կարևոր
0 դիտում, 3 տարի առաջ - 2021-05-16 09:54
Սփյուռք

Ատրպեճանական վերջին թափանցումները Սիւնքի եւ Գեղարքունիքի մէջ՝ նորագոյն վկայութիւնն են Փաշինեանի անկարողութեան. ՀՅԴ Արևմտեան Ամերիկայի ԿԿ յայտարարութիւնը

Ատրպեճանական վերջին թափանցումները Սիւնքի եւ Գեղարքունիքի մէջ՝ նորագոյն վկայութիւնն են Փաշինեանի անկարողութեան. ՀՅԴ Արևմտեան Ամերիկայի ԿԿ յայտարարութիւնը

Գերիշխան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն ներս ատրպեճանական վերջին թափանցումները, Սիւնքի եւ Գեղարքունիքի մէջ, նորագոյն վկայութիւնն են Նիկոլ Փաշինեանի անկարողութեան՝ պաշտպանելու մեր հայրենիքին սահմանները ու երաշխաւորելու մեր ժողովուրդին անվտանգութիւնը։

Փաշինեանի կողմէ ՀԱՊԿի (Հաւաքական անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան կազմակերպութիւն) դիմելը՝ «խորհրդատուական կարգով», առանց նախ բանակին միջոցով փորձել պաշտպանելու երկրին հողային ամբողջականութիւնը, հարցականի տակ կը դնէ իր տարրական կարողութիւնները՝ երկրին գերիշխանութիւնը պահպանելու առումով։

Յստակ է, որ Հայաստան կը դիմագրաւէ գոյութենական տագնապ մը։

Սիւնիքի սահմանային գօտիներէն հասնող լուրերը կը նշեն, թէ կառավարութիւնը զինաթափած էր տեղւոյն բնակչութիւնը՝ նախ քան այս ներխուժումը, սահմաններու պաշտպանութիւնը ամբողջութեամբ խոցելի դարձնելով ազերի-թրքական մեքենայութիւններուն դէմ։

Յիշենք 5000 նահատակները, 10,000 վիրաւորները, 2000 անհետ կորսուածներն ու աւելի քան 250 ռազմագերիներ, որոնք կ՚ենթարկուին ամէնօրեայ տանջանքի ու մահուան՝ Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէ։

Նոյն այդ ատրպեճանական ուժերը այժմ ներխուժած են Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայինօրէն ճանչցուած սահմաններէն ներս, առանց փամփուշտ մը կրակելու եւ առանց հանդիպելու Հայաստանի կողմէ որեւէ զինուորական դիմադրութեան։

Մեր ազգային անվտանգութեան այս տագնապը աւելիով կը բարդանայ Ատրպէյճանի յայտարարած «լայնածաւալ ռազմափորձերով», որոնք տեղի պիտի ունենան Մայիս 16ին, Հայաստանի սահմաններուն մօտ։

Արձագանգելով Հայաստանի Մարդկային իրաւանց պաշտպան Արման Թաթոյեանի կոչերուն՝ Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի սահմանային գօտիներուն մէջ ստեղծել մարդասիրական եւ ապահովական գօտիներ, միաժամանակ բացայայտ է, որ Հայաստանի պետականութիւնը փրկելու ու անոր գոյատեւումը ապահովելու միակ բանալին նիկոլ Փաշինեանը պաշտօնէն հեռացնելն է։

Կ՚ողջունենք Հ.Յ.Դաշնակցութեան Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի որոշումը՝ «Հայաստան» դաշինքին մասնակցելու գծով, իբրեւ միջոց ճիգերու համախմբումին, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել մեր սահմանները ու կայունացնել երկիրը։ Խորապէս մտահոգ ենք ներկայ պահուն ու մինչեւ ընտրութիւններուն օրը՝ սպառնալիքներ դիմագրաւելու Հայաստանի իրական կարողութեամբ։

Ներկայ դրութեամբ, ամբողջութեամբ կը զօրակցինք Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գլրագոյն Մարմինին, երբ ան վճռած է առաջ ընթանալ մեր նախորդներու գծած ուղիէն, պահպանելու մեր անկախութիւնը, ազատագրելու Արցախը եւ ծառայելու Հայ դատին՝ համաշխարհային գետնի վրայ։ 

ՀԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆ ԴԱՇՆԱԿՑՈՒԹԵԱՆԱԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐ. ԿՈՄԻՏԷ

Լոս Անճելըս,15 Մայիս 2021