Փոխարժեքներ
21 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հ.- Նախ ողջունում ենք Ձեր այցը իրանա-հայ հինաւուրց համայնք:Անմիջականօրէն Դուք մեզ մօտ էք այցելել Լիբանանից, որտեղ նոյնպէս մասնակցում էիք Անթիլիասում կայացած Ազգային Ընդհանուր ժողովին: Ո՞ր խնդիրներն ու օրակարգերը կուզէիք կարեւորութեամբ առանձնացնել, որոնք արծարծւել են տւեալ ժողովում:
Պ.-Շնորհակալութիւն: Ինծի համար ալ ուրախութիւն է գտնւիլ Իրանի մեր պատմական մեծ ու ճոխ անցեալ ունեցող համայնքին մէջ եւ ունենալ հնարաւորութիւնը միասնաբար քննարկելու իրանահայութեան կարիքները, մարտահրաւէրները եւ լուծումներու այլընտրանքները:
Այո, ես Թեհրան եմ ժամանած Լիբանանէն, ուր տեղի ունեցաւ Ազգային Ընդհանուր ժողովը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերու մասնակցութեամբ եւ Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ: Ժողովը քննեց Ազգային Կենտրոնական վարչութեան Քաղաքական եւ Կրօնական բաժիններու գործունէութեան տեղեկագրերն ու նիւթական հաշւեկշիռը եւ կատարեց ըստ էութեան քննարկում, որ եզրակացւեցաւ շըրջանաւարտ վարչութեան գործունէութեան գնահատանքով. ժողովը հաստատեց, որ Վեհափառն ու Ազգային վարչութիւնը կարողացած էին ծաւալել կրօնական, քաղաքական ու կազմակերպական բեղուն եւխիստ արդիւնաւէտ գործունէութիւն հակառակ համաճարակին, պատերազմին ու տընտեսական տագնապներուն առթած աղէտներուն. յատուկ կերպով շեշտւեցաւ կարեւորութիւնը տրամադրւած լայնածաւալ օժանդակութեան Միջին Արեւելեան տագնապահար համայնքներուն, նոր սերունդներու քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութեան համար տարւած գործին եւ Հայկական Հարցերը միջազգային կրօնական ատեաններէն բարձրացնելու հանգամանքին:
Ժողովը ապագայ գործունէութեան ճըշտումի առնչութեամբ կենտրոնացաւ հինգ թեմաներու վրայ՝ «Հայ ընտանիքը՝ առանցքը հայու գոյութեան», «Հայակերտում՝ երաշխիքը հայու ինքնութեան», «Երիտասարդութիւնը՝ աւիշը Հայ կեանքին», «Սփիւռքը՝ մասնակից Հայաստանի ու Արցախի հզօրացման եւ Սփիւռքի վերակազմակերպման հրամայականը»: Եւ ժողովը որդեգրեց համապարփակ բանաձեւ, որ արդէն շուտով դուք եւս կը ներկայացնէք ձեր ընթերցողներուն:
Հ.- ՀՅԴ կառոյցները եւ մասնաւորապէս ՀՅԴ Բիւրօն մշտապէս կարեւորել են հարեւան ու բարեկամ Իրանի եւ ՀՀ-ի միջեւ յարաբերութիւնների ամրապնդումը: Ինչպիսի՞ն կը բնութագրէիք ներկայիս յարաբերութիւնները, հաշւի առնելով տարածաշըրջանում ընթացող ոչ այնքան բարենպաստ նկրտումները, որոնք ինչպէս ՀՀ-ի, նոյնպէս էլ Իրանի ազգային-պետական շահերի խաթարմանն են միտւած:
Պ.- ՀՀ յարաբերութիւններու խնդիրը Իրանի հետ էական նշանակութիւն ունի մեզի համար. ՀՅԴ-ն խիստ դրական կը գնահատէ Իրանի կարեւոր դերը տարածաշրջանին մէջ, ուր գործընթացները մեծ մասամբ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Իրանի համար ի նպաստ չեն ընթանար: Մեր Հայրենիքն ու Իրանը ունին շատ հասարակաց շահեր եւ միեւնոյն թշնամիները. միշտ չէ, որ ՀՀ այս իշխանութիւնները հարկ եղած ուշադրութիւնը տածած են այդ յարաբերութեան նկատմամբ: Անհրաժեշտ է այդ յարաբերութիւնները ամրապնդել ու զարգացնել: Մենք Իրանին յայտնած ենք մեր երախտագիտութիւնը Հայաստանի սահմաններու անձեռնմխելիութեան ի նպաստ եւ այսպէս կոչւած «Զանգեզուրի միջանցք»-ի դէմ ունեցած սկզբունքային եւ պինդ դիրքորոշումներուն համար: Կը գնահատենք նաեւ այն բարեացակամ կեցւածքը, որ ԻԻՀ-ն ունի Իրանի հայ համայնքին նկատմամբ: Կը հաւատանք, որ ՀՀ պարտի լրջօրէն դրական արձագանգ տալ ԻԻՀ-ի հայանըպաստ նախաձեռնութիւններուն եւ որդեգըրէ հնարաւորինս բազմաշերտ միասնական ծրագիրներ, որոնք կը նպաստեն երկու պետութիւններուն ալ: ՀՀ իշխանութիւնները առհասարակ զգուշաւոր դիրք են ցուցաբերած Իրանի նկատմամբ անհիմն մտավախութիւններով ու պատրւակներով: Այդ կացութենէն դուրս պէտք է գայ պաշտօնական Երեւանը: Այսօրւան հիմնահարցերէն է Հայաստանի անվտանգութիւնը, որմով իսկապէս շահագրգռւած է նաեւ Իրանը:
Հ.- Պրն. Տէր-Խաչատրեան, վերջերս նկատելիօրէն աշխուժութիւն է տիրում ՀՅԴ աշխարհասփիւռ կառոյցներում՝ միջազգային ատեաններում մշտարծած պահելու Արցախեան ոտնակոխւած իրաւունքների վերականգնումը: Ինչո՞վ է պայմանաւորւած այդ աշխուժութիւնը՝ մասնաւորապէս ՀՅԴ Հայ Դատի յանձնախմբերի կողմից:
Պ.-2020-ի պարտութիւնը, որքան ալ ահաւոր, մեզի համար լոկ ճակատամարտի մը կորուստ է. պատերազմը կը շարունակւի բոլոր ճակատներու վրայ եւ մենք տեւաբար կը պայքարինք ամէն մակարդակներով: Ադրբեջանը կը յոխորտայ թէ Արցախի հարցը լուծւած է իրեն համար. մեզի ու աշխարհի համար այդ յոխորտանքը շատ հեռու է իրականութենէն: ՀՅԴ մարմիններն ու Հայ Դատի յանձնախումբերը սաստկացուցած են արշաւը ամենուրեք ի պաշտպանութիւն Արցախի ժողովուրդին եւ իրաւունքներուն:
Մեզի համար բացառւած է Արցախի բըռնակցումը Ադրբեջանին: Որքան ալ ներկայ կացութիւնը նպաստաւոր չըլլայ Արցախի հարցի անմիջական հանգուցալուծման համար, մենք գործելու ենք առաջին պլան բերել Արցախի հիմնահարցը եւ աշխարհին բացատրել, թէ Ադրբեջանը ամէն միջոց կը գործադրէ հայութենէ դատարկելու Արցախը, ի հարկին նոյնիսկ նոր ցեղասպանութիւն կազմակերպելով: Վկայ՝ այս մի քանի օրերու Լաչինի միջանցքի փակումը եւ գազի մատակարարման դադարեցումը, որոնq Ադրբեջանի կողմէ պետականօրէն կազմակերպւած քայլեր են վախի մթնոլորտ ստեղծելու եւ Արցախը հայաթափելու համար: Մեծապէս կը գնահատենք մեր աշխարհատարած մարմիններուն եւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքը, որ հարկ եղած արձագանգը միշտ տւած է աշխարհով մէկ: Պատրաստ ենք ամէն ինչ ընելու, որպէսզի Արցախի հայութիւնը ամուր կառչած մնայ իր բնօրրանին եւ համահայկական ճիգերով վերականգնի Արցախի Հանրապետութեանը՝ իր տարածքային ամբողջականութեամբ եւ զարգացման հնարաւորութիւններով:
Հ.- 44-օրեայ աղէտալի պատերազմից յետոյ համազգային մասշտաբով մեծ բարդութիւնների առջեւ է կանգնել բովանդակ հայութիւնը: Այդ բարդ կացութիւններն ու համապատասխան մարտահրաւէրները դիմագըրաւելու մօտակայ եւ հեռակայ ի՞նչ ծրագիր-անելիքներ է ուրւագծել ՀՅԴ-ն, ներազգային ինչպէսեւ՝ արտաքին ճակատների ուղղութեամբ:
Պ.-Ներազգային առումով անհրաժեշտ է գոյացնել ազգային նկարագիր ունեցող հայրենի, սփիւռքեան եւ համահայկական ողջ ոյժերու համախմբում ի պաշտպանութիւն հայրենիքի եւ ի ընդդիմութիւն շարունակւող պարտւողական եւ յանձնւողական դիրքորոշումներուն: Պէտք է շարունակել պայքարը հայութեան շահերը պաշտանելու անկարող ՀՀ իշխանութիւններու հեռացման համար, որպէսզի նոր մօտեցումներով եւ աւիշով կարողանանք դիմադրել թշնամիներու գրոհին եւ վերականգնել մեր արտաքին բարեկամներու հետ իսկական գործակցութիւնը փոխադարձ շահերու հիման վրայ: Պարտինք պայքարիլ հայրենի պետականութեան հիմերը եւ սփիւռքեան կազմակերպ կառոյցները քայքայող ՀՀ իշխանութեան բոլոր քայլերուն դէմ. իշխանութիւն մը, որ յարատեւ միակողմանի զիջումներու գացող է թշնամիներու առաջ, իսկ միաժամանակ անզիջող քանդիչ եւ բաժանարար սեւ գործին է լծւած ներազգային ճակատի մէջ։ Արտաքին ճակատի վրայ անհրաժեշտ է վերականգնել մեր դաշնակիցներու ու բարեկամ պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու որակն ու մակարդակը եւ հաստատել փոխադարձ վստահութիւն: Անհըրաժեշտ է ամէն գնով Արցախի հիմնահարցը պահել միջազգային ուշադրութեան առարկայ եւ շարունակաբար շեշտաւորել անոր ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքը: Անհրաժեշտ է նաեւ աշխարհին առջեւ քօղազերծել Ադրբեջանի ցեղասպան մտադըրութիւնները Արցախը հայաթափելու եւ բռնի ուժով պարտադրելու իր կամքը: Հայաստան-Ադրբեջան սահմանազատումի եւ սահմանագծման բանակցութիւններու ըթթացքին հարկ է իրաւականօրէն ապահովել, որ որեւէ եզրակացութիւն չհակասէ Արցախի ինքնորոշման բացարձակ իրաւունքին: Առաւել՝ պարտինք ազգովին գիտակցիլ, որ Հայաստան-Թուրքիա բանակցութիւններու ներկայ ընթացքը անընդունելի պարտադըրանքներու տակ կը դնէ Հայաստանը, որովհետեւ Թուրքիա Հայաստանի հետ կը խօսի նախապայմաններու լեզւով:
Հ.- Ինչպէս նախորդ դարասկզբում, այսօր եւս թուրքական պետութիւնն ու ծառայակից արբանեակները այսպէս ասած հայ-թուրքական հաշտեցման հիմնական խոչընդոտ են համարում ՀՅԴ-ն: Ու ցաւօք՝ ներքին ճակատում եւս գոյութիւն ունեն նոյնկերպ մտածող շրջանակներ եւ ուժեր: Այս իրավիճակը յաղթահարելու ի՞նչ կարելիութիւններ էք ի գործ դնելու առաջիկայում:
Պ.-Այո, ցաւօք, ոչ միայն Թուրքիան ու իր արբանեակները, այլ նաեւ հայրենի ժողովուրդի մասնիկներ, ՀՅԴ-ն խոչընդոտ կը նկատեն այս հարցով, այն թիւր հասկացողութեամբ, որ ան դէմ է Թուրքիոյ հետ որեւէ յարաբերութիւններու: Անոնք զոհ գացած են տարբեր իշխանութիւններու շարունակական քարոզչութեան, որ կը ջատագովէ այդ հաշտեցման գործընթացքը նոյնիսկ ի գին մեծ զոհողութիւններու: Մեզի համար ներկայ հայ-թուրքական որեւէ բանակցութիւն հաշտեցման չի կըրնար առաջնորդել: Կարելի է պատկերացնել յարաբերութիւններու բնականոնացում, սահմաններու բացում եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ առանց որեւէ նախապայմանի ու զիջումի: Իսկ հայ-թուրք հաշտեցում կարելի է ակնկալել միայն, երբ Թուրքիա ճանչնայ հայոց դէմ իր գործած ցեղասպանութիւնը եւ կատարէ հատուցումներ: Մեր ժողովուրդին պիտի շարունակենք բացատրել, որ Թուրքիան ինքն է միակողմանիօրէն փակած ՀՀ-ի հետ իր սահմանը ու ինքն ալ կրնայ վերաբանալ զայն առանց որեւէ գին պահանջելու Հայաստանէն: Ինչպէս 2008-2009 թւականներուն, այսօր ալ մենք խնդիր ենք դրած, որ նախապատրաստւինք այդպիսի հնարաւորութեան համար: Անցեալին հայեցակարգ էինք մշակած ու տրամադրած կառավարութեան, նշելով այն օրէնսդրական նախաձեռնութիւններն ու այլ քայլերը, որոնց պէտք է ձեռնարկէ Հայաստանը չէզոքացնելու համար հասարակա-տնտեսական եւ քաղաքական հաւանական ժխտական հետեւանքները, երբ սահմանները բացւին: Յամենայնդէպս, ոչ մէկ բնականոնացում արտօնելի է, եթէ զոհ պիտի տրւին ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրութեան մեր իրաւունքները: