Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Հայաստանի վերանկախացումէն ի վեր բազմիցս հրապարակ իջած է Հայաստան-Սփիւռք կապերու բարելաւման եւ համակարգման խնդիրը։ Տակաւին Հայաստան պաշտօնապէս չէր անկախացած՝ 1991ի ամռան, երբ Վազգէն Մանուկեանի կառավարութեան նախաձեռնութեամբ կայացաւ հայ գործարարներու առաջին համագումարը։ Սկզբնական խանդավառութիւնը, շատ վառ երազներով, պիտի յանգէր սահմանափակ տարողութեամբ մի քանի իրագործումներու։ Անոնցմէ գլխաւորն ու ամենաերկարակեացը «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամն էր։ Բազմաթիւ այլ փորձեր ալ եղան ընդլայնելու համար այդ համագործակցութեան ծիրը, որոնք, սակայն, համագումարներու բաժակաճառային բնոյթէն շատ անդին չկրցան անցնիլ։ Նոյնիսկ Սփիւռքի նախարարութեան մը հաստատումը չկրցաւ էական բեկում մը մտցնել այդ յարաբերութիւններուն մէջ։
Հայաստան-Սփիւռք կապերու բարձրակէտը կրնանք համարել Եղեռնի 100ամեակի աշխատանքները, որոնք իրաւամբ համահայկական իրագործումի վերածուեցան, գուցէ այն պարզ պատճառով, որ անոնք յստակօրէն սահմանագծուած էին իրենց բնոյթով ու շրջածիրով եւ կ’արձագանգէին իսկապէ՛ս համազգային իղձերու։
Տարիներու ընթացքին առաջարկուած են բազմաթիւ մօտեցումներ՝ Հայաստան-Սփիւռք կապերու բարելաւման համար, որոնցմէ ոմանք, ինչպէս՝ Հայաստանի պետութեան կողմէ Սփիւռքի նախարարութեան մը հաստատումը, դրուած են գործադրութեան՝ թէական արդիւնքներով։ Այդ առաջարկները ընդհանրապէս կը միտին այլազան բնագաւառներէ ներս՝ արհեստագիտական, մասնագիտական, կրթական եւ այլն, երկխօսութեան հարթակներ հաստատելու՝ յուսալով խթանել յարաբերութիւնները եւ փորձի ու գիտելիքներու փոխանակումները։ Ընդհանրապէս այդ առաջարկներուն մէջ կ’ընդգծուին «մասնագիտական մօտեցում» ցուցաբերելու անհրաժեշտութիւնը, հաղորդակցութեան միջոցներու արդի զարգացումէն օգտուելու կարեւորութիւնը, ինչպէս նաեւ կը շեշտուի ՀՀ պետականութեան առանցքային կարեւորութիւնը։ Նոյնիսկ առաջարկ կայ Սփիւռքի ներկայացուցիչներ ունենալու ՀՀ խորհրդարանէն ներս, կ’ենթադրեմ ներշնչուած Ֆրանսայի օրինակէն, ուր արտասահման բնակող քաղաքացիները կ’ընտրեն 11 երեսփոխաններ (Ֆրանսան 1948էն ի վեր ունէր նաեւ «Conseil supérieur des français de l’étranger» կոչուած 55 անդամ հաշուող ատեան մը, որ վերջերս վերանուանուեցաւ «Assemblée des français de l’étranger», եւ անդամներուն թիւը հասաւ 90ի)։ Իտալիան նոյնպէս 12 երեսփոխանական եւ 6 ծերակուտական աթոռներ վերապահած է իր արտասահմանաբնակ քաղաքացիներուն։
Ֆրանսական եւ իտալական օրինակները անշուշտ ուսանելի են, սակայն անոնք չեն կրնար սպեղանի հանդիսանալ մեր ցաւին, որ տարբեր բնոյթի է։ Անոնց ազգային պատկանելիութիւնն ինքնին այլ ակունքներէն կը բխի, կազմաւորման այլ ընթացք ունեցած է, եւ իրենց «կազմակերպ» սփիւռքները կը բաղկանան անհատներէ, որոնց մէջ տակաւին թարմ է հայրենիքը, մէկ կամ երկու սերունդ հազիւ անցած է, մանաւանդ որ անոնց սփիւռքները բացարձակ փոքրամասնութիւն են՝ համեմատած մայր երկրի բնակչութեան։
Երեք տասնամեակէ ի վեր ականատես ենք եւ ականջալուր համահայկական զանազան նախաձեռնութիւններու։ Ամենայաջողները, ինչպէս, օրինակ՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, յաջող են, որովհետեւ յստակ եւ սեղմ նպատակներով ճամբայ ելած են եւ ունին ըստ հնարաւորին յստակ կառոյցներ, ինչպէս նաեւ իրենց բնոյթով իսկ կը յանգին շօշափելի, հաշուառելի արդիւնքներու։ Սակայն մի քանի բացառութիւնները զանց առած՝ նախաձեռնութիւններուն մեծ մասը մնաց թուղթի վրայ։ Բախտաւոր պարագային անոնք յանգեցան մի քանի հրապարակային հաւաքներու, «խորհրդակցական» եւ խորհրդանշական բնոյթի ձեռնարկներու։ Նոյնիսկ Սփիւռքի նախարարութեան մը գոյութիւնը չկրցաւ շատ բան փոխել. հարցերը մնացին հոն, ուր որ էին երեք տասնամեակ առաջ։
Անշուշտ, պիտի առարկուի, որ ահագին աշխատանք կատարուեցաւ ու կը կատարուի։ Հիմնադրամէն բացի՝ բազմաթիւ նախաձեռնութիւններ («Շէն» կազմակերպութիւնը, Երեւանի ամերիկեան համալսարանը, ծառատունկով զբաղուող ATP-ն, «Birthright Armenia»-ն, «Թիւֆէնքեան» հիմնարկութիւնը եւ այլն) յաջողած օրինակներ են, որովհետեւ կը լրացնեն նպատակի յստակութեան եւ սեղմութեան անհրաժեշտ չափանիշները։ Սակայն ասոնցմէ եւ ոչ մէկը, նոյնիսկ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը, չունի անհրաժեշտ նախադրեալները՝ դառնալու երկարաշունչ, մի քանի սերունդներու վրայ երկարող համահայկական ատեան։ Այս ցանկէն դիտմամբ դուրս պահեցի Դաշնակցութիւնն ու իր ուղեկից կառոյցները. անոնց պիտի անդրադառնամ յառաջիկային։
Հիմնադրամի տկարութիւնը կու գայ իր կազմաւորման օրէն։ Անոր կառոյցին մէջ մոռցուած է ներառել ժամանակի գործօնը։ Իր Հոգաբարձուներու խորհուրդի, մանաւանդ տեղական վարչութիւններու կազմաւորումը կը ներկայացնէ 1991ի մեր խճանկարի լուսանկարը։ Հոն ներկայացուած են զանազան կազմակերպութիւններ, որոնցմէ մէկ քանին այսօր չունին նոյն ուժականութիւնն ու տարողութիւնը, որ ունէին օրին, մէկ քանին նոյնիսկ անուանական գոյութիւն մը իսկ ապահովելու կարողութիւն չունին այլեւս։ Կեանքը լուսանկար չէ, այլ շարժանկար, ուր իրավիճակը անընդհատ փոփոխութեան ենթակայ է, երբեմն արագ, երբեմն դանդաղ, բայց երբե՛ք քարացած։
Մնացեալը սեղմ շրջանակներու կողմէ տնօրինուած կառոյցներ են՝ փակ բաժնետիրական ընկերութիւններու նման, առանց իրաւասու լայն անդամակցութեան, եւ կը կատարեն իրենց տնօրէններու կամքը՝ անկախ ազգային հրամայականներէն։ Այդ գծով ամենապերճախօս օրինակը Բարեգործականն է (ՀԲԸՄ), որ առանց երկար-բարակ քննելու փակեց Մելքոնեանը եւ այլ վարժարաններ՝ հակառակ բարձրացուած միահամուռ բողոքներուն։ Բարեգործականի Կեդրոնական վարչութիւնը համարատու է միայն զինք ենթադրաբար ընտրող պատգամաւորական ժողովին, որուն պատգամաւորներու ընտրութեան կարգը համաշխարհային մեծ «գաղտնիքներէն» է, նոյնիսկ Էջմիածնի Ազգային եկեղեցական ժողովի կազմութեան խորհրդաւորութիւնը գերազանցող։
Համահայկական ուժականութեան հունաւորումը ի նպաստ ազգի հաւաքական բարգաւաճման եւ հզօրացման նախ եւ առաջ կ’ենթադրէ այդ ուժականութեան կազմակերպուածութիւնը։ Աղեքսանդր Մակեդոնացին իր փոքրաթիւ ուժերով կրցաւ ծունկի բերել Աքեմենեան կայսրութիւնը, որովհետեւ մակեդոնական ուժերը աւելի յաջող կազմակերպուած էին, փաղանգներու բաժնուած եւ ռազմադաշտին վրայ շատ աւելի ճկուն էին, քան հակառակորդը։ Հռոմ աշխարհին տիրեց իր համեմատաբար փոքրաթիւ լեգէոններով, որոնք ալ աւելի յաջող կազմակերպուած էին, քան մակեդոնական փաղանգները։ Առանց կազմակերպուածութեան՝ հաւաքականութիւնը կը մնայ ամբոխ՝ ընդունակ միայն հաւաքներու եւ ցոյցերու, մինչ, ինչպէս վերջին երեք տասնամեակները ցոյց տուին, բուն աշխատանքը կը կատարէ կազմակերպ փոքրամասնութիւն մը՝ ռազմադաշտին վրայ թէ այլուր։ Զանգուածային գործի համար, զանգուածին կուտակային մարդոյժը լաւագոյնս օգտագործելու եւ առաւելագոյն արդիւնքներու համար անհրաժեշտ է հաւաքականութիւնը կազմակերպել։
Այստեղ է Հայաստան-Սփիւռք կոչուած գորդեան հանգոյցի հիմնական խնդիրը։ Որպէսզի հայութիւնը իր հայրենաբնակ եւ սփիւռքաբնակ զանգուածներով դառնայ այն բռունցքը, որուն մասին մեր բանաստեղծները անընդհատ կ’երգեն, պէտք է բարելաւել անոր կազմակերպուածութեան մակարդակը։ Ուժը առանց կազմակերպութեան չի կրնար գոյութիւն ունենալ։
Սակայն ինչ որ անկախութենէն ի վեր տեսանք (եւ որ ինքնին կրկնութիւնն էր 1920ականներէն 1960ականներ ժամանակաշրջանի համայնավար ձախաւեր փորձերուն), Հայաստանի իշխանաւորներու յարաճուն ձգտումն է՝ ունենալու հլու-հնազանդ Սփիւռք մը, որ պիտի գար ամբողջացնելու հլու-հնազանդ հայաստանաբնակ զանգուածը։ Այդ ձգտումը միշտ առկայ է, երբեմն շեշտուած, երբեմն տկար, սակայն Հայաստանի ոեւէ իշխանաւոր միշտ ալ ինքզինք կը պատկերացնէ Ամենայն հայոց թագաւոր եւ Հայաստանի համայնավար վարչահրամայական սովորոյթներով կը փորձէ վերաբերիլ նաեւ Սփիւռքի հետ։ Այս էր դրուածքը առաջին նախագահի օրերուն, քիչ մը նուազ զգալի՝ երկրորդին ու երրորդին մօտ։
Ներկայի «առաջին» վարչապետը, ըստ երեւոյթին, աւելի հակուած է առաջին նախագահին ուղիով քալելու եւ առանձին բաւականութեամբ կը շեշտէ, թէ «Սփիւռքի 10 տոկոսն է սփիւռքեան կազմակերպութիւնների տրամաբանութեան մեջ, իսկ 90 տոկոսը դուրս է մնացել այդ կառուցուածքային տրամաբանութիւնից» (20 ապրիլ 2020, ֆէյսպուքեան ուղիղ եթեր), ճիշտ այնպէս, ինչպէս տասնամեակներ շարունակ համայնավարները կը սիրէին շեշտել, թէ Դաշնակցութիւնը կամ Կիլիկեան աթոռը կամ առհասարակ ոեւէ կառոյց, որ իրենց չէր ենթարկուեր, մահամերձ է կամ մահացած։ Նոյնիսկ մի քանի անգամ Դաշնակցութեան թաղումն ալ յայտարարեցին՝ հոգեճաշով հանդերձ։ Պատմութիւնը, իհարկէ, այլ ելք ստացաւ. համայնավարները իրե՛նք մեռան ու անցան՝ առանց նոյնիսկ թաղման ու հոգեճաշի։
Վարչապետին խօսքին մէջ կայ «կառուցուածքային» բառը, որ գուցէ անգիտակցաբար արտասանած է, քանի որ ինքը սկզբունքային խորշանք ունի կառոյցներու նկատմամբ։ Կառոյցները վտանգաւոր են, անոնք կրնան ինքնուրոյն մտածել եւ գործել, մինչդեռ ղեկավարման փաշինեանական ըմբռնումը չի հանդուրժեր որեւէ միտք, որ գոնէ երեւութապէս իրմէ չէ բխած։ Ի՛նքը պէտք է ըլլայ լուսարձակին տակ, այլապէս իրեն պիտի թուի, որ իշխանութիւնը կորսնցուցած է։ Իր այդ նոյն «ուղիղ եթեր»ի ընթացքին յստակ դարձաւ, որ զինք հետաքրքրողը խօսակցութիւնն է, ոչ թէ գործը. «Այսօր ես հիմա խօսում եմ, ու չկայ բաժանում՝ ես Սփիւռքի հետ եմ խօսում, թէ Հայաստանի»: Իհարկէ, խօսքը երկխօսութեան մասին չէ, այլ մենախօսութեան, ուր ինք պիտի խօսի, իսկ մնացեալը պիտի լսեն։ Այդ ճամբան ընդհանրապէս շատ կարճ է։ Լսարանը պիտի ձանձրանայ եւ այլ մենակատարներ փնտռէ։ Այդ ճամբան նաեւ մասնակիցներէն՝ ունկնդիրներէն, կը պահանջէ կրաւորական պահուածք, որ պարզապէս կը սպասէ բեմի կատակերգակի յաջորդ քայլին, որ ծափահարէ կամ սուլէ՝ ըստ ներկայացման որակին։ Կրաւորական լսարանը կը մնայ կրաւորական, առաւելագոյն պարագային մուտքի տոմսին սուղ տեսակը կ’առնէ, որ ներկայացման աւարտին կարենայ մենակատարին հետ լուսանկարուիլ։
Մեր փնտռածը այլ է։ Մեր փնտռածը ներգործական հաւաքականութիւնն է, ուր հայ անհատին ներուժը՝ մտային, հոգեւոր թէ ֆիզիքական, պէտք է հնարաւորութիւն ունենայ դրսեւորուելու յօգուտ ընդհանրականին, հաւաքականին։
Անցեալ տարի Վատիկանի մօտ ՀՀ նախկին դեսպան Միքայէլ Մինասեան (աւելի ծանօթ որպէս նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի փեսա) կ’առաջարկէր կերտել «Հայկականութեան նոր ճարտարապետութիւն» մը։
Յօդուածը («Հորիզոն», 7 Մայիս 2019) ինքնին շահեկան էր որպէս ամփոփում անցնող տասնամեակներուն, ինչպէս նաեւ որպէս ուրուագծում յառաջիկայ հնարաւորութիւններուն մասին որոշ շրջանակներու մը պատկերացումներուն։
Պիտի չմտնեմ այդ մանրամասնութիւններուն մէջ։ Անոնց մէկ կարեւոր մասը բաժակաճառային է, առանց լուրջ հիմնաւորումի։ Ընթերցողիս սուղ ժամանակը պիտի խնայեմ եւ չանդրադառնամ անոնց։ Պարզապէս կ’ուզեմ ընդգծել հետեւեալը։ Հեղինակը կ’ըսէ. «Միշտ չէ, որ մենք Հայաստանում համակարգուած գիտենք, թէ որոշակիօրէն ինչ ենք ակնկալում Սփիւռքից, բայց եւ յաճախ մեղադրում ենք ողջ Սփիւռքին կամ, առանձին վերցրած, նրա այս կամ այն յայտնի ներկայացուցչին` ինչ-որ մի իրավիճակում ինչ-որ մի բան չանելու, մեր յոյսերը չարդարացնելու համար: Նոյն կերպ Սփիւռքը համակարգուած չգիտի, թէ առաջնահերթութիւնների ինչ աղիւսակ ու ինչ ակնկալիքներ ունի մեր պետականութիւնը, եւ ինչ բանաձեւի շուրջ ու ինչպէս է հնարաւոր համադրել ջանքերը»:
Անշուշտ, հաղորդակցութեանց արհեստագիտութեան զարգացման ներկայ հանգրուանին տեղեկութեան պակաս չկայ հրապարակին վրայ, նոյնիսկ կարելի է ըսել՝ տեղեկութեան խճողում կայ հրապարակին վրայ (ինչպէս նաեւ ապատեղեկատուական ջրհեղեղ), սակայն այդ չի խանգարեր անհատ հայուն, որ իր անմիջական միջավայրէն դուրսի շրջաններու մասին իր պատկերացումները ըլլան սահմանափակ ու պակասաւոր։ Անցեալին գուցէ ունէինք տեղեկատւութեան պակաս, դժուարութիւններ, սակայն եղած սակաւ տեղեկատւութիւնը կը շրջագայէր յստակօրէն, ինքզինք յարգող ատեաններով՝ մամուլ, տարեգիրքեր եւ այլն, որոնք լրջութեան տարրական մակարդակ մը կը լրացնէին։ Նոյնիսկ խորհրդային պայմաններուն տակ, յատկապէս 1965էն ետք, պաշտօնական գրաքննութիւնը շրջանցող տեղեկատուական որոշ ըմբռնումներ որդեգրուած էին, որոնցմով հնարաւոր դարձած էր առնուազն մտաւորականութեան մօտ համահայկական տեսադաշտի ձեւաւորումը։ Այս տեսադաշտի առկայութիւնն էր, որ 1988ին կարելի դարձուց արցախեան ազատագրական պայքարի քիչ թէ շատ համակարգուած ծաւալումը ռազմաճակատներէն սկսեալ մինչեւ ամենահեռաւոր ամերիկաներ։ Եւ կարելի է ըսել նաեւ, որ այդ համահայկական տեսադաշտի առկայութիւնն էր, որ խոչընդոտ հանդիսացաւ արցախեան պայքարը շրջանցելու եւ ներհայաստանեան իշխանափոխութեամբ գոհանալու տէրպետրոսեանական նկրտումներուն։ Այդ համահայկական տեսադաշտն է, որ հնարաւորութիւն կը ստեղծէ ամենահիմնական հարցերուն մասին որոշ միաձայնութիւն ստեղծելու, համախոհութեան մթնոլորտ գոյացնելու. Եղեռնի ճանաչում, ազգային պահանջատիրութիւն եւ այլն հարցեր են, որոնց մասին գոյացած է շատ յստակ համախոհութիւն, եւ ոեւէ հայորդիի մտքին մէջ կասկած չկայ այդ մասին, մանաւանդ հիմա, երբ չկան հայ բոլշեւիկները, որոնք պատրաստ էին առանց աչք թարթելու Հայաստանն ու Հայ դատը զոհելու «միջազգային յեղափոխութեան» սեղանին։
Պրն Մինասեան կ’ըսէ, թէ խնդիրը ոչ թէ իմանալուն մասին է, այլ «համակարգուած» իմանալուն։ Բայց թէ իմանալուն համակարգուածն ու չհամակարգուածը ի՞նչ տարբերութիւն ունին, քիչ մը բնազանցական հարց է։
Եթէ համակարգուած իմացութիւն ըսելով նկատի ունինք ամբողջական, համապատկեր իմացութիւնը, իզուր չշարունակենք. նման իրավիճակ չի կրնար ըլլալ։
Մարդ արարածը սահմանափակ է միջոցին եւ ժամանակին մէջ, եւ անհնար է, որ ոեւէ մէկը յաւակնի գիտնալու ամէն ինչ, ամբողջովին ընկալէ բոլոր տուեալները, նոյնիսկ հաղորդակցութեան ամենաարդիական միջոցներուն տիրապետելով։ Թէկուզ իր տրամադրութեան տակ դրուին բոլոր տուեալները, մարդկայնօրէն անկարելի է, որ ոեւէ մէկը կրնայ այդ բոլոր տեղեկութիւնները միաժամանակ վերլուծել եւ համապատասխան եզրակացութիւններու յանգիլ։ Ան միշտ պիտի փորձէ յենիլ ոչ թէ առաջնային, առարկայական, չմեկնաբանուած տեղեկութիւններու, այլ ամփոփումներու, մեկնաբանեալ եզրակացութիւններու վրայ, որպէսզի կարենայ մարդկային ուղեղի տարողութեան մէջ բաւեցնել խնդիրն ու իր տուեալները եւ յաջողի քիչ թէ շատ տրամաբանական եզրակացութիւն մը տալ։ Եւ հետեւաբար իր եզրայանգումներն ու համապատասխան որոշումները հիմնուած պիտի ըլլան ոչ թէ առարկայական, գիտականօրէն անառարկելի տրամաբանութեան, այլ ուրիշներու կողմէ վերլուծուած ու խտացուած տուեալներու վրայ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէ զայն վերլուծողին ու խտացնողին դրոշմը եւ խիստ ենթակայական է։
Չմոռնանք, որ գործ ունինք հասարակական կեանքի, մարդկային յարաբերութիւններու եւ ընդհանրապէս կեանքի հետ, որոնք այնքան բարդ են ու բազմաշերտ, որ հասարակական գիտութիւններ կոչուած մարզերը (ընկերաբանութիւն, քաղաքագիտութիւն եւ մասամբ նորին) շատ աւելի մօտ են արուեստներուն, քան գիտութեանց։ Իզուր չէ, որ անոնց համալսարանական աստիճանները կը կոչուին «արուեստից» եւ ոչ թէ «գիտութեանց», ինչպէս՝ Պսակաւոր արուեստից, Մագիստրոս արուեստից եւ այլն։ Հետեւաբար փորձել «համակարգուած» աշխարհայեացքի մը ծիրին մէջ դնել մեր ազգային հեռանկարներն ու տեսլականը ընդհանրապէս՝ քիչ մը դժուար պատկերացում է. եթէ 7 հոգի հաւաքենք մէկտեղ եւ իրենց յանձնարարենք գլուխ գլխի տալ եւ ծնիլ նման տեսլական մը, մեր մարզանքը պիտի հաւանաբար աւարտի 8 տարբեր տեսլականներով։ Ուսողական խնդիր չէ լուծուածը, որ յստակ ու միակ լուծում մը ունենայ, այլ անհամար անյայտներով անհամար հաւասարումներու կոյտ մը։ Ուստի փորձենք հարցին մօտենալ քիչ մը տարբեր տեսանկիւնէ։
Առաջին հերթին սկսինք խնդրի բանաձեւումէն։ 1920ականներէն ի վեր սովորութիւն եղած է հայկական շէնքը դիտել Հայաստան-Սփիւռք (խորհրդային տարիներուն երբեմն Հայաստան-ներքին Սփիւռք-արտաքին Սփիւռք) կտրուածքով, մօտեցում մը, որ տակաւին կը յամենայ Հայաստանի վերանկախացումէն երեք տասնամեակ ետք։ Մինչեւ օրս կատարուած բոլոր փորձերը, ինչպէս վերը նշեցի, այդ տեսանկիւնէն ճամբայ ելած են եւ կէս ճամբան տեղ մը մոլորած, ճապաղած ու ծանծաղած։ Կը կարծեմ, որ ատենն է այդ մօտեցումը մէկդի դնելու եւ այլ տեսանկիւններ որոնելու։
Ներկայ մօտեցումը իր դարը ապրած է. ան կը փորձէ հարցերը դիտել նախորդ եւ նոյնիսկ նախանցեալ սերունդի ակնոցով, կը փորձէ լուծումներ բանաձեւել անցեալի մօտեցումներով։ Ռազմագիտութեան մէջ կ’ըսեն, թէ ոմանք կը պատրաստուին նախորդ պատերազմին եւ, որպէս կանոն, կը կորսնցնեն իրենց պատերազմը, որովհետեւ պէտք է պատրաստուիլ յաջորդ պատերազմին։ Այսօր աւելի, քան երբէք, Հայաստանի եւ Սփիւռքի սահմանազատումը աղօտ է, եւ անկարելի է այդ հին սահմանումներուն վրայ յենուելով որեւէ տրամաբանական ու գործնական խնդիր քննել ու լուծել։ Ուր կը վերջանայ Հայաստանը, եւ ուրկէ կը սկսի Սփիւռքը` անհնարին է բանաձեւել։
Անցեալ տարի պատահմամբ սեղանակիցն էի երիտասարդ զոյգի մը, որ 2-3 տարիէ ի վեր հաստատուած էր Գանատա։ Զաւակներէն մին ծնած է Հայաստան, միւսը` Գանատա։ Հեռանկարային առումով իրենք առնուազն յաջորդ երկու տասնամեակներուն հոս մնացող էին` թէ՛ ասպարէզի, թէ՛ զաւակներու ուսման եւ այլ խնդիրներու բերմամբ։ Խօսքը խօսք բերաւ, եւ ամուսինները սփիւռքահայերու մասին որոշ դատողութիւններ ըրին` դրականն ու բացասականը իրարու խառնած։
Բայց երբ նկատել տուի, թէ այդ դատողութիւնները իրենց ալ կը վերաբերին, թէ, ըստ ամենայնի, իրենք ալ սփիւռքահայ են, քանի որ Հայաստանէն դուրս կ’ապրին եւ կանխատեսելի ապագային վերադարձի հեռանկարներ չունին, պահ մը շուարեցան. «Ախր, ո՛չ, մենք սփիւռքահայ չենք, հայաստանցի ենք»։ Իրենց մտքին մէջ տակաւին խորհրդային պատկերացումն է` երկաթէ վարագոյրով հանդերձ… Սփիւռքահայը այդ վարագոյրին «միւս» կողմն է, Միջին Արեւելք ու աւելի արեւմուտք։ Արեւմտահայն ալ այդ կերպարը չի լրացներ, որովհետեւ Հայաստանի այսօրուան բնակչութեան մէկ կարեւոր մասը (եթէ չեմ սխալիր, 40 տոկոսը) իր արմատներով Արաքսի միւս ափէն է եւ արեւմտահայի ժառանգ։ Իրենց տրամաբանութեամբ Սփիւռքն ու սփիւռքահայը բնաւ կապ չունին աշխարհագրութեան հետ. սփիւռքահայը «միւս»ն է, ան, որ օտար չէ, հայ է, բայց այլ մշակոյթի կրող է։
Այսօրուան Սփիւռք կոչուածն ինքը չունի յստակ սահմաններ եւ մանաւանդ յարաշարժ երեւոյթ է. մարդիկ շատ աւելի շարժունակ են իրենց կեանքին ընթացքին, քան նախորդ սերունդներն էին, որոնք հազիւ թէ մէկ անգամ շարժէին իրենց կեանքի ընթացքին։ Հայաստանէն Սփիւռք եւ Սփիւռքէն Հայաստան, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի մէկ անկիւնէն միւսը տեղափոխութիւնները այսօր բազմապատկուած են, եւ կ’ենթադրեմ՝ պիտի շարունակուին նոյն թափով, եթէ ոչ աւելի։ Հետեւաբար փորձել համահայկական աշխատանքները բանաձեւել Հայաստան-Սփիւռք հին կաղապարին մէջ բախտաւոր պարագային հազիւ թէ մասնակի յաջողութիւն գտնէ։
Անհատական յարաշարժութիւնը պիտի դժուարացնէ մշակութային առանձնայատկութիւններու մակարդումը, եւ հայութեան տարբեր հատուածներու սահմանազատումները պիտի աւելի ու աւելի աղօտնան։
Այսօր արդէն չկան մէկ-երկու սերունդ առաջուան սահմանազատումները, երբ խորհրդային պայմաններուն մէջ հասակ առած հայը նոյն մշակութային շերտերը չէր կրեր, ինչ միջինարեւելեան՝ արաբական երկիրներու իր տարեկիցը, որ էապէս տարբեր էր պարսկահայէն, որ իր հերթին նման չէր ֆրանսահային, որ բնաւ նման չէր ամերիկահային, եւ այսպէս շարունակ։ Եւ երբ այս «տարբեր հայերը» իրարու քով գային, մեծ դժուարութիւն էր զանոնք հասարակ յայտարարի բերելը։ Օրինակ, երբ 1970ականներէն սկսեալ Հայաստանէն արտագաղթ ծայր տուաւ յատկապէս դեպի Գալիֆորնիա, երկուստեք մշակութային տարբերակումը այնքան շեշտուած էր, որ մինչեւ օրս ալ՝ յիսուն տարի անց, համայնքը տակաւին լիովին համասեռ չենք կրնար համարել։ Այսօր քիչ մը մարդոց շարժունակութեան պատճառով, քիչ մըն ալ հաղորդակցութեան արդիական միջոցներուն շնորհիւ նոր սերունդի անդամներուն մօտ այդ սահմանազատումները շատ աւելի աղօտ են։
Համահայկական տեսլականի մը գոյացման համար Հայաստան-Սփիւռք պրիսմակի պարտադրանքը մեզ հասցուցած է այսօրուան անելին. համագումարներ, գեղեցիկ ճառեր, ծրագիրներ, որոնք սկզբնական խանդավառութենէն շատ անդին չեն երթար, եւ մասամբ նորին։ Բացառութիւն էին, ինչպէս ըսինք, Եղեռնի 100ամեակի աշխատանքները, որոնք յստակօրէն սահմանագծուած էին իրենց բնոյթով ու շրջածիրով եւ կ’արձագանգէին իսկապէս համազգային իղձերու։ Հետեւաբար համահայկականին կարիքը կա՛յ, գուցէ ոչ ամէն հարցի մէջ, ոչ ամէն մանրուքի մէջ։ Սակայն ցարդ որդեգրուած գործելակերպի՝ Հայաստան-Սփիւռք թէական համագործակցութեան որոնման երեսունէն աւելի տարիները կը փաստեն, որ այդ գնացքը ա՛լ երթալիք տեղ չունի։
Ատենն է նոր պրիսմակներ գտնելու, հարցին նոր դիտանկիւնէ մօտենալու։
Ատենն է գտնելու այն կազմակերպական բանաձեւը, որ հայութիւնը իր Սփիւռքով ու Հայաստանով վերածէ մէկ ամրակուռ բանակի՝ ի հեճուկս զայն ամբոխի վերածելու մեծ եւ յաճախ անթաքոյց ցանկութիւններուն։
Ատենն է հայութիւնը դիտելու ո՛չ հայաստանեան դիտանկիւնէն, ո՛չ ալ սփիւռքեան, այլ համահայկական դիտանկիւնէն։
Պիտի շարունակենք մեր քննարկումը՝ փորձելով յաջորդիւ ծանրանալ Սփիւռքի համայնքներու կազմակերպուածութեան հարցին վրայ։
Վիգէն Աբրահամեան
«Դրօշակ», թիվ 7 (1641), հուլիս, 2020 թ.