Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Երեքշաբթի, 27 Հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրին, կազմակերպութեամբ Քէպէգի Հայ Համայնքի Միացեալ մարմինին, հարիւրաւոր հայորդիներ բողոքի ցոյցով հաւաքուեցան Գանատայի Վարչապետ Ճասթին Թրուտոյի Մոնթրէալի գրասենեակին դիմաց: Ցոյցը նպատակ կը հետապնդէր վարչապետ Թրուտոյէն պահանջել՝ Արցախի անկախութեան ճանաչում, Թուրք-Ատրպէյճանական յարձակողապաշտ քաղաքականութեան ու բռնարարքներուն դատապարտում, ինչպէս նաեւ կոտրել անտարբեր լռութիւնն ու առարկայականօրէն անդրադառնալ հարցին:
Հակառակ որ Գանատան ժամանակաւորապէս դադրեցուցած էր ռազմական սարքեր վաճառել թուրքիոյ եւ երկկողմանի հրադադար պահանջած էր մարտնչող կողմերէն, սակայն հայ համայնքը յստակ եւ արդար դիրքորոշում կը պահանջէր գանատայի վարչապետէն:
Նշենք, որ նոյն օրը առաւօտուն, Պլոք Քէպէգուայի խորհրդարանական պատգամաւոր Ստեփան Պէրկերօն խստօրէն դատապարտեց Գանատայի կառավարութեան անտարբեր լռութիւնն ու հարց տուաւ Արտգործ Նախարարին՝ թէ Գանատան ինչ նախաձեռնութիւններ կատարած է Արցախի հարցին խաղաղ լուծումը խթանելու համար: Ի պատասխան, Արտգործ Նախարարը նշած էր, որ Գանատան ամէն կերպ կը փորձէ օժանդակել հրադադարի կիրարման ճիգերուն, որուն ցայտուն օրինակ՝ պետութիւնը 325,000 տոլարի յատկացում մը կատարած է, իբրեւ մարդասիրական օժանդակութիւն:
Նշենք նաեւ, որ Քէպէգի հայ համայնքը բողոքի ցոյցերը պիտի շարունակէ եկող օրերուն եւս, ընտրելով պետական նշանակութիւն ունեցող վայրեր:
horizonweekly.ca