Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Արցախի ամբողջականութիւնը վերականգնելու տեսլականը ու ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը մեր անմիջական ուշադրութեան առարկան են» Յակոբ Տէր Խաչատուրեան
«Արեւելք»ի «Անկեղծ Զրոյց» ծրագրի շրջանակներուն մէջ Սագօ Արեան հարցազրոյց մը ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ՝ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին հետ։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեան, անդրադառնալով իր Արցախ կատարած վերջին այցելութեան, ըսաւ թէ այցելութիւնը կը հետապնդէր զանազան նպատակներ՝ քաղաքական իրավիճակին ծանօթանալ, հանդիպումներ ունենալ քաղաքական բոլոր շրջանակներուն հետ, հանդիպիլ Հ.Յ.Դ. կուսակցութեան շարքերուն հետ, եւ ամէնէն անհրաժեշտը՝ հանդիպիլ ժողովուրդի հետ, բացատրելու կուսակցութեան օժանդակութեան ծրագիրները: «Արցախի ժողովուրդը պէտք է իմանայ, որ իրենք մինակ չեն եւ թէ աշխարհատարած հայութիւնը ամէնօրեայ ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է Արցախը եւ այդ ուղղութեամբ պիտի շարունակէ պայքարը»: Ան շեշտեց թէ ճիշդ է, որ կը տիրէ ընկճումի զգացում, բայց Դաշնակցութեան յուսահատիլ արտօնուած չէ: «Արցախի ամբողջականութիւնը վերականգնելու տեսլականը ու ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու անհրաժեշտութիւնը մեր անմիջական ուշադրութեան առարկան են», ընդգծեց Տէր Խաչատուրեան:
Հայաստանի մէջ ներքաղաքական զարգացումներուն առընթեր հակադաշնակցական արշաւի մը տարածուելուն մասին Տէր Խաչատուրեան նշեց թէ «Հայաստանի մէջ սովորութեան վերածուած է հակադաշնակցութիւնը», եւ անոր կարծիքով կան այլազան պատճառներ, հաւանաբար առաջինը՝ Սովետական ազդեցութիւնն է, որ արմատացուցած է հակադաշնակցական մօտեցումները, կայ նաեւ Դաշնակցութեան ամուր փարած ըլլալը հայկական արեւելումին՝ ազգային դիմագիծին ու արժէքներուն: Խաչատուրեանի կարծիքով՝ պատճառներէն մէկն է լուրջ գաղափարական տարբերութիւնը ապազգային նկարագրով ներկայ իշխանութեան հետ:
«Դաշնակցութիւնը որպէս գաղափար, Հայաստանէն երբեք չէր հեռացած»,- նշեց Տէր Խաչատուրեան խօսելով 30 տարիներու ընթացքին Հ.Յ.Դ.-ի հայրենիք վերադառնալու մասին, եւ նկատել տուաւ, որ Հայաստանի մէջ կային գաղափարակիցներ, որոնք Դաշնակցական եղան եւ շաղկապումը արագօրէն տեղի ունեցաւ սփիւռքեան գործիչներուն հետ: Ըստ Տէր Խաչատուրեանին, Դաշնակցութիւնը ունեցած է մեծ ազդեցութիւն Հայաստանի յառաջընթացին վրայ եւ ան Արցախի գոյամարտին մէջ առաջնորդի դեր ստանձնած է:
Այսօրուայ նոր աշխարհին մէջ Դաշնակցութեան արեւելումի եւ հայկական արեւելումի կապակցութեամբ ան ըսաւ թէ Փաշինեան օգտուելով ժողովրդային ցասումէն եւ ժողովրդային ընդհանուր յուսալքումէն, կրցաւ տանիլ քաղաքական յաղթանակ, բայց թէ ուր պիտի առաջնորդեր երկիրը յստակ չէր: Սակայն Հ.Յ.Դ. պահեց իր համոզումները՝ հայկական արեւելումը, մեկնելով հայ ժողովուրդի ու պետականութեան շահերէն: «Հակական արեւելում չի նշանակէր այլամերժութիւն: Շատ լաւ կը հասկնանք Ռուսաստանի կարեւոր դերը այս տարածաշրջանի մէջ, եւ նաեւ այն իրողութիւնը, որ Հայաստանը առանց Ռուսաստանի հետ ռազմավարական դաշնակից ըլլալու իրողութեան, անվտանգութեան լուրջ խնդիր ունի», ընդգծեց ան ու շարունակեց թէ ամէն մէկ երկիր կ’առաջնորդուի միայն իր շահերով, «հետեւաբար պէտք է վերստին ուժեղացնել մեր բանակը, որ լաւագոյն գրաւականն է մեր անվտանգութեան»:
Պատերազմէն ետք նոր ձեւաւորուած Կովկասի մէջ, ուր Թուրքիան մեծ խաղացող դարձաւ, ան ըսաւ թէ այնպիսի շրջանի մը մէջ ենք, ուր պէտք է զգուշ ըլլալ, եւ մնալ պինդ ու ամբողջովին համոզուած որ պիտի պաշտպանենք մեր ազատութիւնն ու անկախութիւնը, նաեւ մեր սահմանները, որովհետեւ յուսալքութեան ալիքը, որ կը տեսնուի երբեմն այս իշխանութեան շատ մը օղակներուն մէջ, մեզ կը միտի մղել միակողմանի զիջումներու: «Թուրքիոյ հետ որեւէ ձեւով բնականոն իրավիճակ չի կրնար ստեղծուիլ եթէ Թուրքիան չ’առերեսուի իր պատմութեան հետ եւ չճանչնայ Ցեղասպանութեան իրողութիւնը եւ կատարէ հատուցումները: Իսկ Ատրպէյճանի պարագային պէտք է այդ երկիրը յստակօրէն նշէ, որ կը ձերբազատուի իր յարձակողապաշտ քաղաքականութենէն եւ Հայաստանի հանդէպ ունեցած ախորժակներէն»:
Իսկ ինչ կը վերաբերի արտահերթ ընտրութիւններուն մասին, Հ.Յ.Դ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Տէր Խաչատուրեան նշեց, որ այս իշխանութեան հեռանալու պահանջը պիտի շարունակուի ընտրարշաւի ժամանակ ալ, որովհետեւ անոր հեռացումը բարիք է Հայաստանին համար: Հայաստանը պէտք է ունենայ նոր սկիզբ, պէտք է ամրապնդէ ինքզինք եւ ժողովուրդին վերադառնայ յոյսը, «Հայաստանի այդ յոյսի վերադարձին մէջ նաեւ իր բաժինը պէտք է ունենայ սփիւռքը եւ Հ.Յ.Դ.ն որպէս այդ կամրջող կարեւորագոյն կազմակերպութիւններէն մին պիտի աշխատի այդ ուղղութեամբ, որ հայրենիքին նեցուկ կանգնին բոլոր հայերը անկախ թէ ուր կը գտնուին»:
Տէր Խաչատուրեան շեշտեց, թէ ժողովուրդին առջեւ պիտի դրուի յստակ ընտրութիւն «նիկոլական Հայաստան թէ առանց նիկոլի Հայաստան», ան յստակացուց թէ Փաշինեանի անձը չէ խնդրոյ առարկան, այլ անձին հետ եկող մտայնութիւնը՝, որ արմատախիլ պէտք է ըլլայ այս երկրէն եւ որ կը վերաբերի ապազգային մօտեցումներու եւ կեղծ բաժանարար գիծեր ստեղծելով ժողովուրդին միասնականութիւնը քանդելու:
Որպէսզի Հայաստանին վերադառնայ կայունութիւն եւ ամրապնդուի խաղաղութիւն, եւ յստակացուին որոշ կէտեր ի պաշտպանութիւն Արցախի «Մենք ընտրարշաւին մասնակցելու ենք, ունենալու ենք մեր յստակ ծրագիրը դաշինքի ճամբով, որպէսզի ներկայացնենք մեր տեսալականը ժողովուրդին», շեշտեց Տէր Խաչատուրեան:
Հարցազրոյցի ամբողջութիւնը՝ Տեսանիւթով։