Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Չորեքշաբթի, 22 Մայիսին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը միաձայնութեամբ վաւերացուց ծերակուտական Էնթընի Փորթանթինոյի կողմէ ներկայացուած թիւ 302 բանաձեւը, որ կ՛առաջարկէ վերաբանալ Քալիֆորնիա-Հայաստան առեւտուրի գրասենեակը:
«Հայաստան Քալիֆորնիոյ համար առեւտրական կարեւոր գործակից մըն է եւ նահանգին հետ երկարատեւ եւ ամուր կապեր հաստատած է: Թիւ 302 բանաձեւը պիտի պաշտօնականացնէ երկկողմանի առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները», յայտարարեց Փորթանթինօ:
Բանաձեւին նպատակն է Հայաստան հաստատուելիք գրասենեակը տնտեսապէս բարգաւաճող Արեւմտեան Ասիոյ եւ Արեւելեան Եւրոպայի տարածքին մէջ Քալիֆորնիոյ առեւտրական ներկայացուցչութեան վերածել, նկատի ունենալով այն իրողութիւնը, որ Հայաստան ներկայիս ճանչցուած է 120 երկիրներու կողմէ, որոնցմէ առաւել քան 70ին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատած է: Գրասնեակը նաեւ պիտի նպաստէ կրթական մարզին մէջ յարաբերութեանց սերտացման:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետը՝ իրաւաբան Նորա Յովսէփեան ողջունեց այս քայլը, յիշեցնելով, որ Հայ Դատը այս ծրագիրը ջատագոված էր Քալիֆորնիոյ նախկին եւ ներկայ նահանգապետներուն պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջաններուն եւ այս նպատակով նահանգային օրէնսդիրներու դէպի Հայաստան ճամբորդութիւն մը կազմակերպած էր։
Բանաձեւին ի նպաստ նահանգային Ծերակոյտի Գործարարութեան եւ արհեստներու յանձնախումբին առջեւ վկայութիւն տուած Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեան յոյժ կարեւոր նկատեց Հայաստանի եւ Քալիֆորնիոյ միջեւ տնտեսական յարաբերութեանց սերտացումը, որուն մեծապէս պիտի նպաստէ նման գրասենեակ մը։
Նշենք, որ նահանգային ծերակուտական Ճեք Սքաթի առաջարկով 2005ին բացուած այդ գրասենեակը փակուած էր 2007ին, նահանգապետ Արնոլտ Շուարցնեկըրի կողմէ իրականացած ամավարկային կրճատումներուն իբրեւ հետեւանք:
Փորթանթինոյի կողքին, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի թիւ 302 բանաձեւին գլխաւոր համահեղինակն է ծերակուտական Սքաթ Ուիլք, իսկ համահեղինակ ծերակուտականներն են՝ Մելիսա Հուրթատօ, Սքաթ Ուինըր եւ Հենրի Սթըրն, իսկ նահանգային խորհրդարանի անդամ համահեղինակներն են՝ Օթըմ Պրուք եւ Էվըն Լօ։
asbarez.com