Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի առաջնորդներն ու աջակիցները անցեալ շաբաթ խորհրդակցած են ԱՄՆ ծերակուտական, Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Ռոպերթ Մենենտեսի հետ՝ խրախուսելու Դաշնային կառավարութիւնը՝ աջակցելու Արցախի Հանրապետութեան մէջ հայերու ինքնորոշման իրաւունքին: Այս մասին կը հաղորդեն ԱՄՆ Հայ Դատի գրասենեակէն:
«Պայտընի վարչակազմը ներկայիս կը նպաստէ Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններուն, որոնք «կ՝ընդելուզեն» ժողովրդավարական Արցախը ազրպէյճանի հանրապետութեան՝ ցեղասպան պետութեան՝ քարիւղի բռնապետ իլհամ ալիեւի գլխաւորութեամբ: Հայ Դատը խստօրէն դէմ է հայկական հարցերու վերաբերեալ Պայտընի վարչակազմի անխոհեմ արտաքին քաղաքականութեան եւ Քոնկրեսի ղեկավարներուն կոչ կ՝ընէ ետ կանգնելու այն քաղաքականութենէն, որ պիտի յանգեցնէ Արցախի ընտանիքներուն դէմ Հայոց երկրորդ Ցեղասպանութեան»,- նշուած է հաղորդագրութեան էեջ։
«Նախագահ Մենենտեսը Արցախի ազատութեան ջատագովն է»,- նշած է ԱՄՆ-ի Հայ Դատի նախագահ Րաֆֆի Համբարեան։ «Արցախի հերոս ժողովուրդին համար այս կարեւոր օրերուն ընթացքին, Նախագահ Մենենտեսի ղեկավարելը Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը, աւելի քան երբեւէ կարեւոր է: Մենք կը միանանք ամերիկահայերուն հետ՝ երախտագիտութիւն յայտնելով նախագահ Մենենտեսի հետ մեր կառուցողական երկխօսութեան համար»,- աւելցուցած է Հայ Դատի նախագահը։
Ի պաշտպանութիւն ծերակուտական Մենենտեսի եւ անոր վերընտրուելու քարոզարշաւին, իրականացած են քանի մը հաւաքներ Քալիֆորնիա նահանգին մէջ եւ ներառած են անհատներու մասնակցութիւնը Միացեալ Նահանգներէն: Այդ անձերը դեմոկրատներ էին, հանրապետականներ եւ անկախներ, որոնք բոլորն ալ կը սատարեն ծերակուտականին՝ անոր սկզբունքային դիրքորոշման պատճառով, որ արցախահայութիւնը արժանի է նոյն իրաւունքներուն, որ ունին ամերիկացիները: