կարևոր
0 դիտում, 4 տարի առաջ - 2020-09-10 15:21
Սփյուռք

Համահայկական տեսլականի տագնապը. հայ համայնքներու hամաշխարհային ապակեդրոնացեալ կառոյց

Համահայկական տեսլականի տագնապը. հայ համայնքներու hամաշխարհային ապակեդրոնացեալ կառոյց

Նախորդ յօդուածիս մէջ ըսած էի, որ մեր ձգտումը կրաւորական հայութիւն ունենալ չէ, այլ ներգործական հայութիւն, ուր հայ անհատին ներուժը՝ մտային, հոգեւոր թէ ֆիզիկական, պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ դրսեւորուելու յօգուտ ընդհանրականին, հաւաքականին։ Եւ դրսեւորուելու համար նախ եւ առաջ պէտք է հայութիւնը դուրս բերել ամբոխային իրավիճակէն ու զայն դարձնել կազմակերպուած զանգուած։ Այս գրութեամբ պիտի փորձեմ ուրուագծել համահայկական կազմակերպուածութեան որոշ հնարաւոր մօտեցումներ։

Պատմականօրէն հայութիւնը միշտ ալ ձեւը գտած է իր կազմակերպուածութիւնը պահելու արտաքին յարափոփոխ գործօններու պայմաններուն տակ։ Ուրարտուի անկումէն ետք ան պահած է իր ներքին ինքնավարութիւնը հայրենի հողին վրայ, Աքամենեան, Պարթեւական թէ Սասանեան կայսրութիւններու, ապա` նաեւ Յունա-հռոմէական ու Արաբական կայսրութիւններու շրջածիրէն ներս։ Ան նոյնիսկ իր ինքնավարութիւնը իր հետ տարած է Կիլիկիա, եղած է Բիւզանդական կայսրութիւնը ցնցող պաւղիկեան շարժումներու՝ կեդրոնաձիգ կայսրութեան դէմ ըմբոստութեան ակունքներուն մօտ։ Հայոց պատմութեան բազմահազարամեայ էջերը մեծաթիւ վկայութիւններ ունին հայութեան ինքնավարական ձգտումներուն մասին, որոնք, որպէս կանոն, կը բխին ազատութեան տենչէն. մեր ծննդոցն իսկ կապուած է բռնակալութեան դէմ Հայկի ըմբոստութեան հետ։ Վարդանանց պատերազմը ոչ թէ անկախութեան պատերազմ էր, այլ ինքնավարութեան, որ յետոյ հաստատուեցաւ Նուարսակի դաշնագրով։ Հայը միշտ ալ ըմբոստ եղած է կեդրոններուն դէմ, նոյնիսկ եթէ ի՛ր կեդրոնը ըլլար, ինչպէս էր պարագան Արշակաւանի փորձին։ Տեղական ինքնավարութիւնը կենսական, կարելի է նոյնիսկ ըսել՝ ենթագիտակցական պահանջ է հայուն համար։

Արդի հայ իրականութեան ամենայաջող կազմակերպչական փորձը՝ 1860ին որդեգրուած Ազգային սահմանադրութիւնը (որուն ոգիով գրուած են Սփիւռքի «պաշտօնական», այսինքն՝ տեղական պետական իշխանութիւններէն ճանչցուած կառոյցներուն մեծ մասը), իր յաջողութիւնը կը պարտի իր շեշտուած ապակեդրոնացման։

Համահայկական կազմակերպուածութեան որեւէ լուրջ փորձ չի կրնար նկատի չառնել այս հանգամանքը, եթէ իսկապէս կ’ուզէ յաջողիլ։ Առանց ապակեդրոնացման` համահայկական որեւէ նախաձեռնութիւն դատապարտուած է ձախողութեան։

Միւս հանգամանքը, որ պէտք է անպայման նկատի առնել, այն է, որ հայութեան կազմակերպուածութիւնը միշտ ալ եղած է փոքր ծաւալներով` տուն, գիւղ, գաւառակ… լեռնային ժողովուրդներուն յատուկ աշխարհայեացքով, որոնց համար լեռան միւս կողմը արդէն իսկ ուրիշ աշխարհ է։ Հայութեան միասնութիւնը պատմականօրէն չէ եղած կեդրոնի մը շուրջ համախմբումի ձեւով, այլ միշտ եղած է միասնական մշակութային դաշտի մը վրայ գոյակցող բազմաթիւ մեծ ու փոքր կեդրոններու ձեւով։ Ի վերջոյ, հայուն ազգային ինքնագիտակցութիւնը, ինքզինք հայ համարելու գիտակցութիւնը, անկախ իր բնակավայրէն, չէ ծնած երկու դար առաջ, ինչպէս Արեւմուտքի մէջ, երբ Ֆրանսական յեղափոխութիւնը տապալեց Ֆրանսայի թագաւորը, եւ մի քանի տարի ետք ան փոխարինուեցաւ ֆրանսացիներու կայսրով, այլ երկու հազարամեակ առաջ, երբ Ուրարտուի՝ Բիայնայի (իմա՝ Վանի) արքայի փոխարէն Արտաշիսեանները կոչուեցան հայոց արքաներ, եւ հայն է, որ իր անունը տուաւ երկրին, ոչ թէ հակառակը։ Հայութեան կեդրոնախոյս ձգտումները պատմականօրէն առկայ են նոյնիսկ մեր կառոյցներէն ամենակեդրոնաձիգին՝ եկեղեցական համակարգին մէջ։
Այս երկու հանգամանքներու համատեղումէն կը բխի այն եզրակացութիւնը, որ հայութեան աշխարհասփիւռ զանգուածը կազմակերպելու, համահայկական տարողութեամբ կազմակերպ ազգ ունենալու համար լաւագոյն տարբերակը պիտի ըլլայ հայ համայնքներու համաշխարհային ապակեդրոնացեալ կառոյցի մը ձեւաւորումը։

Համայնքը իբրեւ կազմակերպական մեկնակէտ

Մարդկային զանգուածները դասաւորելու-դասդասելու, ինչպէս դիւանակալները կը սիրեն ըսել, զանազան ձեւեր կան։ Ընդհանրապէս մարդկութիւնը կազմակերպուած է ընտանիքին շուրջ փոքր՝ ծնողք եւ զաւակներ, միջին՝ ծնողք, զաւակներ, թոռներ, կամ ընդլայնեալ, ուր կը ներառուին յարակից ճիւղեր եւս, ինչպէս, օրինակ, ծնողներէն մէկուն բազմաթիւ կողակիցները, որոնք կ’ապրին նոյն երդիքին տակ կամ նոյն քարայրին մէջ։ Ընտանիքներու համախմբումը կ’ըլլայ գերդաստանը, որուն անդամները արենակցական կարճ կապերով խմբուած են։

Գերդաստանէն վեր մարդկային կազմակերպութիւնը կրնայ շարունակել ըլլալ արենակցական, ինչ որ կը յանգի անապատային շրջաններու կամ արեւադարձային անտառներու մէջ շատ տարածուած ցեղախմբային դրութիւններուն կամ կ’ըլլայ բնակավայրային, երբ կազմակերպուելիք զանգուածը համեմատաբար նստակեաց է։ Հայութեան պարագային արենակցական կազմակերպուածութեան շրջանը շատոնց անցած է. նոյնիսկ անոր մէկ նորացեալ փորձը՝ յետեղեռնեան հայրենակցական միութիւններու ծաղկումը, հազիւ երկու սերունդ դիմացաւ։ Մենք տեղայնական ենք, եւ մեր կազմակերպուածութեան ընտանիքէն վեր աստիճանները պիտի ըլլան բնակավայրային բնոյթի։

«Համակարգուած» դրոյթներու սիրահարները բնակավայրերը կ’աստիճանակարգեն՝ թաղ, գիւղ, աւան, քաղաք եւ այլն, երբեմն նոյնիսկ ծայրայեղութեան երթալով կը փորձեն այդ անուններուն դիմաց դնել որոշ իմաստներ, թուային սահմանումներ, տնտեսական ուղղուածութիւն, օրինակ` գիւղը պէտք է ըլլայ գիւղատնտեսական ուղղուածութեան. եթէ յանկարծ ան ճարտարարուեստի կեդրոն ըլլայ, աշխարհ իրար կ’անցնի։ «Համայնք» յղացքը աւելի ճկուն է եւ չունի վերոնշեալ սահմանափակումները մարդոց մտքերուն մէջ։
Բնակավայրային դասական աստիճանակարգումները կրնան (այն ալ խիստ թէականօրէն) պիտանի ըլլալ հայրենի տարածքներուն վրայ, հազուադէպ՝ Սփիւռքի մէջ, որովհետեւ հայութեան մեծամասնութիւնը այսօր իր բնակավայրը կը բաժնեկցի այլ ազգերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Նորվեկիոյ հայութիւնը կը հաշուէ շուրջ 2000 հոգի, առաւելաբար կեդրոնացած մայրաքաղաք Օսլոյի մէջ, որ ունի աւելի քան կէս միլիոն բնակիչ։ Այսինքն՝ Օսլոյի իւրաքանչիւր 250-300 բնակիչէն միայն մէկը հայ է։ Այդ հայերը քաղաքաբնակներ են, բայց Օսլոյի հայ համայնքը միջին մեծութեամբ գիւղի մը չափ է։ Սխալ պիտի ըլլար Օսլոյի հայ համայնքը համարել գիւղ, սակայն իր թուաքանակը աւան իսկ չի կրնար համարուիլ բնակավայրերու դասական սահմանումներով։

«Համայնք» յղացքի առաձգականութիւնն ու ճկունութիւնը մեզի պիտի թոյլատրեն հասարակ յայտարարի բերել հայութեան կազմակերպութիւնը իր ամենաէական՝ ամենաստորին մակարդակին վրայ։ Աւելին` «համայնք» յղացքը արդէն իսկ կիրառական է ամէնուրեք, ներառեալ Հայաստանը։ «Համայնք»ը այնքան ճկուն յղացք է, որ կրնայ նաեւ տրոհուիլ ու միաւորուիլ առանց շփոթանքի։
Կրնանք խօսիլ Գանատայի համայնքին մասին, կրնանք նաեւ խօսիլ Մոնթրէալի համայնքին մասին, որ Գանատայի համայնքին մէկ մասն է, կամ Հիւսիսային Ամերիկայի հայ համայնքին մասին, որուն մաս կը կազմեն Գանատայի եւ Մոնթրէալի համայնքները, եւ ամէն մարդ անսխալ կը հասկնայ, թէ ինչի մասին է խօսքը։ Նոյնպէս ոչ ոք իրար պիտի խառնէ Երեւանի համայնքը, Սարի թաղի համայնքը, որ Երեւանի համայնքին մէկ մասն է, եւ Ապարանի համայնքը, անկախ անոնց չափերէն, ծաւալէն կամ բնակչութեան հիմնական զբաղումէն։

Որպէսզի համայնքը ծառայէ որպէս մեր ուրուագծելիք կառոյցին կազմակերպական հիմնաքար, այսինքն՝ ըլլայ հիմնական համայնք, ան պէտք է լրացնէ մի քանի պայմաններ.

– Ան պէտք է ունենայ որոշակի սահմաններ, որպէսզի բացառուի նոյն տարածքին վրայ երկու համայնքի առկայութիւնը։ Տարտամութիւնը մեծագոյն թշնամին է կազմակերպուածութեան։

– Ան պէտք չէ ներառէ այլ համայնքներ, այլապէս հիմնական համայնք չի կրնար համարուիլ։ Գանատայի հայ համայնքը հիմնական համայնք չէ, որովհետեւ ան կը ներառէ Մոնթրէալի, Լաւալի, Թորոնթոյի եւ այլ համայնքներ։

– Ան պէտք է ունենայ անդամներու նուազագոյն քանակ մը։ Նուազագոյն այդ թիւը պարզապէս գաղտնի քուէարկութիւն կայացնելու համար անհրաժեշտ նուազագոյն թիւն է, այսինքն՝ այն սահմանը, որմէ վար հնարաւոր չէ գաղտնի քուէարկութիւն ունենալ, ապահովել քուէարկութեան գաղտնիութիւնը։ Օրինակ` փորձով գիտեմ, որ երբ քուէարկութեան մը մասնակիցներու թիւը երեք տասնեակէն պակաս է, դժուար չէ կռահել, թէ ով ինչպէս քուէարկած է, եւ քուէի գաղտնիութիւնը կը դառնայ շատ թէական։ Հինգ-վեց ընտանիքներէ բաղկացած համայնք մը, ինչքան ալ հեռու ըլլայ այլ համայնքներէ, եւ բացառուի այդ ընտանիքներու անդամակցութիւնը գործօն այլ համայնքի մը, չի կրնար կազմակերպական առումով լիարժէք հիմնական համայնք համարուիլ։

– Անհատ հայ մը չի կրնար միաժամանակ երկու հիմնական համայնքներու մաս կազմել։ Օրինակ` Նորվեկիոյ եւ Շուէտի սահմանին բնակող հայ մը չի կրնար թէ՛ Նորվեկիոյ, թէ՛ Շուէտի համայնքներուն անդամ ըլլալ, այլ պիտի անդամակցի կա՛մ մէկուն, կա՛մ միւսին։

– Համայնք մը պէտք է ունենայ իր ղեկավար կառոյցը` բաղկացած համայնքային ժողովէն եւ իրմէ ընտրուած ու իրեն համարատու վարչութենէն։ Համայնքին անունով հանդէս գալու, ինչպէս նաեւ համայնքը տարբեր ատեաններու առջեւ ներկայացնելու իրաւունքները կը պատկանին բացառապէս անոր ժողովին եւ անկէ ընտրուած վարչութեան։ Ոեւէ անձ պէտք չէ կարենայ ներկայանալ, օրինակ, Սփիւռքի կամ հայրենիքի այս կամ այն համաժողովին եւ ըսել, թէ ինք կը ներկայացնէ Չինաստանի Շանկհայ քաղաքի հայ համայնքը, եթէ չունի Շանկհայի հայ համայնքի ժողովին կամ առնուազն վարչութեան կողմէ տրուած լիազօրագիր մը։

– Համայնքի ղեկավարութեան առաջնահերթ եւ տարրական պարտականութիւնն է… համայնքը ղեկավարել, այսինքն՝ զայն ի մի բերել, անոր հաւաքական կամքը դրսեւորելու ատեաններ ձեւաւորել, ժողովներ հրավիրել եւ այդ ժողովներէն բխած յանձնարարականները կատարել։ Ղեկավարութիւնը պէտք է առնուազն կարենայ համայնքի մարդահամարը կատարել, անոր անդամներուն հետ կապի մէջ ըլլալ եւ իր պարբերական հաշուետուութիւնը կատարէ համայնքին, որպէսզի կարենայ համայնքի ժողով հրավիրել եւ յաւակնիլ ղեկավար յորջորջումին։

Այս տարրական կանոններուն վրայ կրնանք երկար ծաւալիլ, ինչպէս նաեւ փորձել ուրուագծել անոնց կազմման, տրոհման կամ միաւորման ձեւերը, բայց առայժմ բաւականանանք այսքանով։

Համայնքներու հիմքին վրայ բարձրացող ապակեդրոնացեալ շէնք մը

Հայ համայնքներու համաշխարհային ապակեդրոնացեալ կառոյց մը աւելի նման պիտի ըլլայ պետական կառոյցի մը, քան միութենական կազմակերպութեան, որովհետեւ անոր անդամակցութիւնը կամաւոր սկզբունքով չէ, այլ ակամայ կ’ըլլայ. մէկուն անհատական որոշումը չէ, որ ինք հայ է եւ ոչ թէ ուրիշ ազգի, ինչպէս որ քաղաքացի մը կամայ թէ ակամայ տուեալ երկրի քաղաքացին է։ Մարդ կրնայ կազմակերպութեան մը անդամ գրանցուիլ, յաջորդ տարին միտքը փոխել եւ ամենայն հանգստութեամբ երթալ կողքի շէնքը եւ այլ կազմակերպութեան մը անդամակցիլ, սակայն ազգային պատկանելութիւնը աւելի հիմնական է, եւ դժուար, գրեթէ անկարելի է զայն փոխելը։ Հետեւաբար մեր կառոյցը պէտք է որոշ չափով պետականանման ըլլայ։

Մէկուկէս դար առաջ, երբ Ազգային սահմանադրութիւնը ներկայացուեցաւ Օսմանեան պետութեան ատեաններուն` առ ի հաստատում, վերջիններս անոր յօդուածները մէկ երրորդով կրճատեցին` առարկելով, թէ «պետութեան մէջ պետութիւն չըլլար»։ Մեր համայնքային կառոյցները միշտ ալ ձգտած են ըլլալու պետականանման։

Իսկ ինչպէ՞ս կ’ըլլայ ապակեդրոն պետական կառոյցը։

Աշխարհի պետականութիւններուն մէջ հազուագիւտ են իսկապէս ապակեդրոն կառոյցները, որովհետեւ պատմականօրէն, իրենց կազմաւորման բերմամբ իշխանութիւնները իրենց օրինականութիւնը ընդհանրապէս ստացած են սուրի ուժով, եւ այդ օրինականութիւնը կը կիրառուի վերէն վար հոսքով։ Բրիտանական գահի ամբողջ օրինականութիւնը կը բխի 1066ի նորմաններու ներխուժումէն, երբ Ուիլիամ Նուաճողը ամբողջ Անգլիան համարեց իր անձնական ստացուածքը եւ սկսաւ աւատատիրական սկզբունքներով տարածքներ յատկացնել իր մերձաւորներուն՝ ի կառավարում։ Աշխարհի տարածքին բացառիկ են իսկապէս ապակեդրոն երկիրները, անոնք, որոնց պետականութեան հիմերը հաստատուած են ինքնավար համայնքներու համախոհական միաւորմամբ եւ պետական որոշ պարտականութիւններու բարձրացմամբ այդ համախոհութենէն բխած նոր ատեաններուն, ինչպէս, օրինակ, Զուիցերիոյ պարագան է։

Զարմանալի չէ, անշուշտ, որ հայ իրականութեան ամենաշեշտուած ապակեդրոն կառոյցի՝ Դաշնակցութեան հիմնադիրները Զուիցերիան ունէին որպէս մտապատկեր ապագայ հայկական պետականութեան եւ ընդհանրապէս մեր կազմակերպեալ կեանքին համար։ Անոնցմէ ամենաթունդ ապակեդրոնականը Յոնանն էր (Յովնան Դաւթեան), որ ուսանած էր Զուիցերիա եւ մօտէն ծանօթ էր անոր դրուածքին ու Ռոստոմի հետ միասին կազմած էր Դաշնակցութեան առաջին կանոնագիրը։ Ստորեւ ներկայացուող հատուածը Ռուբէնի յուշերէն է.
«….1909-ին, երբ Ժընեւի մէջ ծանօթացայ Յովնան Դաւթեանին, ան եւ իր հայացած կինը՝ Հորտանս, կը տառապէին թոքախտէ։ Յիշեցի Նիկոլի պատուէրը եւ հարցուցի Յովնանին մեր նպատակներու եւ կանոնագրի մասին:

— Ի՞նչ ասեմ քեզ: Մէկ խօսքով ասեմ, որ առանց ֆեդեռասիոնի ոչ մեր երկիրը եւ ոչ մեր ժողովուրդը կը փրկուին: Ես բան չեմ արել, միայն տեսածս եմ ըմբռնել։ Մեր կանոնագիրը պատկերն է ֆետեռասիոնի իրականացման: Եթէ աւելի ուզում ես հասկանալ, եկած ես Զուիցերիա, շուրջդ նայէ, եւ դու կը համոզուես: Խաժակը եկաւ եւ համոզուեցաւ»։

Անշուշտ, պետական թէ պետականանման որեւէ ատեան պէտք է ունենայ իր պարտականութիւններն ու լիազօրութիւնները, այսինքն` իշխանութիւնը, առանց որոնց` ինք անիմաստ կը դառնայ։ Շատ էական է որոշելը, թէ ինչ պիտի ընէ այդ ատեանը. բնութիւնը ձրիակերութիւն չի հանդուրժեր։ Անիմաստ ատեան մը կը տեւէ մինչեւ մասնակիցներու առաջին յօրանջը։ Եթէ հիմնական համայնքը, որ պիտի կազմէ համահայկական կառոյցին հիմնաքարը, չունենայ պարտականութիւններ եւ լիազօրութիւններ, չունենայ իշխանութիւն, ան անիմաստ պիտի ըլլայ եւ շատ շուտով պիտի երթայ միանալու բարի նպատակներով ճամբայ ելած անգործնական ծրագիրներու գերեզմանոցին մէջ հանգչողներուն։

Իսկ ի՞նչ կրնան ըլլալ այդ պարտականութիւններն ու լիազօրութիւնները։ Անոնք պարզապէս կը բաղկանան տուեալ ժամանակաշրջանի ու հասարակութեան ըմբռնումներէն բխած կէտերէ։ Պետական կառոյցներու պարտականութիւնները, իրաւասութիւններն ու լիազօրութիւնները յարափոփոխ են եւ կը ցոլացնեն իրենց հասարակութիւններու ակնկալիքները իրենց պետականութիւններէն։ Օրինակ` մինչեւ 19րդ դար ոչ ոք իր պետականութենէն կ’ակնկալէր զբաղիլ երեխաներու կրթութեամբ, մինչդեռ այսօր չկայ պետութիւն մը, որ թէկուզ երեւութապէս հանրակրթութեամբ չզբաղի։

Հոս է, որ երեւան կու գայ ապակեդրոն կառոյցներու ամբողջ շքեղութիւնը։ Լիազօրութիւններու, պարտականութիւններու եւ իրաւասութիւններու թուարկումը շատ աւելի յստակ է ապակեդրոն կառոյցներու պարագային, եւ անոնք հակադարձ համեմատական են կառոյցի մակարդակի բարձրութեանը։ Որքան բարձրանանք ապակեդրոն կառոյցներուն մէջ, այնքան աւելի կը նուազին տուեալ մակարդակին վերապահուած լիազօրութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւասութիւնները, եւ այնքան աւելի կը բիւրեղանան անոնց ծիրն ու շառաւիղը։ Ամենալայն, ամենաանորոշ լիազօրութիւնները կը պատկանին ստորագոյն մակարդակին։ Վերին մակարդակներու պարտականութիւններու եւ լիազօրութիւններու ցանկերուն վրայ երբէք չէք հանդիպիր «եւ այլն» կամ «եւ մասամբ նորին» արտահայտութիւններուն. անորոշ, չբանաձեւուած իրաւասութիւնները գործ չունին այնտեղ, այլ վերապահուած են ամենաստորին մակարդակին, անոր, որ ամենամօտիկն է հաշուառուին՝ անհատին։ Մինչդեռ կեդրոնաձիգ կառոյցներու լիազօրութիւնները, պարտականութիւններն ու իրաւասութիւնները կը յստակեցուին մակարդակներու շղթան ի վար. ստորագոյն մակարդակին կը գտնենք այդ իշխանութեան ընելիքներն ու չընելիքները յստակօրէն թուարկող ցանկեր, իսկ «եւ այլն» կամ «եւ մասամբ նորին» արտահայտութիւններով սահմանուած իրաւասութիւնները, լիազօրութիւնները բարձրագոյն մակարդակին են վերապահուած։

Ապակեդրոն կառոյցները շէնքեր են, որոնք կը բարձրանան վարէն վեր` իւրաքանչիւր յաւելեալ մակարդակին ունենալով աւելի բիւրեղացած, աւելի յստակացած, աւելի սահմանափակ ընելիքներ, մինչ կեդրոնաձիգ կառոյցները կը կազմուին վերէն վար, որոշ լիազօրութիւններու եւ պարտականութիւններու «շնորհումով» դէպի ստորին մակարդակներ։ Ապակեդրոն կառոյցները երբէք բաց լիազօրութիւններ չեն նախատեսեր վերին մակարդակներուն, այլ միշտ կը յստակեցնեն անոնց պարտականութիւններն ու իրաւասութիւններու սահմանները։ Ոչ մէկ ատեն վերին մակարդակի լիազօրութիւնները անսահման են. «բաց քարտի» (carte blanche, blank check) ըմբռնում գոյութիւն չունի ապակեդրոն կառոյցներուն մէջ։

Ապակեդրոն կառոյցներու այս յատկութիւնը կը դիւրացնէ վերին մակարդակի գործադիրներէն հաշուետուութիւն ստանալու աշխատանքը, որովհետեւ երբ մէկու մը ընելիքը յստակ է, շատ աւելի դիւրին է դատել անոր աշխատանքին արդիւնքը։

Հետեւաբար մեր հիմնական համայնքներու ատեանները՝ ժողով եւ վարչութիւն, օժտուած պիտի ըլլան բոլոր լիազօրութիւններով, որոնք կրնան ունենալ այդ համայնքները իրենց տարածքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ իրենց ուսերուն պիտի կրեն բոլոր պարտականութիւնները, որոնք կը կարծենք, թէ պէտք է համայնքը կրէ` բացի այդ լիազօրութիւններէն ու պարտականութիւններէն, որոնց շուրջ յարակից համայնքներու միջեւ համաձայնութիւն կայացած է, թէ աւելի նպատակայարմար է, որ տուեալ գործը կատարէ մէկ աստիճան աւելի բարձր մակարդակի ատեանը, որ կազմուած է իրե՛նց պատգամաւոր/ներկայացուցիչ/երեսփոխաններէն (անուանումը ճաշակի հարց է) կամ անոնց կողմէ ընտրուած մարմնէն։

Յստակեցնեմ, թէ ինչ կը նշանակէ «….լիազօրութիւններ, որոնք կրնան ունենալ այդ համայնքները իրենց տարածքներուն վրայ»։ Մեր համայնքները, յատկապէս հիմնական համայնքները, լուսնի վրայ չեն գտնուիր, այլ Երկիր մոլորակին, ուր ամեն տարածք կը գտնուի պետականութեան մը հսկողութեան տակ եւ ենթակայ է անոր կանոններուն։ Բնականաբար, հայկական պետականութիւն ունեցող տարածքներուն համայնքները` Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ եւ այլն, կը գործեն բացարձակ գերիշխանութեան պայմաններով եւ ունին բոլոր լիազօրութիւններն ու պարտականութիւնները։ Բայց, օրինակ, Սէուտական Արաբիոյ հայ համայնքը չի կրնար յաւակնիլ նոյն լիազօրութիւններուն ու պարտականութիւններուն. անոր ատեաններու իշխանութիւնը շատ աւելի սահմանափակ է։ Ուստի շատ կարեւոր է յստակեցնել, թէ համայնք մը ինչ սահմանափակումներով կը գործէ, որպէսզի կրնանք ճիշտ կողմնորոշուիլ, թէ վերադաս ինչ ատեաններու կրնայ ուղարկել իր լիազօրները։ Որովհետեւ երբ խնդիր մը յանձնուած է վերադաս ատեանի մը տնօրինման, ստորադաս ատեաններէն այդ խնդրին առնչուող լիազօրութիւններն ու պարտաւորութիւնները՝ իշխանութիւնը, պէտք է ստորադասներէն փոխանցուին վերադասին, իսկ մէկը չի կրնար իր չունեցածը փոխանցել ուրիշին։

Բացարձակ գերիշխանութեամբ հիմնական համայնքներուն վրայ կրնան բարձրանալ պետականութեան բազմաթիւ շերտեր, իւրաքանչիւրը` իր յստակօրէն բանաձեւուած իշխանութեամբ՝ իրաւասութեանց ու պարտականութեանց դաշտով։ Նուազ գերիշխան համայնքներու պարագային, անշուշտ, այդ շերտերը կ’ըլլան շատ աւելի նուազ։ Փաստօրէն, որքան հիմնական համայնքը զօրաւոր է, այնքան աւելի բարձր կրնայ ըլլալ իր վրայ բարձրացող շէնքի հատուածը, մինչ շէնքի մէկ այլ հատուած` աւելի տկար հիմերով, կը բարձրանայ այնքան, որքան այդ հիմերը կը թոյլատրեն` առանց շէնքի ամբողջականութիւնը խախտելու։ Անկարելի է նման ճկունութիւն ունենալ կեդրոնաձիգ կառոյցով։

Վերոնշեալ համահայկական ապակեդրոն կառոյցէն առաջին օգտուողը պիտի ըլլան մեր ազատ եւ անկախ տարածքները՝ Հայաստանն ու Արցախը, որովհետեւ նման կառոյցի որդեգրումը պիտի պարտադրէ մեր երկու պետականութիւններուն հիմնական վերանորոգման` անցեալէն ժառանգուած կեդրոնաձիգ դրուածքները փոխարինելով ծայրայեղ ապակեդրոն կառոյցներով եւ քաղաքական դաշտէն վերջնականապէս արտաքսելով քայքայիչ «ո՞վ»ի բանավէճերը եւ զանոնք փոխարինելով հիմնարար «ի՞նչ»ի ու «ինչպէ՞ս»ի հարցադրումներով եւ բանավէճերով։ Այդ մասին՝ աւելի ուշ։

Վիգէն Աբրահամեան
«Հորիզոն» թերթի անգլերեն, Ֆրանսերեն հավելվածների եւ «Հորիզոն գրական» հավելվածի խմբագիր

«Դրօշակ», թիվ 9 (1643), սեպտեմբեր, 2020 թ.