Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աղբյուրը՝ arfd.am
Ուղիղ 18 տարի առաջ, Դեկտեմբեր 21, 1998ին, մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեծ Հայ մը, որու անունն էր Հրայր Մարուխեան։ Հայրենիքն ու հայութիւնը կորսնցուցին անզուգական առաջնորդ մը։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կորսնցուց դիւթական հեղինակութիւն մը։
Երբ խօսէիր ընկ. Հրայրի հետ, չէիր կրնար խուսափիլ իր դիւթական հեղինակութենէն: Երբ գործէիր իրեն հետ, չէիր կրնար դիմադրել աշխատանք վարակող իր օրինակին: Երբ մտածէիր իրեն հետ, չէիր կրնար շրջանցել իր իմացական կարողութիւնը: Աւելին, ընկ. Հրայրին մտերմութիւնը ջերմ էր, անհատականութիւնը՝ գօտեպնդիչ, խօսքը՝ խրախուսիչ, գործը՝ անզուգական:
Ընկ. Հրայր մեզմէ առյաւէտ հեռացաւ այն պահուն, երբ մեր հայրենական կեանքի ալեկոծումները սկսած էին ստանալ ճգնաժամային հանգամանք, իսկ Սփիւռքի գաղութներու խարխափումները սկսած էին արմատաւորուիլ ամենուրէք։ Ան մեկնեցաւ ճիշդ այն պահուն երբ ազգը, հայրենիքը եւ գաղթօճախները կարիքը ունէին իր արի առաջնորդութեան եւ յանդուգն ղեկավարութեան։
Դիւրին չէ խօսիլ կամ գրել ընկ.Հրայրի մասին։ Ան կը մարմնաւորէր սերնդափոխութեան նոր հանգրուանը, որուն կենսական կարիքը ունէր մեր ժողովուրդը, երբ հայ ազատագրական պայքարի սերունդի էջը փակուեցաւ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան նուաճումով ու ապա անոր կորուստով։ Այդ իմաստով տարբեր էր ընկ. Հրայրի սերունդը։ Ու ճիշդ այդ իմաստով նաեւ տակաւին դժուար է խորաչափել ընկ. Հրայրի ազգային վաստակը։ Ատոր ժամանակը կու գայ, երբ կիրքերը հանդարտին եւ պատմութեան ծալքերը ամբողջովին բացուին։
Մինչ այդ, կարելի չէ խուսափիլ ճշմարտութենէն։ Քաղաքական անսահման հմտութեամբ, ղեկավարի անընկճելի կամքով, մտաւորականի բարձր յատկութեամբ եւ կազմակերպական անհատնում ընդունակութեամբ, ընկ. Հրայր հանդիսացաւ Հ. Յ . Դաշնակցութեան յեղափոխական առաջնորդը եւ բոլորանուէր մարտիկը: Ան կը պատկանէր դաշնակցական այն բացառիկ սերունդին, որ 1963ի ՀՅԴ 18րդ Ընդհանուր Ժողովին ընդմէջէն նախաձեռնեց մեր կուսակցութեան կազմակերպական արդիականացման, շարքերու վերաթարմացման եւ հայութեան իրաւունքներու գործնական հետապնդման: Դաշնակցութեան սփիւռքեան շրջանի աւագ սերունդէն ջահը փոխանցուած էր նոր սերունդին, որուն բարձրագոյն ջահակիրն էր ընկ. Հրայրը:
Ընկ. Հրայր լուսագծեց մեր արդի քաղաքական շրջանի պահանջատիրական պայքարի ճանապարհը: Մղում տուաւ Հայ Դատի ուժական հետապնդման գործին: Բիւրեղացուց մեր գաղափարական աշխարհահայեացքը եւ արդիականացուց կազմակերպական կառոյցն ու գործընթացը: Քաղաքականացուց ժողովրդային մտայնութիւնը եւ նախաձեռնեց մեր յեղափոխական աւանդներու վերազարթնումին: Շեշտադրեց Հայաստանն ու Սփիւռքը իրարմով ամբողջացնելու սկզբունքը: Պարզ՝ մղում տուաւ Սփիւռքի քաղաքականացման եւ յեղափոխականացման, որպէսզի Սփիւռքը վերադառնայ իր ազգային ճիշդ առաքելութեան։
Այդ բոլորի ամբողջական ամրագրումը կատարուեցաւ 1972ի ՀՅԴ 20րդ Ընդհանուր Ժողովին, ուր իր տիրական ներկայութեամբ ընկ. Հրայր իր հեղինակաւոր դրոշմը դրաւ մեր հետագայ կազմակերպական ու քաղաքական գործունէութեան ուղիներուն վրայ: Հոն էր որ բիւրեղացան կառուցային արդիականացման, ժողովուրդի քաղաքականացման ու գործելակերպի յեղափոխականացման մեր նորագոյն աւանդները, որոնք այսօր անքակտելի նախադրեալները կը կազմեն դաշնակցական գործին։
Երբ ծլարձակեցաւ Արցախեան ազատագրական պայքարը եւ քաղաքական նոր տեղաշարժեր յուսալի հորիզոններ պարզեցին հայութեան առջեւ, ընկ. Հրայր եղաւ հիմնական կերտիչը ՀՅԴ 24րդ Ընդհանուր ժողովի որդեգրած «Դէպի Երկիր» ուղղութեան: Այնուհետեւ, ան համակ նուիրումով գործուղեց մեր բոլոր միջոցները, կարելիութիւնները եւ կարողութիւնները դէպի հայրենիք, դէպի Արցախեան ազատամարտ: Բոլորէն առաջ, կրկին իր անձին օրինակով, ընկ. Հրայր հաստատուեցաւ հայրենիք՝ հունաւորելու եւ ընդլայնելու համար մեր ազգային պայքարը։
Ան Խոր զգացումներով եւ անխառն հպարտութեամբ դիմաւորեց Հայաստանի անկախութիւնը: Իր երազած անկախ հայրենիքը իրականացած էր: Իրեն համար ալ ժամանակը եկած էր վերադառնալու պապենական տուն՝ Երկիր, հոն շարունակելու սուրբ գործը՝ անկախութեան պահպանման, հայ պետութեան ամրապնդման, ժողովրդավար ու արդար կարգերու հաստատման, հայ կեանքի բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ հայրենական գրաւեալ հողերու ազատագրման:
Ափսոս, հայրենի ղեկավարութիւնը՝ իր ազգընտիր նախագահին առաջնորդութեամբ, թշնամանքով ու նենգութեամբ ընկալեց ընկ. Հրայրին ու Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան վերադարձը հայրենիք: Մեր ընկերը յայտարարուեցաւ անբաղձալի տարր՝ ապաշնորհ նախագահին կողմէ: Հաւատարիմ իր դաշնակցական երդումին եւ զոհաբերման գիտակցութեան, ընկ. Հրայր կամովին ենթարկուեցաւ նախագահական հրամանագրին, քանի որ հայրենիքի կայունութեան ու ազգի անդորրութեան պաշտպանումը կը պահանջէր ընթացք տալ օրուան հայրենի բռնակալի փոքրոգութեան։
Այս բոլորով հանդերձ, ընկ. Հրայրի ներկայութիւնը հայրենիքի մէջ կանգուն կը մնայ իր վեհ հասակով։ Զինք կաշկանդել փորձողները կը մնան ճղճիմ գաճաճներ, որոնք կը շարունակեն կեղեքել մեր ժողովուրդը, կը շարունակեն ոտնակոխել ժողովուրդի իրաւունքները, կը շարունակեն յղփանալ կաշառակերութեամբ։ Անոնք մինչեւ իսկ կը յանդգնին խօսիլ մեր ազատագրուած հողերու վերայանձնումի մասին։ Այս բոլորը կը ձախողին, պիտի ձախողին՝ ընկ. Հրայրը վկա՛յ, Դաշնակցութիւնը վկա՛յ։
Հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ մենք պիտի մնանք ականջալուր ընկ. Հրայրի կոչին։ Կոչ՝ «բոլորին, բոլորին, բոլորին վերադառնալ հայրենիք, երթալ հայրենիք, մեռնիլ յանուն հայ ժողովուրդին՝ ապրեցնելու համար հայ ժողովուրդը»։
Ընկ. Հրայրը «պանքօթթոմանեան» էր, «Ստամբոլը արեան ծովի»ի վերածող էր, ժողովրդավարութեան պաշտպանն էր,«միացեալ Հայաստան»ական էր, «ոչմէկթիզհողական» էր։ Եւ աւելի՚ն էր։
Ընկ. Հրայրի համար հայութիւնը յոյսի ժողովուրդ է, Հայաստանը՝ լոյսի հայրենիք: Գործեց այդ գիտակցութեամբ: Շրջապատը համակեց այդ գաղափարով, քանի որ «կը գան» մեր լաւագոյն օրերը:
Այսօր, Հրայր Մարուխեան վերջնականապէս վերադարձած է հայրենիք: Ան իր տեղը գրաւած է հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ: Ան յետ այսու կը պատկանի Հայաստանին ու հայութեան, որոնք այժմ իրաւատէրերն են իր անջնջելի կտակին:
Այսօր, Հրայր Մարուխեան վերջնականապէս կը ննջէ հայրենական տան մէջ, ուրկէ, ինչպէս իր կենդանութեան, ան կը յուշէ. Հայութեան լաւագոյն օրերը տակաւին պիտի գան, քանի մենք յոյսի ժողովուրդ ենք: Հայութեան յաջողութեան օրերը տակաւին կը կազմաւորուին, քանի մենք կամքի ժողովուրդ ենք: Հայաստանի բարգաւաճման, հզօրացման եւ ամբողջացման օրերը տակաւին կը կերտուին, քանի մենք պայքարի ու յարատեւ կռիւի ժողովուրդ ենք:
Այսօր, ընկ. Հրայր վերջնականապէս կը ննջէ հայրենական շիրիմին մէջ, ուրկէ, ինչպէս իր կենդանութեան, կը շարունակէ յորդորել բոլորին, բոլորին անխտիր՝ «ՊԻՆԴ ԿԱՑԷ՛Ք»:
ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ