կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-01-22 11:24
Քաղաքական

Փաշինեան ապիկար քաղաքական գործիչ դուրս եկաւ․ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

Փաշինեան ապիկար քաղաքական գործիչ դուրս եկաւ․ Խաչիկ Տէր Ղուկասեան

– «Փաշինեան ապիկար քաղաքական գործիչ դուրս եկաւ ոչ միայն պատերազմի ընթացքին, այլ՝ անցնող երկուքուկէս տարուան իր պաշտօնավարութեան շրջանին»

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեանի հետ հարցազրոյցի ընթացքին, արժանթինահայ քաղաքագէտ եւ քաղաքական վերլուծաբան Խաչիկ Տէր Ղուկասեան կ՚արծարծէ Արցախեան պատերազմի դիւանագիտական ծալքերը եւ անցնող տասնամեակներու ընթացքին Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնններու հոլովոյթը։

– «Ացնող երկու տարիներու ընթացքին վարչապետը չկրցաւ պէտք եղած ձեւով ղեկավարել Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը, որպէսզի Հայաստանի արժէքը որպէս Ռուսաստանի ռազմավարական դաշնակից յստակ դառնայ»։

– «Հայաստանի պետականութեան համար Սփիւռքեան գործօնը ռազմավարական լուրջ ազդակ չնկատուեցաւ։ Սակայն առնուազն եկուստէք յարաբերութիւնները սահմանող հայեցակարգ մը պէտք է ըլլայ»։

Մանրամասնութիւնները՝ Տեսանիւթով՝