կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-09-13 10:07
Սփյուռք

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

Քալիֆորնիոյ Նահանգային Ծերակոյտը Վաւերացուց Թուրքիայէն Ներդրումները Ետ Քաշող Բանաձեւը

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը Չորեքշաբթի, 11 Սեպտեմբերին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ (33-0 եւ 7 ձեռնապահ) վաւերացուց թիւ 1320 բանաձեւը, որ կը պահանջէ նահանգային ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն:

Նշենք, որ նահանգային խորհրդարանը Մայիսին միաձայնութեամբ վաւերացուցած էր այս բանաձեւը, զոր ներկայացուցած էր խորհրդարանի անդամ Ատրին Նազարեան:

Յիշեցնենք, որ Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտը եւ խորհրդարանը 2018ին վաւերացուցած էին նման բանաձեւ մը (թիւ 1597), սակայն նահանգապետ Պրաուն վեթոյի ենթարկած էր զայն:

Բանաձեւը կ՛առաջադրէ նահանգի ներդրումները ետ քաշել Թուրքիայէն՝ իբրեւ հակազդեցութիւն Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի վարքագիծին: Անիկա յատկապէս կ՛արգիլէ Քալիֆորնիոյ պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու թոշակներու հիմնադրամներուն (CalPERS եւ Cal-STRS) որեւէ ներդրում կատարել թրքական կառավարութեան պատկանող կամ անոր կողմէ կառավարուող կամ անոր հետ աղերս ունեցող տնտեսական ձեռնարկութիւններու մէջ:

Անիկա նաեւ կ՛արգիլէ նոր ներդրումներ կամ ներդրումներու նորոգութիւն կատարել։

Այժմ բանաձեւը պէտք է ստորագրուի նահանգապետ Կեւըն Նիւսըմի կողմէ, ի զօրու դառնալու համար։

Հայոց Ցեղասպանութիւնը շարունակաբար հերքող Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու սոյն քայլը մշակուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան եւ Հայ ուսանողական միութիւններուն կողմէ, որոնք ապահովեցին անոր վաւերացումը Քալիֆորնիոյ համալսարանի 9 մասնաճիւղերուն մէջ:

Asbarez.com