կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-01-21 14:59
Հասարակություն

Հրանդ Տինք Թուրքիոյ հասարակութեան Մարթին Լուտեր Քինկն է

Հրանդ Տինք Թուրքիոյ հասարակութեան Մարթին Լուտեր Քինկն է

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Հրանդ Տինք Թուրքիոյ հասարակութեան Մարթին Լուտեր Քինկն է:

ԹԱՆԵՐ ԱՔՉԱՄ
(թուրք ցեղասպանագէտ)

Պոլսահայ հրապարակագիր, խիզախ հասարակական գործիչ եւ յանդուգն մտածող Հրանդ Տինքի նահատակութեան 13-րդ տարելիցը, ձեւով մը, կը պարփակէ տարբեր յուզականութիւն, որովհետեւ տուեալ քստմնելի ոճիրին, այսպէս ըսած, դատական գործընթացը իր լրումին հասաւ, երբ Պոլսոյ Ծանր յանցագործութեան 14-րդ դատարանը 13 յունիս 2019-ին հրապարակեց սպանութեան վերաբերող վճիռը:

Փաստօրէն, երկարատեւ ձգձգումներու, դիտաւորեալ խեղաթիւրումներու եւ ապօրինի ճնշումներու «հանդէս»-ներէ ետք, Օկիւն Սամսաթ (ոճրագործ) եւ Եասին Հայալ (մեղսակից) կը դատապարտուին քանի մը տարուան, իսկ Թունջելի` ոճիրի մտայղացողը, 99,5 տարուան  բանտարկութեան:

Ու այսպէս, Հրանդ Տինքի պաշտպան փաստաբաններու նուիրական, քաջարի եւ հետեւողական աշխատանքը կ՛արդիւնաւորուի` թրքութեան որջին մէջ, եւ եզակի մարդասէր ու ազնուահոգի հայու յետմահու դատը կը յաղթանակէ:

Միւս կողմէ, սակայն, բուն ոճրագործը կ՛արդարացուի եւ զերծ կը մնայ ամէն տեսակի մեղադրանքէ եւ հաշուետուութենէ:

Այլ խօսքով, յաչս աշխարհին ներկայացուած թուրք զազրութեան այլազան դիմակները` Էրկենեքոն, Գորշ գայլեր թէ խորունկ պետութիւն (թաքուն կառոյցներ), իրենց ամբողջական իմաստներով այլապէս կ՛արդարացուին եւ կ՛ազատին ուղղակի դատապարտանքէ:

Անդին, միջազգային ընտանիքը, որ տարբեր առիթներու ականատես է եղած մնան կառոյցներու բարբարոս աշխատելաոճին եւ գործած սպանութիւններուն, առանց չքմեղանքի եւ պէս-պէս պատճառներու առկայութեան` լո՜ւռ կը հետեւի արձակուած դատավճիռին եւ բարեմիտի ու խաղաղասէրի յորդորներ քարոզելով կը բաւարարուի, ինչպէս միշտ:

Արդ, պէ՞տք է յիշեցնել յաճախ, որ վերոնշեալ թաքուն կառոյցները իրար զօդողը հայատեացութիւնը, այլամերժութիւնն ու ցեղապաշտութիւնն է, որոնցմով կը յաւակնին յոխորտալ ընդմիշտ, եւ կ՛ընդունին զանոնք որպէս թուրք պետական մտածողութեան «առողջ տարրեր», աւելի՛ն. թրքութիւնը պաշտպանելու դաւանանք:

Տեղին է ըսել, որ նման մտածումներ սեւով ճերմակին վրայ արձանագրելով պարզապէս կ՛ուզենք շեշտադրել երկու ճշմարտութիւն. առաջին` հայազգի զաւակ Հրանդ Տինքի մեծութիւնն ու անոր պատգամին անժամանցելութիւնը, եւ երկրորդ` թուրք պետական համակարգի հայակործան քաղաքականութիւն որդեգրելու ցարդ բացայայտ տրամադրութիւնը:

Ճիշդ է, որ 19 յունուար 2007-ին, «Ակօս» թերթի խմբագրատան առջեւ իր փայլուն եւ հայաբոյր աչքերը առյաւէտ կը փակէր բոլորին սիրելի Հրանդ Տինքը, սակայն, տուեալ թուականէն կը սկսէր անոր հզօր ուժին` հեղինակութեան, կորովին ու կոչումին նորովի ազդեցութիւնը:

Փաստօրէն, վճռակամութեամբ տոգորուած Հրանդ Տինք իր համարձակութիւնն ու յախուռն կեցուածքը ցոյց տալով` զգաստութեան եւ արթնամտութեան հրաւէր կը կարդար Թուրքիոյ տարածքին ապրող  մտաւորականներու, ակադեմականներու, լրագրողներու, նաեւ` հասարակ ժողովուրդին: Ան կոչ կ՛ուղղէր` առերեսուելու իրենց պատմութեան հետ եւ փոփոխութեան ենթարկելու «սրսկուած» կեղծ ու ստապատիր պատումներն ու խօսքերը:

Պոլսոյ «Ակօս» թերթի խմբագրապետը քաջ կը հաւատար իր առաքելութեան, եւ այստեղ է անոր անփոխարինելի արէժքը, ուժը,  որ խօսքն ու գրիչը գործի վերածեց եւ նետուեցաւ պատերազմի դաշտ, թուրքի օրրանին մէջ, ինքնութեան եւ մշակութային բազմազանութեան մասին դասախօսութիւններ տալով, հայոց դարաւոր իրաւունքն ու պահանջքը ընդգծող սեմինարներ կազմակերպելով, եւ հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը նորահաս սերունդին փոխանցելով:

Բնականաբար, նման համարձակ կեցուածք հաշտ աչքով չդիտուեցաւ թուրք ազգայնամոլներու, ապա նաեւ` հայ նեղմիտ ու մորթապաշտ զանգուածին կողմէ: Հրանդ Տինք իր ողջուց հալածուեցաւ, թէ՛  կրաւորական հայերու, եւ թէ՛ ցեղապաշտ թուրքերու կողմէ: Անոնց նպատակը մէկ էր. իր սաղմին մէջ խեղդել Հրանդ Տինքի ըմբոստ ոգին ու միտքը, եւ լռեցնել արդարութիւն պահանջող անոր ձայնը:

Այո՛, հայազգի ազնուական խմբագիրը առանց դոյզն երկմտանքի կրցաւ շրջանցել այն բոլոր արգելքները` հալածանք, սպառնալիք, թունաւոր մթնոլորտի ստեղծում եւ այլն, եւ վերջապէս, ինկաւ դաւադրաբար` ամբողջ մարդկութեան պիշ նայուածքներուն դիմաց:

Իրօք, ոճիրի ահաւորութիւնը ցնցեց երկիրը եւ հսկայ զանգուած մը հոգեշարժ ապրեցաւ եւ հրապարակ իջաւ պահանջելու ոճիրի բացայայտումն ու արդարութեան հաստատումը: Թաղման օրը բազմահազար այլազգի սգաւորներու ներկայութիւնը բաւարար ապացոյց էր, որ Հրանդ Տինքի ցանած ճշմարտութեան սերմերը արդէն արմատ նետած ու ծլարձակած էին: Հսկայ զանգուած մը արթնցած էր իր թմբիրէն եւ հասկցած Հրանդի խօսքերուն ճշմարտացիութիւնը:

Հրանդ Տինք իր նահատակութեամբ նուաճած էր հասարակութեան սիրտն ու հոգին: Անոր երկխօսութեան, եղբայրասիրութեան եւ արդարութիւն պահանջող խօսքերուն արձագանգը գլեցին անցան աշխարհագրական սահմանները եւ բոյն դրին մարդասէր զանգուածներու սրտին մէջ:

Հայազգի խմբագիրին մեծութիւնը կը կայանայ նաեւ անոր մէջ, որ ան լիարժէք ու անմնացորդ կը հաւատար իր մտքերուն, ըմբռնումներուն եւ երազին: Ան կ՛ուզէր փրկել հայն ու թուրքը,  սակայն ի զուր, որովհետեւ իր մարդկային ու ազնուաբարոյ կեցուածքին էութիւնը չէր կրնար, չէր ուզեր հասկնալ վայրագ թրքութիւնը, չհասկցան նաեւ` հայ խեղճացած կարգ մը շրջանակներ, որոնք կը հալածէին զինք:

Արդար է ընդգծել, որ Հրանդ Տինքի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկները անպակաս են ամբողջ աշխարհի տարածքին: Այդուհանդերձ, էականը կը մնայ այն, որ հայութիւնն ու այլազգի գիտակից հասարակութիւնը, պարտաւոր է ընդմիշտ խոնարհիլ ու յարգել յիշատակը մեծ մարդասէրի մը, որ կրցաւ փշրել ստրուկի շղթան,  ոտքի կանգնած, համարձակօրէն բացայայտեց իր ինքնութիւնը եւ պահանջեց իր ազգին իրաւունքը` Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումն ու հաստատագրումը:

Այո՛, ան քաջաբար պաշտպանեց իր ազգին ու նահատակներուն իրաւունքը եւ թուրքի երեսին բացագանչեց. «Եթէ իմ հայ ըլլալ ըսելը, թուրքին համար կը համարուի վիրաւորանք` թրքականութեան, ուրեմն, իմ հայ ըլլալ չըսելն ալ, ըստ էութեան, անհրաժեշտ է ընդունիլ իբրեւ վիրաւորանք` հայկականութեան: Ես հպարտ եմ իմ ինքնութեամբս»:

Կրկնելու գնով, մենք ալ, մեր կարգին, աշխարհի երեսին բացագանչենք, թէ Հրանդ Տինքի «ծակ» կօշիկները, ամօթի խարան են` ուղղուած վաշխառու մարդկութեան երեսին: