կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2019-12-11 12:20
Սփյուռք

Զարմիկ Պօղիկեան․ «Ցանկալի է միասնական ճիգերով ամրապնդել մեր երկրի ներքին ու արտաքին անվտանգութիւնը, հասարակութեան համերաշխութիւնը»

Զարմիկ Պօղիկեան․ «Ցանկալի է միասնական ճիգերով ամրապնդել մեր երկրի ներքին ու արտաքին անվտանգութիւնը, հասարակութեան համերաշխութիւնը»

Հալէպի մէջ ՀՅԴ 129-ամեակի հանդիսութեան բանախօսութիւնը`արտասանուած «Գանձասար»ի խմբագիր Զարմիկ Պօղիկեանի կողմէ

129 տարուան եռուն կեանք ունեցած, պայքարի տարողունակ խրամատներէ անցած, իր նուիրեալներու արեամբ հայրենիք կերտած, խաղաղասէր, ստեղծագործ ու աշխատունակ իր ժողովուրդին իրաւունքներուն համար աշխարհով մէկ պայքարի դրօշ պարզած կուսակցութեան մը յոբելեանի յիշատակումը յարգանքի տուրք մատուցելէն շատ աւելին կը պատգամէ մեր բոլորին։

Այո՛, բոլորին, որովհետեւ դաշնակցական ըլլալ սոսկ կուսակցութեան մը շարքերուն պատկանիլ չի նշանակեր, Դաշնակցութիւնը ապրում է, հայրենիքի համար բաբախող սիրտ է, հայ մշակին, բանուորին, մտաւորականին, քաղաքական գործիչին, երիտասարդին եւ ուսանողին համահունչ պայքարին տրոփիւնն է, որ հայօրէն բաբախող իւրաքանչիւր սրտի զարկին հետ նոր աւիւն կը ստանայ։
129 տարի ապրիլն ու գործելը ինքնին կը խօսին նպատակասլաց գործունէութեան եւ մշտանորոգ կեանքի մը մասին, կեանք մը, որ մշտապէս կը սնանի մեր ժողովուրդին ազգային արժէքներու պահպանման եւ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի կերտման գաղափարով։
Դաշնակցութեան հիմնադիրները նախ եւ առաջ մտքի ռահվիրաներ էին, անոնք մեր ժողովուրդը ստրկամտութեան կապանքներէն ձերբազատելու համար հաղորդակից եղան ազատատենչ գաղափարներու, ապա այդ գաղափարներուն կեանք տուին ու ծնաւ գործը։ Անոնք Յեղափոխութեան դրօշին ներքեւ համախմբեցին ժողովուրդը ու անոր ազատագրական պայքարը առաջնորդեցին։

Հարթ չեղաւ Դաշնակցութեան ճամբան։ Ազատագրական պայքարի փուլերէն մինչեւ անկախ հայրենիքի կերտում ու պետականութեան ձեւաւորում, ներքին կազմակերպական կեանքի բիւրեղացումէն մինչեւ ապստամբութիւն բռնակալ վարչակարգերու դէմ, Սփիւռքի ձեւաւորումէն, հայ երիտասարդութեան քաղաքականացումէն ու յեղափոխականացումէն մինչեւ Հայ Դատին ու հայոց պահանջատիրութեան հետապնդում բազմակողմանի ճակատներու վրայ։

Հայաստանի խորհրդայնացումով Դաշնակցութիւնը իր հայրենիքէն դուրս գալով պետական մտածողութեամբ ու փորձառութեամբ գործեց սփիւռքի մէջ, հիմնելով ու զարգացնելով բոլոր այն կառոյցները, որոնք սփիւռքահայութիւնը պիտի դարձնէին կազմակերպ ուժ, շուրանակելով հայապահպանման իր առաքելութիւնը, Հայաստանէն դուրս փոքրիկ Հայաստան մը հիմնելով իւրաքանչիւր հայու սրտին, հոգիին ու գիտակցութեան մէջ ու մասունքի պէս փայփայելով հայոց պետականութեան խորհրդանիշները՝ եռազոյն դրօշը, քայլերգն ու զինանշանը։
Դաշնակցութեան ուժի հիմնական աղբիւրը իր շարքերուն հաւատքն էր հայ ժողովուրդի տեսիլքին իրականացման հանդէպ, ազգային մեր արժէքներուն հանդէպ։ Երկրորդ ուժի աղբիւրը իր գաղափարաբանութիւնն էր՝ ազատութեան, անկախութեան, ժողովրդավարութեան, ընկերվարութեան եւ յեղափոխութեան հիմնասիւներով։

Դաշնակցութիւնը հաւատքը գործով արտայայտեց ու ցնծութեամբ տօնեց շատ մը թերահաւատներու կողմէ անկարելի համարուող Հայաստանի վերանկախացումն ու Արցախի ազատագրումը։ Գէորգ Չաւուշներու, Սերոբ Աղբիւրներու, Արամ Մանուկեաններու հաւատարիմ ժառանգորդները այս անգամ պայքարի դաշտի վրայ պիտի յայտնուէին հայ ժողովուրդի զաւակներուն կողքին, որպէս Թաթուլ կրպէեաններ, Շահէն Մեղրեաններ եւ Պետօներ ու նոյն գաղափարներով ներշնչուած, Դաշնակցութեան դրօշին տակ պիտի կռուէին ու զոհուէին յանուն համազգային ճիգերով նուաճելի ազատութեան։

Դաշնակցութիւնը Վերընձիւղուելով Հայաստանի մէջ, պայքարեցաւ անկախ ու ինքնիշխան հայրենիքին զարգացման համար։
Դէպի երկիր կարգախօսով սփիւռքահայութեան ներուժը ուղղեց հայրենիք, հայրենի մեր երկիրը մեր բոլորին մասնակցութեամբ ծաղկած տեսնելու հեռանկարով։ Հայ Դատի իր գրասենեակներուն ճամբով եւ աւելի քան 30 երկիրներու մէջ գործող իր կառոյցներով Հայաստանի ու Արցախի շահերուն պաշտպանը հանդիսացաւ։
Հայրենիքի մէջ վերընձիւղուելով մերթ ընդ մերթ գործցակցեցաւ տարբեր իշխանութիւններու հետ, յաճախ ալ գործեց որպէս ընդդիմութիւն, միշտ սրբագրելու նպատակով մատնացոյց ընելով թերութիւնները ու լուծումներ առաջարկելով։ Իշխանութիւններու հետ գործակցութեան որպէս արդիւնք բարեփոխուեցաւ Հայաստանի սանմանադրութիւնը, ձեւաւորուեցաւ երկքաղաքացիութեան օրէնքը, անցում կատարուեցաւ դէպի երկրի կառավարման խորհրդարանական համակարգ, եւ հայ թրքական տխրահռչակ արձանագրութեան դէմ համահայկական բողոքի ալիք բարձրացաւ եւ այդ արձանագրութիւնները յետս կոչուեցան։

Այս տարողունակ աշխատանքներուն ընթացքին բնականաբար ունեցաւ բացթողումներ, զորս իր շարքերուն մէջ տիրող ազատ խօսքին եւ կառուցողական քննարկումներուն ճամբով սրբագրեց։
Այս բոլորը պսակումը չհանդիսացան տակաւին Դաշնակցութեան հեռահար նպատակներուն։
Այո՛, այս տարիներու ընթացքին մեր ժողովուրդը ունեցաւ յոյս ներշնչող ձեռքբերումներ՝
Ունեցանք երկու անկախ հանրապետութիւն
Հայաստանը նուաճեց իր պատկառելի դիրքը միջազագային ընտանիքին մէջ։

Հայաստանի Հանրապետութիւնը յառաջընթաց ապրեցաւ, ունենալով քաջարի բանակ, տնտեսական որոշակի յառաջընթաց ու տարբեր ոլորտներու մէջ արձանագրեց նկատառելի զարգացում։

Տասը միլիոնի հասնող սփիւռքը ազդեցիկ ներկայութիւն շարունակեց մնալ տարբեր երկիրներու մէջ եւ իր ներքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման կողքին հայեացքը ուղղեց դէպի հայրենիք։

Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման գծով համահայկական կեցուածք որդեգրուեցաւ։
Այս բոլորը դրական ներգործութիւն ունեցան ոչ միայն հայրենի այլեւ սփիւռքահայ զանգուածներուն վրայ։ Փաստօրէն սուրիական պատերազմի տարիներուն աւելի քան 20000 սուրիահայեր հաստատուեցան Հայաստան եւ Հայաստանի իսկ ղեկավար դէմքերուն վկայութեամբ դրականօրէն համարկուեցան հայաստանեան միջավայրին մէջ։

Այդ տարիներուն, Հայաստան Սուրիական պատերազմի ողջ տեւողութեան կառուցողական դիրքերէ հանդէս եկաւ ու օգնութեան ձեռք երկարեց Սուրիոյ եւ սուրիահայութեան։ Հայաստանի հիւպատոսութիւնն ու դեսպանութիւնը եղան միակ դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները, որոնք չփակեցին իրենց դռները, իսկ վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին յատկապէս ընդգծելի եղաւ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան մարդասիրական օժանդակութեան նախաձեռնութիւնը ու մեր երկիրը աշխարհին ներկայացաւ որպէս խաղաղութիւն արտահանող երկիր։

Մեր պետութիւնը անցած է բարդ ու դժուար ուղի, ու թէեւ յաղթահարած է շարք մը մարտահրաւէրներ, սակայն անհրաժեշտ է այս առիթով մատնանշել երեւելի ախտեր, որոնք յաղթահարելի կրնան ըլլալ միայն քաղաքական կամքի եւ միասնական աշխատանքի մշակոյթի գոյութեան պարագային։
2018-ի ժողովրդային շարժումով նոր էջ բացուեցաւ հայրենի մեր ժողովուրդին դիմաց։ Ժողովուրդը պահանջեց արդար հասարակարգի ձեւաւորում, տնտեսապէս հզօր ու ապահով երկրի մը նախադրեալներու հաստատում։

Դաշնակցութիւնը եւս, ընդառաջելով վարչապետի առաջարկին, պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու նոր ձեւաւորուած իշխանութեան հետ եւ նպաստելու երկրի անցնցում զարգացման գործընթացին։ Սակայն, ցաւ ի սիրտ, հասարակութիւնը դէպի բեւեռացում առաջնորդող դրսեւորումներ երեւան եկան, սեւի ու սպիտակի, յեղափոխականներու եւ հակայեղափոխականներու բաժնելով մեր հասարակութիւնը։

Իշխանութիւնները ազգային միասնական օրակարգ ձեւաւորելու փոխարէն, երկրի զարգացման նպաստող հայեցակարգային ծրագրի բացակայութեան, անցեալի սխալները տեղ-տեղ կրկնել սկսան։

Այս բոլորին կողքին պոլշեւիշմի ակունքներէն սնուած հակադաշնակցական պայքարը կրկին գլուխ ցցեց, ապականելով երկրի քաղաքական կեանքը։
Հաւատալով մեր երկրէն ներս առողջ երկխօսութեան մշակոյթին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը քանիցս յայտնեց իր տեսակէտները երկրի անցնցում զարգացման ու անվտանգութեան պահպանման առումներով։

Հայաստանի ԳՄ-ը յառաջացուց ոլորտային մասնագիտական յանձնախումբեր, որոնց միջոցաւ պարբերաբար հրապարակուեցաւ ու կը հրապարակուի կուսակցութեան կեցուածքը երկրի զարգացման եւ մարտահրաւէրներուն նկատմամբ։ Տնտեսութեան եւ ընկերային քաղաքականութեան մէջ կարեւոր համարելով ընկերային արդարութիւն հաստատող մօտեցում, որ միաժամանակ մրցակցային հաւասար պայմաններ կը ստեղծէ բոլորին համար. Եւ ըստայնմ երկրի բարիքները կը հասնին հասարակութեան բոլոր խաւերուն, իսկ նուազ կարելիութիւն ունեցողները կը պաշտպանուին պետութեան կողմէ։

Արցախի հարցին գծով ՀՅԴ-ն շեշտեց, որ հարցին կարգաւորումը հիմնուած պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդին՝ քանի մը անգամ արդէն արտայայտած փափաքին վրայ՝ ապրիլ Ատրպէյճանէն անկախ եւ ի վերջոյ միանալ Հայաստանի Հանրապետութեան։

ՀՀ-ը ունի կարեւոր դերակատարութիւն Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան եւ անոր ձայնը աշխարհին հասցնելու իմաստով։ Հարցի կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Արցախը պէտք է ունենայ լիիրաւ մասնակցութիւն. ՀՀ-ը բանակցութիւններուն մէջ չի կրնար փոխարինել Արցախի Հանրապետութիւնը. այս բոլորը անհրաժեշտ է ամրագրել երկու պետութիւններուն միջեւ ռազմավարական համագործակցութեան պայմանագրով։

ՀՀ ներկայ իշխանութեան վարքագիծը ընդհանուր առմամբ չ՚ընթանար այն սկզբունքներու ուղղութեամբ, որ ժողովուրդին մեծ մասը արտայայտած էր 2018-ի ժողովրդային շարժման ընթացքին։ Թէեւ դրական որոշ քայլեր առնուած են իշխանութիւններուն կողմէ՝ փտածութեան եւ մենաշնորհներու դէմ, շատ մը պարագաներու սակայն՝ անոնք կատարուած են ընտրովի. ուստի պէտք չէ ժողովուրդը անգամ մը եւս հիասթափութեան մատնել։
Ցանկալի է միասնական ճիգերով ամրապնդել մեր երկրի ներքին ու արտաքին անվտանգութիւնը, հասարակութեան համերաշխութիւնը, պատմութենէն դասեր քաղելով նայիլ ապագային, որպէսզի հայութեան համընդհանուր ճիգերու մէկտեղումով նոր թափ ստանայ մեր երկրին յառաջընթացը։
Դատապարտելի են մեր ժողովուրդին համերաշխութիւնը վտանգող բոլոր անպատասխանատու դրսեւորումները, հարցերը լուծելու մենիշխանական մօտեցումները։

ՀՅԴաշնակցութիւնը, առանց ներքաշուելու ներքին պարակտումներու կործանարար յորձանուտին մէջ, պիտի շարունակէ իր ուղին՝ ուժերու գերագոյն լարումով ծառայելու իր նպատակներուն՝
-Հայաստանի Հանրապետութեան բազմակողմանի զարգացման,
-Արցախի հարցին բարւոք լուծման,
-Ջաւախքի մեր ժողովուրդին իրաւունքներուն պաշտպանութեան
-Սփիւռքի հզօրացման
-Եւ Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստանի կերտումին։

Սիրելիներ,

Պատերազմէն տակաւ դուրս եկող Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ թրքական վերջին ներխուժումը գոյութեան նոր մարտահրաւէրներու դիմաց կը դնէ սուրիահայութիւնը։ Թուրքիոյ նորօսմանեան ախորժակները կրկին գլուխ կը ցցեն՝ սուրիահայութեան եւ ընդհանրապէս Սուրիոյ անվտանգութիւնը խախտելով։ Սուրիահայութիւնը այս բոլորին մէջ գտած է իր ապրելու եւ գոյատեւելու բանաձեւը, անհրաժեշտ է, սակայն, ըլլալ զգօն եւ համահայկական ճիգերով, Հայաստան -Սուրիա յարաբերութիւններու ամրապնդումով պահպանել սուրիահայութեան անվտանգութիւնը, նպաստել անոր վերականգնումին ու պատմական դերակատարութեան պահպանման, որպէս Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածը, պատմական Հայաստանի ժառանգութիւնը կրող ու ցեղասպանութեան վկան հանդիսացող հայութեան կարեւոր մէկ մասնիկը։ Յատկապէս նկատի ունենալով, որ Սուրիական Հայրենիքը երկրիս վսեմաշուք նախագահին ղեկավարութեամբ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ ու պարարտ հող կը ստեղծէ սուրիահայութեան վերականգնումին եւ երկրին աստիճանական ապաքինման համար։
Ուստի, ձեռք- ձեռքի տալով, լծուինք վերակառուցման ու համայնքի վերաշխուժացման յոյժ կարեւոր աշխատանքներուն, կանգուն պահելով մեր կառոյցները, զօրավիգ կանգնելով ու նկատառելի դեր վստահելով երիտասարդ տարրին։

Յարգանք բոլոր այն նահատակներուն, որոնք զոհուեցան Հայաստանի, Սուրիոյ եւ Արցախի հողերուն պաշտպանութեան ի խնդիր։

Կեցցէ մեր ժողովուրդը ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի։
Կեցցեն Հայաստանը, Արցախն ու Սուրիական Հայրենիքը։

kantsasar.com