Փոխարժեքներ
18 01 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 398.94 |
EUR | ⚊ | € 410.95 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.8929 |
GBP | ⚊ | £ 486.63 |
GEL | ⚊ | ₾ 140.52 |
Այն ինչ տեղի ունեցաւ երէկ` Երեւանի Ազատութեան հրապարակին վրայ, ոչ թէ հանդուրժողականութիւն է, զոր ամէն քայլափոխի բռնազբօսիկ ձեւով կը քարոզուի տարիէ մը ի վեր Հայաստանի մէջ, այլ` պարզապէս խուժանութիւն է եւ ատելութեան յստակ դրսեւորում:
ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին ներկայացուցիչ ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ կատարուած փողոցային արարքը ոչ միայն կը դատապարտենք խստիւ, այլեւ կը պահանջենք իշխանութենէն` միջադէպին անմիջապէս տալ իրաւական գնահատական, եւ իբրեւ թէ պատահական թուացող արարքին ետին կանգնող կազմակերպիչները բացայայտել ու պատժել ըստ օրինի: Այլապէս, հետագայ որեւէ զարգացումի ամբողջ պատասխանատուութիւնը կը կրէ գործող իշխանութիւնը:
Ընկեր Հրանդ Մարգարեանի դէմ ուղղուած այս արարքը ուղղուած է Դաշնակցութեան աշխարհասփիւռ բովանդակ ընտանիքին դէմ: Վերջին ամիսներուն ու մինչ օրս, յանուն ազգային միասնականութեան` անտեսած ենք մեզի դէմ տարուող կազմակերպուած քարոզչական անբարոյ արշաւը, ինչպէս նաեւ` փողոցային աժան նկրտումները, սակայն արդէն անցած է ամէն չափ ու սահման, առ այդ այսուհետեւ պիտի չհանդուրժենք նման սին վարքագիծ:
ՀՅԴ Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ