Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Ատրպէյճան կը կիրարկէ քաղաքական բարձրագոյն մակարդակի վրայ ծրագրուած եւ մշակուած հակահայ քաղաքականութիւն մը, որուն միակ նպատակն է պատմական ճշմարտութիւնները խեղաթիւրելով եւ հակահայ քարոզչութեան եւ ապատեղեկատուութեան միջոցով միջազգային հանրային կարծիքը ապակողմնորոշել։
Այս ապատեղեկատուութեան մեքենային բացառիկ յղացումն է Արցախեան երկրամասը ներկայացնել իբրեւ ատրպէյճանական հողամաս, որ իբրեւ թէ աղուաններէն ժառանգուած է։
Աղուաններու պատմութեան վրայ ուշադիր եւ մասնագիտական ակնարկ մը բաւարար է պարզելու, որ ազրպէյճանական այն ստապատիր վարկածը, թէ այսօրուան ազրպէյճանցիները աղուաններէն սերած են, պարզապէս քաղաքական նպատակներ հետապնդող թէզ մըն է, որ ոչ մէկ պատմագիտական հիմք ունի։
Բայց նախ ակնարկութիւն մը՝ այսպէս կոչուած ղարաբաղի ազրպէյճանական համայնքի ղեկավար Թուրալ Կանճալիեւի վրայ, որ խորքին մէջ գործիք մըն է ատրպէյճանական ապատեղեկատուութեան։ Իրականութիւններու եւ ճշմարտութիւններու խեղաթիւրումը գործածել իբրեւ քարոզչական գործիք՝ կատարելու համար Պաքուի իշխանութիւններուն քաղաքական պատուէրը, եւ որուն նորագոյն հնարքը Պաքուի հայկական եկեղեցւոյ կառոյցին նկարահանումներով միջազգային հանրային ներկայանալու փորձն է, իբրեւ հայկական պատմական յուշակոթողներու պահպանման նախանձախնդիր պետութիւն, մինչ Արցախի տարածքին հայերը կը բնաջնջեն եւ կը քանդեն ազրպէյճանական գերեզմանները, յուշակոթողները եւ պատմական յուշարձանները։
Պաքուի հայկական եկեղեցին գոյատեւող վկայարանն է ատրպէյճանական բարբարոսութեան, որովհետեւ Արցախեան հերոսամարտի առաջին իսկ տարին Պաքուի հայութեան ցեղային մաքրագործման օրերուն, նաեւ հայկական եկեղեցին թալանուեցաւ եւ խուլիկանութիւններու թիրախ դարձաւ։ Աւելի ուշ իշխանութիւններուն հրահանգով եկեղեցւոյ քարեղէն կառոյցը մնաց, բայց առանց գմբէթներուն խաչերուն եւ զանգակներուն։ Նշելի է նաեւ, որ ոչ մէկ նկարահանում գոյութիւն ունի այսպէս կոչուած հայկական յուշակոթողներու պահպանման նախանձախնդիր ազրպէյճանական իշխանութիւններուն իսկ թելադրանքով,որ ցոյց կու տայ Պաքուի հայկական եկեղեցւոյ ներքին մասերը, թէ ինչ վիճակի մէջ գտնուի եկեղեցւոյ ներքնամասը։
Կայ նաեւ Նախիջեւանի հայկական պատմամշակութային կոթողներու եւ եկեղեցիներու խնդիրը։Այսօր ոչ իսկ յուշակոթող մը փրկուած է ազրպէյճանական հայատեաց քաղաքականութենէն եւ երբեմնի հայաշատ եւ հայակեդրոն նախիջեւանի տարածքին նմուշ մը իսկ չկայ հայկական յուշակոթողներէն, որոնք կը վկայեն Նախիջեւանի հայկական պատկանելիութեան մասին։
Իսկ ատրպէյճանական հայատեացութեան անժխտելի ապացոյցը Արաքսի ափին գտնուող Նոր Ջուղայի միջնադարեան հայկական գերեզմաններու անկրկնելի խաչքարերուն ջարդն է, որ դեկտեմբեր 2005ին բոլորովին պատահաբար նկարահանուեցաւ այն պահուն, երբ ազրպէյճանցի զինուորներ մուրճերու հարուածներու տակ ջարդուփշուր կ՛ընէին արուեստի գլուխ գործոց խաչքարերը եւ Արաքս գետը կը թափէին քարերը։
Անշուշտ տեղին է շեշտել, որ Ատրպէյճանի հայատեաց քաղաքականութեան զուգահեռ՝ Պաքու, թէեւ ոչ նոյն թափով եւ տարողութեամբ, նաեւ սուր ախորժակներ ունի վրացական Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրին նկատմամբ։
Այս համալիրը կառուցուած է Վրաստանի հարաւարեւելեան հատուածին մէջ եւ կը յարի Վրաստանի եւ ազրպէյճանի սահմանին։ Յոյն պատմագիր Ստրափոնի իսկ վկայութեամբ,վանական համալիրին վայրը Հայաստանի սահմանակցման կէտն է՝ պատմական Իպերիոյ եւ Աղուանքի հետ։Այս համալիրին գլխաւոր վանքը կը համարուի Սուրբ Դաւիթ մայրավանքը, որ կը գտնուի Վրաստանն ու Ատրպէյճանը բաժանող լերան հիւսիսային լանջին։
Վանական համալիրը վեցերորդ դարուն հիմնուած է Սուրբ Դաւիթ Կարեճիի կողմէ եւ կը համարուի վրացական ազգային սրբավայր մը։ Աղօթարաններուն մէջ պահպանուած են ութէն տասնչորրորդ դարերու հազուագիւտ որմնանկարներ, որոնց շարքին են վրացիներու Թամար թագուհիի եւ Դաւիթ շինարար թագաւորի եզակի որմնանկարները։
Մինչդեռ ըստ ազրպէյճանցիներուն, Կարեճիի վանական համալիրը աղուանական ծագում ունի։ Այսինքն՝ շատ աւելի հին է, քան ինչ որ կը ներկայացնեն վրացիները, որովհետեւ Աղուանքի թագաւորութիւնը, որ կը միաւորէր քսանվեց ցեղախումբեր, ստեղծուած ըլլալով նախքան Քրիստոս երկրորդ դարու վերջին եւ առաջին դարուն առաջին կիսուն, այսօրուան Ատրպէյճանի, Վրաստանի եւ Տաղստանի որոշակի մասին վրայ, ազրպէյճանցիներուն նախնիներուն հայրենիքն է եւ իբրեւ այդպիսին ալ վանական համալիրը Ատրպէյճանի ազգային ժառանգութիւնն է։
Բայց վրացական կարեւորագոյն սրբավայրին նկատմամբ ազրպէյճանական ախորժակներէն անդին, կայ աւելի վտանգաւոր խնդիր մը, որուն զոհը արցախ աշխարհի Գանձասարի վանքն է, որ յանկարծ ուշադրութեան առարկային վերածուած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի աշխատակազմի բաժնի ղեկավար Ֆուատ Ախունդովի, վանքին աղուանական պատկանելիութեան մասին կը պատմէ յերիւրածոյ վարկած մը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքին գտնուող աղուանական յուշակոթողները հայացուած եւ իւրացուած են, եւ որոնց մէկ ցայտուն օրինակը աղուանից կաթողիկոսութեան աթոռանիստ Գանձասարի վանքն է։
Պաքուի Գիրքերու կեդրոնին մէջ կազմակերպուած գիտաժողովի մը ընթացքին այս հարցը քննարկուած է ազրպէյճանցի պատմաբաններու կողմէ, որոնք լսած են Ախունդովի զեկոյցը, որ հիմնուած է ռուսական արխիւներուն մէջ գտնուող գիրքի մը վրայ՝ գրուած Յովսէփ Օրբելիի կողմէ, որ իբրեւ թէ կը վկայէ, որ Գանձասարի վանքը աղուանական ծագում ունի։
Անշուշտ գիրքին օրինակը միայն Ախունդով տեսած է եւ որ չէ ալ հրապարակած զայն։ Բայց հարցը այն է, որ Ախունդով ոչ իսկ գիտէ միջնադարագէտ- հնագէտ Անաթոլի Եաքոպսոնի մասին, որ Գանձասարը կը նկարագրէ իբրեւ տասներեքերրորդ դարու հայկական միջնադարեան ճարտարապետութեան եւ քանդակագործութեան եզակի կոթող մը։տեղին է նշել,որ Գանձասարի մէջ ամփոփուած են Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի ծնօտը, Լուսաւորիչի թոռան՝ Գրիգորիսի սուրբ նշխարները եւ այլ բազմաթիւ մասունքներ։
Անկախ հոգեւոր կեդրոն մը ըլլալու իր հանգամանքէն, Արցախի հանրապետութեան Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղի մօտակայքը, պատմական Մեծ Հայքի Արցախ նահանգի Մեծ Առանք գաւառին մէջ գտնուող Գանձասարի վանական համալիրը եղած է հայկական ազատագրական պայքարի կարեւորագոյն կեդրոններէն մին։Տասնեօթներորդ դարուն Գանձասարի կաթողիկոսները սերտօրէն գործակցած են Արցախի մելիքներու հետ եւ իրենց նշանակալից ներդրումը բերած են ազատագրական պայքարին։ Տասնեօթներորդ դարուն սկիզբը Եսայի Հասան Ճալալեան կաթողիկոսին շուրջ համախմբուած էին ազատագրական պայքարի ղեկավար գործիչները։ Այս վանքին մէջ կաթողիկոսներու հետ հանդիպումներ ունեցած են տասնվեցերորդ եւ տասնեօթներորդ դարերու հայ ազատագրական շարժման նշանաւոր գործիչներ Իսրայէլ Օրի եւ Յովսէփ Էմին։ Եւ Գանձասարի վանքին ազատագրական շարժման կեդրոնի դերակատարութիւնը պահպանուած է մինչեւ 1815 թուական, երբ ցարական կառավարութեան հրահանգով Գանձասարի կաթողիկոսութիւնը, որ անուանականօրէն միայն կը կոչուէր Աղուանից կաթողիկոսութիւն եւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ չորս կաթողիկոսութիւններէն մին էր, վերացուեցաւ եւ զայն փոխարինող արքեպիսկոպոսութեան աթոռը փոխադրուեցաւ Շուշի։
Իսկ երկրորդ թեմին հոգատարութեան տակ դրուեցան պաքուի եւ հարեւան գաւառներու հայկական եկեղեցիները եւ վանքերը, որոնցմէ այսօր ոչինչ գոյութիւն ունի։
Եթէ Արցախի եւ Վրաստանի նկատմամբ ատրպէյճանական ախորժակները յստակ են, Պաքուի իշխանութիւնները ներկայիս կը վարեն վրացիները սիրաշահելու քաղաքականութիւնը, ուր սակայն Դաւիթ Կարեճի վանական համալիրին պատկանելիութեան խնդիրը կը յուշէ Պաքուի իշխանութիւններուն իսկական նպատակներուն մասին։
Ա.Ա.