Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը 24 ապրիլին լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Հայ ժողովուրդն ու արդարութեան եւ իրաւունքին զօրակցող իւրաքանչիւր անձ այսօր կ՛ոգեկոչէ Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը: Բազմաթիւ երկիրներ, որոնց շարքին` մարդկութեան դէմ այդ ոճիրին ականատես դարձած եւ իրենց կարգին օսմանեան անիրաւութիւնն ու ոճրագործութիւնը ճաշակած Լիբանանն ու Սուրիան, ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը:
«Սեպտեմբեր 27-ին Արցախի Հանրապետութեան խաղաղ բնակչութեան դէմ շղթայազերծուած թուրք-ազրպէյճանական յարձակումը, Սուրիոյ եւ Իրաքի դէմ թրքական յարձակումներուն կողքին, եկաւ անգամ մը եւս ցոյց տալու Թուրքիոյ յարձակողապաշտ երեսն ու փանթուրանիստական էութիւնը: Այդ անարդարանալի յարձակումով յստակացաւ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի կողմէ յայտարարուած «Մէկ ժողովուրդ, երկու պետութիւն» խօսքին իսկական իմաստը. Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ աւերումի եւ վանտալիզմի կ՛ենթարկուին հայկական պատմական եկեղեցիներու մշակութային կոթողներ, ճիշդ` ինչպէս 106 տարիներ առաջ անոնք աւերուեցան Արեւմտեան Հայաստանի մէջ:
«Պատմական հայկական Արցախի տարածքին դէմ յարձակումը տեղի ունեցաւ, մինչ մեծ տէրութիւնները լռութեամբ դիտեցին, ճիշդ` ինչպէս 106 տարիներ առաջ լռութեամբ դիտած էին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած ցեղասպանութիւնը:
«Այս առումով, Հայոց ցեղասպանութեան 106-ամեակը նաեւ առիթ մըն է յիշելու Հուսէյն պըն Ալին` Շարիֆ Մեքքան եւ մեր արաբ եղբայրները, որոնք մեր ժողովուրդի սեւ ու դժուար օրին փութացին հայ ժողովուրդի օգնութեան, ապա անիրաւուած հայ ժողովուրդի ճակատագրէն դաս առնելով` վեր բարձրացուցին արաբական յեղափոխութեան պանծալի ու յաղթական դրօշը:
«Արցախի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Լիպիոյ զարգացումները պէտք է արաբական աշխարհը մղեն զգուշանալու Թուրքիայէն եւ անոր իսկական դիմագիծէն ու նոր կայսերապաշտական քաղաքականութենէն, որոնց առանցքը կը կազմեն Միջին Արեւելքի եւ արեւելեան Միջերկրականի բնական եւ աշխարհաքաղաքական հարստութիւններուն զաւթումը` ի հեճուկս շրջանի բնիկ ժողովուրդներուն դարաւոր իրաւունքներուն: Պէտք է յիշել պատմութիւնը եւ չարտօնել անոր կրկնութիւնը:
«Մենք կը շարունակենք յանձնառու մնալ արդարութեան հաստատման ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու վերատիրացման, ինչպէս նաեւ` տարածաշրջանին մէջ Թուրքիոյ ժխտական դերակատարութեան եւ արաբական երկիրներու ներքին հարցերուն թրքական միջամտութեան մերժման, դատապարտման ու դիմակայման»:
aztagdaily.com