Փոխարժեքներ
04 03 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 393.86 |
EUR | ⚊ | € 413.95 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.4115 |
GBP | ⚊ | £ 501.07 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.17 |
Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի վաստակաշատ անդամ եւ Արցախեան ազատամարտի ռահվիրայ՝ ընկ.Հրանդ Մարգարեանի դէմ՝ 18 Մայիս 2019 ին գործուած արարքը, ողջ հայութեան քաղաքակրթուածութեան անյարիր վերաբերմունք է, որուն համար պէտք է մտահոգուի ամէն հայ՝ հայրենիքի թէ Սփիւռքի մէջ։
Հայ հասարակութեան մէջ ատելավառ տրամադրութիւններ հրահրող մթնոլորտի շիկացման ծառայող եւ փոխադարձ անհանդուրժողականութիւն ստեղծելու ձգտող այս երեւոյթէն, հարկ է օրուայ իշխանութիւնը հեռու մնայ եւ սատարէ հայ ժողովուրդի միասնականութեան եւ հայրենիքի յառաջընթացին:
Սուրիական տագնապի տարիներուն սուրիահայութեան իր կեցուածքներով ծանօթ Դաշնակցական վաստակաշատ ազատամարտիկի դէմ կանխամտածուած այս արարքը, ոչ միայն նսեմացում է անհատին, այլ նպատակաուղղուած վիրաւորանք է կուսակցութեան համահայկական կառոյցին ու անոր տեսլականով հայրենիքին ու հայութեան ծառայելու կոչուած իւրաքանչիւր հայու:
Հայրենի իշխանութիւնը կոչուած է լրջօրէն գնահատել պահը եւ անկէ բխող հայ ժողովուրդի կեանքը ապակայունացնող կործանարար հետեւանքները եւ անյապաղօրէն օրէնքի տրամադրութեանց հիմունքներով խստագոյնս պատժել դաւադիրները:
Լիայոյս ենք, որ իշխանութիւնը կ՛ունենայ զգօնութիւնն ու հայրենասիրութիւնը շրջանցելու այս բարդացող տագնապը:
Հ.Յ.ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ – ՍՈՒՐԻԱ
19 Մայիս 2019