Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Բարի լոյս Հայ, հայրենիք, Հայաստան,
Բարի լոյս Արարատեան աշխարհ,
Բարի լոյս Աստուած Արարատ:
Երեք տարի առաջ այսօր, ես կատարեցի իմ կեանքի ամենամեծ քայլը. Ես «գլուխէս մեծ» քայլ առի, եւ այդ ալ ինչ քայլ՝ քայլ դէպի տուն:
Ինձ կանչող չեղաւ, ոչ հարազատ, ոչ ալ ծանօթ ունէի, որ ինծի ըսեր «արի տուն». այն ինչ ունէի մինչեւ այդ օրը, գրեթէ ոչինչ, բացի ծանոթներ, լաւ ընկերներ, եւ ընտանիք բոլորին կարծես «բարեւս տուի, անցայ, գնացի» կամ աւելի ճիշդ՝ եկայ... եւ անկեղծ ըսեմ, թէ ինձ յետ քաշող զգացում մը չեղաւ, չգտայ մէջս:
Երեք տարուայ մէջ բաւական մարդ դիմաւորեցի, ուրախ էին, բոլորս ուրախ էինք... նոյնքան մարդ ճանապարհեցի, շատեր ուրախ էին, որ տուն պիտի դառնան, շատեր տխուր էին, որ հայրենիքը պիտի լքեն, իսկ ես բարեբախտաբար միշտ ուրախ էի, որ գացողներուն մէջ չեմ:
Շատ բաներ, որ չունէի մինչեւ Հայաստան գալս, ունեցայ, գտայ այստեղ «օտարութեան մէջ», շատ բաներ ալ կորսնցուցի: Ես ճակատս բաց, քիչ մըն ալ գիթս բարձր եկայ Հայաստան. Հպարտ էի, որ ստիպուած չէի եկած, ուրախ էի, որ իմ ընտրութիւնն էր, լաւ-քէշ իմ ուզածս էր, որ տեղի պիտի ունենար. հիմա ալ ուրախ եմ, քիչ մըն ալ ճակատս աւելի բաց է, որ գիթս գետին չեկաւ, ոչ ալ ամպերուն հասաւ: Այստեղ գտայ այն ինչ դասական սփիւռքի բոլոր սերունդներու ծնողներն ու նախնիները կորսնցուցած էին տարբեր թուականներու՝ հայրենիք, հող, ազգ: Այն ինչ կար ծննդավայրիս մէջ, հող ու հայրենիք չէր. նոյնիսկ ազգը չէր, այլ ազգէն ֆիզիքապէս բաժնուած, ինչպէս Սարգիս Զէյթլեան կ'ըսէ «մայր ցամաքէն բաժնուած կտոր» մըն էր, որ օր մը, ուզենք թէ չուզենք, «սառոյցէ կտորի մը պէս արեւուն տակ պիտի հալի»: Չգտայ այստեղ, նոյն ընկեր Սարգիսի «մայր մեղուի շուրջ» ըլլալու եւ աշխատելու գաղափարը. անկեղծ ըսեմ, որ չզարմացայ, որովհետեւ պատմութեան ընթացքին, մեզմէ անբաժան մեր «ազգային» ամենէն վատ սովորութեան՝ ապերախտութեան իբր արդիւնք, մենք «մայրը լացուցինք» այն բոլոր մեղուներուն, որոնք օր մը «մայր մեղու» պիտի դառնային, եւ մենք իրենց շուրջը պիտի հաւաքուէինք փեթա՛կ դառնալու համար:
Այսպէս երեք տարի, շարունակեցի չզարմանալ շատ մը բաներէ, որուն վրայ հիմնուած էր մեր բոլորիս մանկական ու պատանեկան հայրենասիրութիւնը եւ Հայաստանի ընկալումը. եւ ի վերջոյ, կորնցուցի հետքը այն բոլոր կարծես երկնային ամպերու մէջ ձեւաւորուած հայկական ու ազգային երազներուս. վերացաւ մէջս ձեւաւորուած զգացական Հայաստանը, դառնալով առարկայական Հայաստանի. բայց այնպիսի «առարկա», որ ճիշտ է, որ ոչ առաջինն ես ոչ ալ վերջինը զայն ունեցող, բայց ան միշտ նոր է, միշտ թանկ է, եւ անընդհատ, որքան ալ տաս ու նուիրես իրեն, այդքան ու աւելի պիտի բարձրանայ քեզմէ, այդքան եւ աւելի պիտի պահանջէ քեզմէ: Սփիւռքահայու հատուկ հոգեւոր «հարստութիւն» մը կորսնցուցի այստեղ հաստատուելով՝ ձգտում, «յաւերժ» փնտրտուք... զգացում մը, որ անդադար կը յուշէ պատկանելիութեան մը մասին (եթէ ունիս զգացում), կը յուշէ, թէ հայրենիք մը ունիս, պէտք է քուկդ ըլլայ, պէտք է բաժնես զայն տե՛ղդ ունենաս այդտեղ: Այդ բարձրեալին ձգտելու կախարդական զգացումը (կը կրկնեմ՝ եթէ ունիս), հարստութի՛ւն է իւրաքանչիւր սփիւրքահայու համար եւ դա՝ ես կորսնցուցի եւ այդ կորուստը կը զգաս, որովհետեւ ապրելակերպէդ ու ներաշխարհէդ բան մը անպայման կը փոխուի Հայաստան հաստատուելով:
Ըրի այնպէս, որ երբեք «սփիւռքահայ»ի տեղ չդնեն ինծի, քոնէ իմ ներկայութեան, ուրիշ աչքով չնային. միշտ մտածեցի եւ տակաւին կը մտածեմ, որ ես ոչ մէկ բան ունիմ տեղացիներէն աւելի, ոչ ալ պակաս իր կարքին. Ոչ մէկ անգամ մտածեցի, եւ այսօր եւս չեմ մտածեր «Հայաստանցի» դառնալու մասին, չնայած վստահ եմ, որ «Հայաստանցի»ն որպէս որակաւորում, դժբախտաբար մի քանի տեսակ կ'օգտագործուի, որոնց մէկ մասը՝ կը ծառայէ որպէս ոչ լաւ պիտակաւորում: Ճիշտ է, շատ մը սովորութիւններ ու ապրելակերպի լաւ երեւոյթները գիտակցաբար եւ շատ անգամ անգիտակցաբար դարձուցած եմ կամ դարձած են նաեւ իմը, բայց վստահ եմ՝ որքան ալ իմ ներսի «Հայաստանցին» մեծնայ, աւելի ներսը, տեղ մը, մէկ փոքրիկ անկիւն մը, Սփիւռքահայու հպարտութիւնը երբեք պիտի չկորսնցնէ իր վեհութիւնն ու դերակատարութիւնը: Այո. Վեհութիւն է այս դարուս պահե՛լ Սփիւռքահայու կերպարը ու իր հպարտութիւնը հայրենիքի մէջ, երբ մարդիկ գլուխ կը գովեն, ու կը փորձեն իրենց «Հայաստանցիութիւն»ը, «հայրենասիրութիւն»ն ու «հայութիւն»ը ուրիշներուն վրայ ծախել օտար ափերու վրայ:
Ես աւելի մէկ բան ունիմ՝ այն ալ պատասխանատւութիւնն է, չյուսահատելու մարտահրաւէրին ընդառաջ երթալն է եւ զօրաւոր կամքի առկայութեան հարցով այլընտրանք չունենալը: Երեք տարի ըրի այնպէս, որ խուսափիմ մարդոցմէ, ովքեր փորձեցին ինծի ներկայացնել որպէս «հայրենադարձ երիտասարդի օրինակ». ես սորված էի կենդանի մարդիկը չդարձնել օրինակ, որովհետեւ մարդը միշտ սխալական է, եւ նոյն սկզբունքով, միշտ օրինակ վերցուցի պատմութեան էջերէն «մաքուր» անցած մարդոցմէ: Ինծմէ ի՞նչ օրինակ. հազարաւոր օրինակներ կան, իրե՛նք թող ծառայեն որպէս այդպիսին. ես տակաւին օդն ու հողը փոխած հոգնած ու չարմատաւորուած բոյսի մը նման եմ, շատ ջրես կը խեղդուիմ, չջրես «կը մեռնիմ»:
Երեք տարի, ատելութիւն ապրեցայ ու տակաւին կ'ապրիմ այն բոլորին հանդէպ, ովքեր իրենց չեմ գիտեր ինչպիսի «հայրենասիրութեան» իբր արդիւնք, տարիներով Հայաստանի վառքն ու փառքը ոտնակոխ ըրին, Հայաստանի պուտ մը ջուրին ծառաւ իսկական հայրենասէրներու առջեւ, իրենց ձախողութիւնն ու ձախավերութիւնը ուրիշին վիզերուն փաթաթելու փորձերով:
Ատելութիւն ապրեցայ այն բոլորին հանդէպ, ովքեր բեմերու վրայէն ու բարձրախօսերու կամ տեսախցիկներու դիմաց նստած Հայրենիք, Հայաստան ու «քէլէ լաօ էրթանք մըր էրկիր» քարոզեցին, բայց հայրենիք փոխադրել մտածողին «գործ չունիս» ըսին... ամէնայն դէպս հետս այդպէս բան չպատահեցաւ, թերեւս ճիշդ մարդոց դիմելու պատճառով: Երեք տարի, այդ նոյն մարդիկ, թեւ ու թիկունք կանգնեցան եւ այնպէս ըրին, որ գիթս երբեք չբարձրանայ եւ ամպերուն չհասնի ուրիշներուն նման տգէտ քարոզներ կարդալով:
Այս ալ ըսեմ, որ երեք տարուայ մէջ, ոչ մէկ փոփոխութիւն տեսայ Հայաստանի մէջ. Հայաստանը նոյն Հայաստանն է, որ կար եւ այսօր իսկ կայ, վաղուայ լինելութեան հարցը մեր ու գալիք սերունդի ձեռքերուն մէջն է: Ոչ հին Հայաստանը առանձնապէս բան փսփսաց ականջիս, որ եթերային ու վերացական այս «նոր Հայաստան»-ի մէջ կորսնցուցի, ոչ ալ «նոր հայաստանը» այնպէս ըրաւ կամ պիտի ընէ որ «հին» Հայաստանի հանդէպ ինչ որ բան փոխուի...: Ես այդ մէկ Հայաստանի համար եկած էի այստեղ, ու այնպէս կ'ապրիմ, որ այստեղ մէկ մնայ ան ու չբաժնուի վերացական ու իրական Հայաստաններու մէջ: Ատելութիւնս կը կիսեմ այսօր այն բոլորին հանդէպ, ովքեր իրենց հոգեկան ու գիտակցական անգործութեան պատճառով չկարողացան հաստատուիլ «հին» Հայասատնի մէջ, այսօր անոնք են, որ հազարաւոր քիլոմեթրեր հեռու, մխիթարանք կը փնտրեն նոր Հայաստանի մը հասկացողութիւնը ստեղծելով, մինչ դեռ այն ինչ պիտի գայ ուրիշներուն փնտրած «նոր» Հայաստանին մէջ, շատ աւելի վատը պիտի ըլլայ այն բոլորին համար, ովքեր բարձր ազգային մղումներով ու հայրենասիրութեամբ խեղդուող հասարակութեամբ Հայաստան կը սպասեն տեսնել:
Այս վերջին տողերը, քաղաքական նպատակներ երբեք չեն հետապնդեր, այլ այն է միայն, որ Հայաստանը մէկ Հայաստան է, իր որպէս պետութիւն կայացած ու չկայացած բոլոր միջոցներով ու լծակներով. «Հայաստանի համար մեռնող» բոլոր հայրենասէրները խաղաղ պայմաններուն միշտ պէտք է յիշեն, որ պետութիւնը այս օրերուն չի կայանար մեր մահով... Հայաստանը կշտացած է իր գոյութիւնը միայն հոգեկան մխիթարանք ընկալող «ֆէդայիներէն»: Հայաստանը այսօր՝ Հայաստանի համար ու Հայաստանի մէջ ապրողներ պէտք ունի, անկախ իր «հին» ու «նոր» կարգավիճակէն: Մահուան գնով բան մը ընելը՝ այդ նոյն բանին համար ապրելով է, որ կը սկսի...
Սեւակ Արոյեան
28 Յուլիս 2018
Կեդրոն, Երեւան