կարևոր
4681 դիտում, 1 տարի առաջ - 2023-01-20 18:35
Քաղաքական

Ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանի նիւթական զօրակցութիւնը Պրիւքսէլի Հայ Դատի Գրասենեակին

Ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանի նիւթական զօրակցութիւնը Պրիւքսէլի Հայ Դատի Գրասենեակին

Շաբաթ 14 Յունուար 2023ին, Մայք Սարեան յանձնեց ազնուական նուիրատուութիւն մը, ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչներուն: Նուիրատուութեան նպատակն էր աջակցիլ Պրիւքսելի հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներուն: Այս հանդիպման ժամանակ պրն. Սարեանի հետ զրոյցի յարագրութիւնը կրնաք գտնել տպուած ստորեւ: Զրոյցը վարեց Լալէ Բագրատունի, պրն. Սարեանի Կլէնտէյլի բնակարանէն ներ

ԼԲ — Իբրեւ սփիւռքահայ, մեր բոլորին պատմութիւնը անպայման կը խաչաձեւէ հայոց ցեղասպանութեան: Ինչպիսի՞ ազդեցութիւն ունեցած է ցեղասպանութիւնը ձեր անձին վրայ իբրեւ ժառանգորդը ձեր ընտանիքի նախահայրերուն:

ՄՍ — Նախահայրերս վերապրեցան ցեղասպանութիւնը սակայն ինչպէս հազարաւոր հայեր, կորսնցուցին իրենց բոլոր ունեցուածքները: Փալուէն Ատանա հաստատուելով, մեծ հայրս կազմած է ընտանիք բայց քանի մը տարի ետք արդէն վտարուած են Տէր Զօր: Համաշխարհային առաջին պատերազմի աւարտէն ետք վերադարձած են Ատանա, ուր հայրս ծնած է: Հօրս ծնունդը անշուշտ ուրախ առիթ էր այդ սեւ օրերուն եւ այդ պատճառաւ ալ զայն անուանած են Երջանիկ: Սակայն Քեմալական հալածանքներու պատճառաւ հօրս ընտանիքը անգամ մը եւս բռնած է գաղթի ճամբան եւ հասած են Լիբանանի ծովափը առանց որեւէ ունեցուածքի եւ կամ լեզու գիտնալու: Շա՜տ ցաւալի էջ մըն է ոչ միայն իմ ընտանիքիս համար այլեւ բոլոր հայութեան համար:

Ընտանիքս 50 տարի մնաց Լիբանան, սակայն երկրի քաղաքական պատճառներուն համար եւ քաղաքացիական պատերազմի բռնկելու պատճառաւ հայրս 1975ին հասաւ Միացեալ Նահանգներ, իսկ երկու տարի ետք մենք միացանք իրեն: Ամերիկա ժամանելէս առաջ արդէն երկրորդական աւարտելու հասած էի եւ այստեղ շարունակեցի ուսումս: Բայց իմ պատմութիւնս տարբեր չէ ուրիշներէ: Սփիւռքահայու պատմութիւնը նոյնն է: Հարիւրաւոր տարիներէ ի վեր մեր ժողովուրդը ապրած է տառապանքի տակ, նոյնիսկ ցեղասպանութենէն առաջ մեծ մօրս եղբայրը Ատանայի ջարդերու ժամանակ նահատակուած է եւ իր յիշատակը յարգելու համար եղբօրս անուանեցին իր անունով:

ԼԲ — Ձեր պատմածներէն եւ տարիներու բարեսիրական աշխատանքներէն արդէն ի յայտ կու գայ ձեր նուիրումը մեր ազգին եւ մեր արդար դատին:Ցեղասպանութեան ազդեցութիւնը յստակ է ձեր կեանքին մէջ: Բայց ինչպէ՞ս կրցած էք դիմադրել ձուլումի ալիքը:

ՄՍ — Գործիս բերմամբ ես տարիներով հայերէն չէի խօսած որովհետեւ հիւանդանոցներու գործին մէջ ընդհանրապէս հայեր չի կան մանաւանդ ուրիշ նահանգներու մէջ: Բայց ես յաճախած եմ հայկական դպրոց մինչեւ Ամերիկա գալս եւ այդտեղ ամրապնդուած է իմ սէրս մեր պատմութեան, ազգին եւ լեզուին հանդէպ:

Հետաքրքրականը սակայն այդ է որ, իմ հետս աշխատող կիներէն մէկը ինծի մօտեցաւ քանի մը ամիս առաջ, բացատրելու համար թէ ընտանիքով ծրագրած էր Թուրքիա արձակուրդի երթալ, սակայն միտքը փոխած էր երբ նոյն ժամանակներուն իմ անձիս մասին պրպտում ըրած էր եւ հայ ըլլալս գիտցած է: Այսինքն, իր ուսումնասիրութեան ընդմէջէն ան գիտցած է Թուրքիոյ կարմիր պատմութեան մասին եւ ծրագիրը փոխած, ոչ թէ որովհետեւ ես գործատէրն եմ, բայց որովհետեւ ան կը յարգէ հայերու տագնապը: Տագնապ՝ որ մեր ժողովուրդը մինչեւ այսօր կ’ապրի: Ես քաղաքական մարդ չեմ սակայն յստակ է, մանաւանդ Ամերիկայի նման երկրի մը մէջ, մենք այնքան մը ոյժ պէտք է ունենանք, որ lobbyingի աշխատանքը առաջ տանինք:

ԼԲ — Իսկ այդ պատճառաւ է որ դուք Պրիւքսելի հայ դատի գրասենեակի աշխատանքներուն զօրակցութեան համար նուիրատուութիւն ծրագրած էք:

ՄՍ — Ճիշդ այդպէս: Պէտք է մենք դառնանք դրամական եւ lobbying ուժ կեդրոնական շրջաններուն մէջ, ինչպէս արդէն Ուաշինկթոնի մէջ ունինք մեր աշխատանքները նաեւ պէտք է հայ դատի աշխատանք Եւրոպայի կեդրոնական քաղաքի մը մէջ: Օրինակ՝ իբրեւ Ամերիկայի քաղաքացի եւ մանաւանդ գործիս բերմամբ կրցած եմ հանդիպիլ նախարարներու եւ նախագահներու հետ, ինչպէս հանդիպած եմ Օպամայի հետ, շատ անգամներ զրուցած ենք հայ դատի մասին, ցեղասպանութեան մասին եւայլն: Այս է որ մեզի պէտք է, հասնիլ եւ նստիլ այդ սեղաններուն շուրջ ուր որոշումներ կ’առնուի մեր ազգին եւ դատին մասին:

Այս համոզումովս է որ ես մտադրած եմ այս տարիքիս գործս ընդլայնել, յաջողեցնել որ աւելի ազդեցութիւն ունենանք ամբողջական Ամերիկայի մէջ: Իմ ազդեցութիւնս քաղաքական կեանքին մէջ պիտի ըլլայ առողջապահութեան եւ հիւանդանոցներու ծիրէն ներս ինչ որ շատերու մանաւանդ քաղաքական կեանքի մէջ ոյժ ունի:

Նպատակս այդ է որ մեր թշնամիները ունին ուրիշ միջոցներ եւ աղբիւրներ իրենց կամքը պարտադրելու, իսկ մերը պէտք է ըլլայ lobbyingի միջոցաւ:

ԼԲ — Կարծես ձեր մէջ կայ այդ ձգտումը միշտ յաջողելու եւ նոյն ժամանակ աշխատիլ ազգի օգտին

ՄՍ — Անշուշտ եւ այդպէս պէտք է ըլլայ ամէն հայ: Հայկական դպրոցի մէջ ստացած իմ կրթութիւնս, ընտանիքիս պատմութիւնը ինձի մղած է միայն ու միայն ցանկալ ամէնէն լաւին եւ յաջողիլ իմ գործիս մէջ որպէսզի կարենամ ազգիս տալ ինչ որ կրնամ: Նոյն դպրոցին է որ ես վստահած եմ իմ զաւակս եւ նոյն դաստիարակութիւնը փոխանցած եմ անոր:

Ես տարբեր բան մը չէ որ կ’ընեմ: Գաղթականի հոգեբանութիւն է: Պայքարիլ եւ յաջողիլ բայց հայութեան պարագային ազգային պարտականութիւն ունինք: Մեր յաջողութիւնները միայն մերը չեն:

Այս ոգիով է որ կ’ուզեմ փակել մեր զրոյցը որ մենք պէտք չէ յուսահատինք հակառակ որ մինչեւ այսօրս մեր ազգը, հայրենիքը Հայաստանով եւ Արցախով շատ դժուար կացութեան մէջ է, բայց յուսահատիլը մեր ազգին համար կարելի չէ: