Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Գանատայի Հայ Դատի յանձախումբի Արեւմտեան շրջանի եւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղի կազմակերպութեամբ, Յուլիս 26ին կայացաւ Հայաստանի դէմ ատրպէրճայնական յարձակապաշտ վարքագիծը դատապարտող բողոքի ցոյց։ Աւելի քան 100 վանգուվըրահայերուն դէմ հակացոյցի դուրս եկան մօտ 50 ատրպէյճանցիներ, որոնք կը բացագանչէին «Ղարաբաղը Ատրպէյճանի կը պատկանի»։
Ցոյցին կը մասնակցէին Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հայր Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան, Ս. Վարդան եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տէր Գեղարդ Կարապետեան եւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Յակոբեան։ Բողոքի հաւաքի ընթացքին, Հայաստանի դէմ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտեցին Հայ դատի յանձնախումբի անդամներ Յակոբ Տէր Յակոբեան եւ Բալիկ Քոչկիրեան։