Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
1 Հոկտեմբեր 2023-ին, ինչպէս աշխարհի չորս կողմը, ներառեալ Գանատայի զանազան քաղաքներու մէջ, Վանգուվըրի մէջ եւս, կազմակերպութեամբ տեղւոյն միացեալ յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ Արցախի ժողովուրդին զօրակցական ինքնաշաժներով արշաւ-ցոյց եւ հաւաք։
Վանգուվըրի Հայ կեդրոնի շրջափակէն աւելի քան 30 ինքնաշարժներով, Գանատայի եւ Արցախի հանրապետութեան դրօշակները պարզած, ցուցատախտակներով եւ լոզունքներով լի պաստառներով, Վանգուվըրի փողոցներէն անցան ցուցարարները եւ հասան քաղաքի կեդրոն, Ռոպսըն փողոցի խաչմերուկին վրայ հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւելով։
Հաւաքին ներկայ էր ՀՅԴ Գանատային Կեդրոնական կոմիտէի անդամ ընկերուհի Թիթար Քօչքերեան եւ Քրտական տեղական կազմակերպութեան ներկայացուցիչը: Հերթաբար խօսք առին ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան «Ա. Շիրակեան» մասնաճիւղի անդամ ընկերուհի Գառնի Քօչքերեան, Գանատայի Պրիթիշ Գոլոմպիա նահանգի Առողջապահութեան նախարար տիար Ատրիան Տիքս եւ Գանատայի Հայ Դատի Արեւմտեան շրջանի անդամ Վահէ Անտոնեան։ Անոնք շեշտեցին, որ Գանատա աւելին պէտք է ընէ, աւելի խստօրէն պէտք է դատապարտէ ազերի-թուրքերու արցախահայութեան դէմ անվաւեր ձերբակալութիւնները, Վայրագութիւններն ու բռնի տեղահանութիւնը: Գանատա պէտք է սատարէ Հայաստանին, որպէսզի բռնի տեղահանուած արցախահայեր վերադառնան իրենց պապենական տուները։
Վահէ Անտոնեան շեշտեց, որ ժամը հասած է, որպէս գիտակից, մտահոգ պատասխանատու հայեր, մեր ընդվզումը փոխանցենք մեր հայրենաբնակ ազգայիններուն. ժամը հասած է ոտքի կանգնելու եւ ձերբազատուելու երկրի ղեկը առած, ազգը դէպի արհաւիրք առաջնորդած, թոյլ, անկարող եւ ապազգային ղեկավարէն եւ իրեն կառչողներէն։
Նշենք որ ցոյցի սկիզբէն մինչեւ վերջ, գանատական կարեւորագոյն լրատուամիջոցներէն CBC Canada-ն ներկայ էր, կը նկարահանէր եւ զանազան հարցազրոյցներ ունեցաւ գաղութի ներկայացուցիչներուն եւ անդամներուն հետ։