կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-07-10 15:06
Քաղաքական

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտի Յանձնախումբը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

ՍԱՔՐԱՄԵՆԹՕ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի ազդեցիկ մէկ յանձնախումբը՝ Արդարադատութեան յանձնախումբը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վաւերացուց թիւ 1320 բանաձեւը, որ կը պահանջէ նահանգային ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն:

Յիշեցնենք, որ նահանգային խորհրդարանը Մայիսին, միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր այդ խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեանի ներկայացուցած բանաձեւը։ Նաեւ նշենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը 2018ին վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը (թիւ 1597), սակայն նահանգապետ Պրաուն վեթոյի ենթարկած էր զայն:

Ատրին Նազարեան շեշտեց, թէ բանաձեւը յստակ պատգամ մըն է Անգարայի իշխանութեանց, որ պէտք է դադրեցնեն Հայոց Ցեղասպանութիւնը ուրանալու քաղաքականութիւնը՝ յիշեցնելով, որ բանաձեւին մէջ յստակօրէն կը շեշտուի, որ վերջ պէտք է դնել Թուրքիոյ այդ նենգ քաղաքականութեան։

Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ Cal-STRS) որեւէ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող կամ անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ աղերս ունեցող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ:

Բանաձեւին մէջ կը շեշտուի նաեւ, որ Թուրքիա Քալիֆորնիոյ կատարած ներդրումներէն յատկանշական շահեր կ՛ապահովէ, եւ որ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու ջանքերուն առնուազն մէկ մասը կը հովանաւորուի նշեալ ներդրումներուն պատճառած շահերով:

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ, իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց բանաձեւին վաւերացումը Ծերակոյտին յանձնախումբին կողմէ, յոյս յայտնելով, որ Ծերակոյտը եւս արագօրէն կը վաւերացնէ զայն։ Ան յիշեցուց, թէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը վերջին քանի մը տարիներուն, այս արշաւին (#DivestTurkey) համար մօտէն կը գործակցի ՀԵԴի, Հայ ուսանողական միութիւններու եւ Քալիֆորնիոյ նահանգի օրէնսդիր մարմինին հետ:

Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն քայլը մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը՝ Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ: