կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-05 12:50
Սփյուռք

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

Բագրատունի Ընդունեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Անձնական Ներկայացուցիչը

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Իան Քուպիչ այցելեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, որուն հետ մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց Լիբանանի ներկայ իրավիճակին եւ շրջանի կացութեան հետ կապուած հարցեր:

Նախ եւ առաջ քննարկումի նիւթ դարձան նաւահանգիստի պայթումէն ետք հասած տեղական թէ միջազգային մարդասիրական օժանդակութեանց խնդիրը, եւ ոչ կառավարական կազմակերպութեանց աշխատելաձեւը: Նշուեցաւ, որ գնահատելով հանդերձ ընդհանրական ցաւին ի տես հաւաքական զօրակցութիւնը, սակայն նկատելի է ներդաշնակումի պակասը, թիրախաւորուած աշխատելաձեւը, ինչպէս նաեւ յաճախ ոչ արդար բաշխումը եւ ուժերու աւելորդ մսխումը:

Այս ծիրին մէջ, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչը հետաքրքրուեցաւ հայ համայնքի կրած վնասներուն եւ իբրեւ այդպիսին օժանդակութեանց ծրագիրներուն եւ աշխատանքներուն մասին:

Բագրատունի անհրաժեշտ մանրամասն տեղեկութիւնները ներկայացուց` շեշտելով, որ ցարդ պետութիւններէն հասած օժանդակութիւններէն գրեթէ ոչինչ հասած է հայկական կառոյցներուն:

Ապա քննարկուեցաւ Ֆրանսայի նախագահի Լիբանան այցելութիւնն ու նախաձեռնութիւնը, վարչապետի նշանակման, կառավարութեան կազմութեան, ինչպէս նաեւ բարենորոգումներու ծրագիրի ներկայացման առումով:

Քիւպիչ կարեւոր նկատեց ամէն ջանք թափել ներկայ փուլին արագօրէն դուրս գալու համար:

Ակնարկ կատարուեցաւ նաեւ շրջանային զարգացումներուն եւ յատկապէս թրքական նկրտումներուն, ընդհանրապէս Միջերկրականի երկիրներուն եւ յատկապէս Լիբանանի նկատմամբ:

aztagdaily.com