Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբին Կազմակերպութեամբ 22 Փետրուար 2020-ին Սումկայիթի Ջարդերուն 32 եւ Պաքուի Ջարդերուն 30 ամեակներուն Նուիրուած ցոյց-քայլարաշ մը տեղի ունեցաւ Վիեննայի Կեդրոնական փողոցներուն վրայ։
Ցուցարարները Հայաստանի, Արցախի ու Աւստրիոյ դրօշներով, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանը դատապարտող պաստարներով նախ հաւաքուեցան Վիեննայի նշանաւոր Հոֆպուրկ պալատին Հելտըն Հրապարակը։ Ցոյցին բացման արարողութիւնը կատարուեցաւ այս առթիւ պատրաստուած անգլերէն ու գերմաներէն յայտարարութիւններու բարձրաձայն ընթերցումով։ Ապա ցուցարարները քալելով ու Սումկայիթի եւ Պաքուի ջարդերը յիշող ու դատապարտող կոչերով ուղղուեցան Վիեննայի կեդրոնական հրապարակներէն՝ Սրբ. Ստեփանոսի հրապարակը։
Հազարաւոր զփօսաշրջիկներու եւ տեղացիներու ուշադրութեան եւ հետաքրքութեան ներքոյ ցուցարարները անգամ մը եւս յիշեցուցին Ազրպէյճանի ոճրագորուծութիւննեը, անոր վարած հակահայ ու ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Սումկայիթի ու Պաքուիի ջարդերուն պատասխանատուները հաշուետւութեան ենթարկելու, զոհերուն յիշատակները յարգելու ու փոխահատուցելու, ինչպէս նաեւ Արցախի հայկական իրաւական պետութիւն ըլլալու եւ Ազերիական ոտնձգութիւնները կանխարգիլելու անհրաժեշտութիւնը։
Տեղին է նշել, թէ Ազրպէյճանի իսկական դիմագիծը ներկայացնող թռուցիկներ, գիրքեր ու տեսերիզներ բաժնուեցան հազարաւոր անցորդներու։
Ցոյց-քայլրաշաւը վերջ գտաւ այն թելադրանքով, որ աշխարհն ու արեւմուտքը պէտք է Հայութեան հանդէպ գործադրուած պատմական աղէտները նկատի առած, յաւելեալ ճնշում բանեցնեն Ազրպէյճանի վրայ, ջանք չխնայեն որ Սումկայիթի ու Պաքուի անպատիժ մնացած ջարդերուն նման ոճրագործութիւններ չկրկնուին ու խաղաղ ճանապարհներով Հայաստանի եւ Արցախի անվտանգութիւնը երաշխաւորուի։
Աւստրիոյ Հայ Դատի Յանձնախումբ