեռնութիւնները, որոնց ծիրը կ’անցնի քարոզչականը` ընդգծելով այս զոյգ իրադարձութիւններուն քաղաքական բովանդակութեան լրջութիւնը մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին համար։ Իսկ այս աշխատանքին առաւելագոյն արդիւնաւէտութեան համար անհրաժեշտ է պետական-պաշտօնական բաղադրիչը։ Այս նպատակին կը ծառայէր Հայ դատի յանձնախումբերու ամենաբարձր մակարդակով պատուիրակութեան եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան միջեւ կայացած հանդիպումը Երեւանի մէջ։ Կը մնանք յուսալից, որ պաշտօնական Երեւանը պիտի վերցնէ պատասխանատուութեան իր բաժինը այս զոյգ նախաձեռնութիւններուն ծիրէն ներս։
Թուրքիոյ հակահայ քաղաքականութիւնը, բնականաբար, մաս կը կազմէր այս խորհրդաժողովի օրակարգին։ Փաստ է այսօր, որ Թուրքիա եւ Ատրպէյճան թէ՛ համադրած են իրենց հակահայ պայքարը եւ թէ՛ սաստկացուցած են զայն, յատկապէս` արեւմտեան երկիրներու մէջ, առանց զանց առնելու երրորդ աշխարհը ու այդ ծիրէն ներս՝ նաեւ արաբական աշխարհը։
Այս իրողութիւնը նոր մարտահրաւէր մըն է Հայ դատի աշխարհատարած յանձնախումբերուն համար, որոնք կը գտնուին մարդկային, յարաբերական ու քարոզչական նոր «ռեսուրսներ» ստեղծելու պարտադրանքին դիմաց` յատկապէս աչքի առջեւ ունենալով այն իրականութիւնը, որ մեր թշնամիներն իրենց տրամադրութեան տակ ունին հսկայական միջոցներ` թէ՛ նիւթական եւ թէ՛ քաղաքական-յարաբերական։
Իսկ մեր ուժի աղբիւրը միշտ հանդիսացած է մեր ժողովուրդը, որուն նեցուկը միշտ ալ վայելած են Հայ դատի յանձնախումբերը։ Հետեւաբար ժողովրդային կապն ամրապնդելու գաղափարը աւելիով կեանքի, գործի վերածելը կը մնայ մեր յանձնախումբերու բնական օրակարգին մէջ։ Բոլոր առիթներով կատարուած հանրային լրատուութիւնները, հարցազրոյցներու եւ ընկերային ցանցերու ճամբով կատարուող բացատրական աշխատանքները կը միտին ամրապնդելու այս կապը` միաժամանակ երիտասարդ, մասնագէտ տարրեր ներգրաւելով մեր ընդհանուր քաղաքական աշխատանքներուն մէջ, յատկապէս` Մ. Նահանգներու եւ Եւրոպայի մէջ։
Խրախուսիչ էր երիտասարդ գործիչներու ներկայութիւնը այս խորհրդաժողովին։ Անոնք իրենց հրապարակային ելոյթներուն ընթացքին ցուցաբերեցին դաշնակցական հասուն քաղաքական գործիչէ մը ակնկալուող հիմնական յատկանիշները, յատկապէս` պետականամէտ մտածողութեան իմաստով։ Այնպէս որ, սերնդափոխութեան ուղղութեամբ տարուող ճիգերը սկսած են լուրջ ու խոստումնալից արդիւնքներ տալ։ Յառաջիկայ տարիներուն մենք ականատես պիտի դառնանք այս երեւոյթի աւելի ցայտուն դրսեւորումներուն եւ նորանոր դէմքեր պիտի տեսնենք մեր քաղաքական պայքարի խրամատներուն մէջ, քիչ մը` ամէն տեղ։
Եւ վերջապէս, Մ. Արեւելքի մէջ փոթորկող տագնապները չէին կրնար վրիպիլ Հայ դատի յանձնախումբերու այս խորհրդաժողովէն, մանաւանդ անոր համար, որ անցնող տարիներուն քաղաքական-յարաբերական աշխատանք կատարուած էր առհասարակ լուսարձակներէ հեռու, յատկապէս` արեւմտեան քաղաքական շրջանակներու հետ։ Ստեղծուած քաղաքական իրադրութիւններու աննախատեսելի եւ շատ զգայուն բնոյթը մեզ կը դնէ նոյն աշխատանքը յամառօրէն շարունակելու պարտադրանքին տակ, որպէսզի կարելի ըլլայ Մ. Արեւելքի հայութիւնը կարելի եղածին չափ հեռու պահել կորուստներէ ու ցնցումներէ։
Նոյնքան զգայուն խնդիր է Ջաւախքի մէջ բնակուող հայութեան պարագան, ուր Թիֆլիսի իշխանութիւններուն կողմէ Եւրոխորհուրդի ծիրէն ներս ստանձնած պարտաւորութիւնները յարգել տալու աշխատանքները եւս ունին նուրբ եւ զգայուն ծալքեր։ Հետեւաբար քարոզչութիւնը միշտ չէ որ կրնայ օգտակար ըլլալ Ջաւախքի հայութեան իրավիճակի բարելաւումին։ Սա չի նշանակեր, որ հոն գոյութիւն ունեցող խնդիրները պէտք չէ բարձրաձայնել։ Ընդհակառակը` հոն տիրող իրավիճակը անհրաժեշտ է բոլոր փաստարկումներով հրապարակայնացնել` իբրեւ ճնշամիջոց Վրաստանի եւ Եւրոխորհուրդին միջեւ ստորագրուած համաձայնագրերը կեանքի կոչելու տրամաբանութեամբ։
Քաղաքական աշխատանքներու այս ընդարձակ դաշտին մէջ գործելու ծանր բեռը ստանձնած են մեր Հայ դատի յանձնախումբերը։ Կը կրենք ծանր պատասխանատուութիւն մեր երկրին ու ժողովուրդին նկատմամբ։ Գործին ծանրութիւնը մեզ կը մղէ մեր ուժերը լարելու նոր, երիտասարդ մասնագէտներ ներգրաւելու հրամայականին։ Ո՛չ մեր յաջողութիւններով գինովնալու, ո՛չ ալ ընկրկումներով ետ քաշուելու տրամադրութիւնը ունինք։ Կայ քաղաքական գործ, եւ կայ կամք։ Միացէ՛ք մեր ճիգերուն։
Վաչէ Բրուտեան