կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2020-12-18 15:08
Քաղաքական

Ջայլամի Քաղաքականութեան Ստեղծած Գորդեան Հանգոյցը

Ջայլամի Քաղաքականութեան Ստեղծած Գորդեան Հանգոյցը

«Կը սիրեմ ոչ մէկ բանի մասին խօսիլ: Սա միակ բանն է, որուն մասին որեւէ բան գիտեմ»

Օսքար Ուայլտ (իրլանտացի գրող, 1854-1900)

Կրկէսը կը շարունակուի երկրի մը մէջ, որուն մինչեւ իսկ մտածելու եւ դիտել-դատելու ամենէն տարրական կարողութիւնը ունեցող պարզ քաղաքացին՝ մշակը, նպարավաճառն ու «թաքսի»-ի շարժավարը շատ աւելի իրատես ձեւով հասկցած է, թէ որքա՜ն ահաւոր է վիճակը, եւ թէ՝ երկիրը կը գահավիժի անդունդն ի վար, հասած է կործանման սեմին: Մինչդեռ յամառ վարչապետն ու իր անմիջական «Իմ Քայլ»-ական շրջանակը չեն զգար, թէ որքա՛ն ահազանգային եւ քաոսային է կացութիւնը: Ստեղծուած է կացութիւն, ուր վարչապետ Փաշինեան, կարծէք թէ ներշնչուած՝ Օսքար Ուայլտի ներոնշեալ խօսքէն, կը խօսի այն բաներուն մասին, որոնց տեղեակ է, այսիքն՝ ոչ մէկ բանի:

Պատերազմի պայթումէն 4 օր ետք, բանակի մէկ բարձրաստիճան պաշտօնեան ահազանգած է, թէ նկատի ունենալով կորուստները, անտեղի է պատերազմը շարունակելը… Վարչապետ Փաշինեան միայն 40 օր ետք հասկցած է, թէ այդ բանակայինին ըսածը տեղին էր: Եւ ահա, Նոյեմբեր 10-ին հրապարակ եկած պարտութեան համաձայնագրէն 40 օր ետք ալ, ան շարունակ հաստատ կը մնայ, թէ իր առած բոլոր որոշումները… գիտակցելով կատարած է, կանխարգիլելու համար յաւելեալ կորուստ: Մեր ժողովուրդը պիտի ըսէր. «Եթէ թռի իսկ՝ այծ է»:

Դէպքերը ցոյց կու տան, որ վարչապետն ալ չի գիտեր, թէ արդեօք «կանխուած կորուստ» մնացա՞ծ է, կամ՝ մինչեւ օրս ալ հետեւողականօրէն ի՞նչ աւեր կը գործուի, սկսելով Հատրութի Դիզափայտ լեռան լանջին գտնուող Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր գիւղերէն, անցնելով Շուշիի շրջանի Վերին Շէն ու Հին Շէն շրջաններէն, հասնելու համար Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները՝ Ջերմուկ, Սոթք, Կապան, Մեղրի եւ այլն:

Գերիներ կը փոխանակուին երկու կողմերուն միջեւ, սակայն նոյն պահուն միակողմանի կերպով գերիներ կը վերցուին, հա՛յ գերիներ: Աղաղակող եւ ամօթալի օրինակը՝ Հատրութի վերոյիշեալ երկու գիւղերուն մէջ ծառայող՝ քանի մը տասնեակ բանակայիններն են, որոնք ինկած են ազերիներուն ձեռքը: Պատմութիւն կերտած խիզախ հայ զինուորին վարկն ու փառքն ալ խնդրոյ առարկայ դարձած են: Այս պատահածին իբր չքմեղանք՝ կը թելադրուի որ պէտք չէ չափազանցել եւ գերիներուն թիւը բարձրացնել հարիւրէ աւելիի, յետոյ, այսքանով ալ չբաւարարուելով, այլ «պլըֆ» մը նետուեցաւ, իբրեւ թէ ռուս խաղաղապահներ պաշարուած են կամ գերի ինկած: Մոսկուա փութաց հերքել եւ աստիճան մը աւելի խայտառակել սուտասանը…

Քարտէ՞ս: Ի՞նչ քարտէսի մասին կը խօսուի: Ո՛չ կապոյտ, ո՛չ ալ կարմիր գիծ գոյութիւն ունի: Ինքն իրեն կանաչ լոյս տուած թշնամին առօք-փառօք, բարձունքէ բարձունք կը ցատկէ, ամէն տեղ տնկելով իր դրօշը: Այս կացութեան դիմաց, բրիտանացի գրագէտ եւ «Alice’s Adventures in Wonderland» գործի հեղինակ, Լէուիս Քարոլի (1832-1898) մէկ խօսքն է, որ կը կիրարկուի թշնամիին կողմէ. «Կարդա՛ ուղղութիւնները եւ ուղղակի պիտի ուղղուիս ճիշդ ուղղութեամբ»:

Ըստ երեւոյթին, Հայաստանի իշխանաւորին եւ գործակիցներուն անփութութիւնն ու թափթփածութիւնը, չըսելու համար՝ ստրկամտութիւնը, այնպիսի մակարդակի հասած են, որ Պաքուի մէջ անցեալ շաբաթ տեղի ունեցած յաղթանակի տողանցքին, Իլհամ Ալիեւի՝ «Սիւնիքը, Երեւանն ու Սեւանը Ատրպէյճանի կը պատկանին» արտայայտութեան պատասխանելով, վարչապետին խօսնակը՝ Մանէ Գէորգեանը, փոխանակ կտրուկ կերպով մերժելու եւ հերքելու՝ բոլորովին միամիտ յայտարարութեամբ մը գոհացաւ, տեղեկացնելով, թէ նմանօրինակ պահանջներ չկան… Նոյեմբեր 10-ին հրապարակուած համաձայնագրին մէջ:

Ահաւասիկ ջայլամի դատարկ քաղաքանութեան մը ստեղծած՝ «Գորդեան հանգոյց»-ը, որ քանդելու համար կը շարունակուին արժանապատուութեան ցոյցերը, գործադուլերն ու դասադուլերը, օր ըստ օրէ նոր օղակներ նուաճելով, առանց բրտութեան եւ ապօրինութեան:

«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական