Փոխարժեքներ
24 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
«Չենք Կրնար Ստորագնահատել Դերը Լիբանանահայութեան,Որ Թէեւ Տագնապահար Է, Սակայն Կը Պահէ Կեդրոնական Դերակատարութիւնը Ո՛չ Միայն Սփիւռքեան, Այլ Նաեւ Համահայկական Առումով»
«Ազդակ»-ին Տուած Հարցազրոյցին Ընթացքին Յակոբ Տէր Խաչատուրեան Հաստատեց.
Հայաստանի մէջ տիրող նախընտրական կացութիւնը, Արցախի ներկայ կարգավիճակը, լիբանանահայութեան ապրած տագնապը եւ այս բոլորին մէջ Դաշնակցութեան ունեցած դերակատարութիւնն ու տարած աշխատանքը հանդիսացան ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի հետ «Ազդակ»-ի կատարած հարցազրոյցին առանցքը: Ան հաստատեց, որ Դաշնակցութեան համար անընդունելի է, որ պարտուած, հայութեան մեծ կորուստ պատճառած ու իր էութենէն պարպուած ղեկավարութիւն մը տակաւին ամէն գնով յամառի կառչիլ իշխանութեան, երբ ինք յստակօրէն պատասխանատուն է այս մեծագոյն աղէտին` աւելցնելով, որ ներկայիս «Հայաստան» դաշինքը կը ներկայացնէ լաւագոյն այլընտրանքը` հայութեան ու Հայաստանի ծառայող իր ծրագիրով: Բիւրոյի ներկայացուցիչը նաեւ լուսարձակի տակ առաւ Արցախին եւ անոր վերականգնման եւ կայունացման ծրագիրներուն կառչած մնալու հրամայականը, նաեւ շեշտեց սփիւռքեան եւ համահայկական առումով լիբանանահայութեան ունեցած կեդրոնական ու կարեւոր դերակատարութիւնը` նշելով, թէ Դաշնակցութիւնը այս առումով իր ուժերը լարած է ու պիտի փորձէ կարելին ընել օժանդակելու գաղութին, որպէսզի ծաղկի ու ազդեցութիւնը բազմապատկուի:
Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:
«ԱԶԴԱԿ».- Բնականաբար մեր հարցազրոյցը պիտի սկսինք Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարանական արտակարգ ընտրութիւններով: Մեր ընտրական դիրքորոշումները որոշ հոլովոյթ մը ապրեցան: «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ի կայացման մէջ մեծ էր դերը Դաշնակցութեան: Մեր պահանջն էր անմիջական հրաժարական եւ անցումի կառավարութեան ձեւաւորում: Ինչո՞ւ չիրականացաւ այդ մէկը. ի՞նչ էին հիմնական պատճառները:
ՅԱԿՈԲ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ.- Ճիշդ էք, որ այսօր տիրապետող օրակարգը Հայաստանի Ազգային ժողովի արտակարգ ընտրութիւններն են, ճիշդ էք նաեւ, որ արցախեան պատերազմէն անմիջապէս ետք մենք կարողացանք համախմբել ընդդիմադիր ուժերը եւ ստեղծել «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը, որ առաջին հերթին կը նախատեսէր Նիկոլ Փաշինեանի եւ իշխող ապազգային ու հողատու խումբին հեռացումը. այս իշխանութիւնը աղէտալի պարտութեան առաջնորդած է ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ այս վերջին երեք տարիներուն ցոյց տուած է, որ ապիկար կառավարական մեքանիզմով եւ առհասարակ հարցերուն անլուրջ մօտեցումով Հայաստանը տկարացուցած է, եւ մանաւանդ ամէնէն ցած մակարդակի հասցուցած Հայաստան-Ռուսիա եւ Հայաստան-Իրան յարաբերութիւնները, կացութիւն մը, որ չօգնեց պատերազմի յաջող ելքի ապահովման:
Եւ զարմանալի չէ ուրեմն, որ այս իշխանութեան պատճառով էր, որ հայութիւնը ապրեցաւ Հայաստանի նորագոյն անկախութեան ամէնէն աղէտալի էջերը` կորսնցնելով Արցախի մեծ մասը: Թշնամին տիրացաւ ազատագրուած հողերուն մեծ մասին, նոյնիսկ` Հատրութին եւ հասաւ մինչեւ Շուշի: Այս իշխանութիւնը կը կրէ պարտութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը եւ մեզի համար իսկապէս անընդունելի է, որ պարտուած ու իր էութենէն պարպուած ղեկավարութիւն մը տակաւին ամէն գնով յամառի կառչիլ իշխանութեան, երբ ինք յստակօրէն պատասխանատուն է այս մեծագոյն աղէտին:
«Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ը նոյեմբեր-դեկտեմբեր ամիսներուն մեծ թիւով ժողովուրդ համախմբեց հաւաքներով եւ ցոյցերով արտայայտելու իր ցասումը, բողոքն ու պահանջը. նպատակը անյապաղ ու անցնցում կերպով այս իշխանութեան հեռացման ապահովումն էր: Անշուշտ շատ աւելի մեծ թիւ էր հարկաւոր այդ հեռացումը ապահովելու համար, բայց հասկնալի էր նաեւ, որ ժողովուրդը ցնցումի եւ յուսահատութեան մէջ էր, «Քորոնա» համավարակը տակաւին աւեր կը գործէր եւ կ՛արգելակէր ցուցարարներու համախմբումը, իսկ ձմրան ամիսներն ալ կոտրեցին թափը. արդ` հաւանաբար արդար է մտածել, որ ամբողջովին չիրականացաւ մեր ձգտումն ու տեսլականը, այսինքն` «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ի ճնշումի ալիքին տակ կառավարութեան փոփոխութիւն իրականացնելն էր, ապա կազմելը ժամանակաւոր կառավարութիւն` Վազգէն Մանուկեանի ղեկավարութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլայ նախ հանդարտեցնել ժողովուրդը, երկրորդ` անոր վերադարձնել իր կորսնցուցած յոյսը, երրորդ` մեղմացնել աղէտին հետեւանքները, եւ վերջապէս` կազմակերպել արդար ու թափանցիկ արտահերթ ընտրութիւններ: Բայց եւ այնպէս կասկած իսկ չունինք, որ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»-ին, ժողովրդային ճնշումներուն, հաւաքներուն, բողոքի ցոյցերուն շնորհիւ է, որ իշխանութիւնը ստիպուեցաւ յայտարարել արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու կայացումը, որպէսզի բոլորով ներկայանանք ժողովուրդին` հնարաւորութիւն ստեղծելով, որ ան տայ իր վճիռը տեղի ունեցած զարգացումներուն լոյսին տակ:
«Ա.».- Եթէ նկատենք, որ անմիջական հրաժարականի տեսք չստացան այս պահանջներն ու բողոքի հաւաքները, այսօր ի՞նչ հանգամանքներ փոխուած են մտածելու, որ իշխանութիւններու հեռացման համար անպայման կը գոյանայ ընտրական անհրաժեշտ զանգուածը:
Յ.Տ.Խ.- Նախ հաստատեմ, որ կասկած չկայ, թէ իշխանութիւնները փորձեցին ժամանակ գնել: Պատերազմի աւարտէն 1-1,5 ամիս ետք վարչապետ Փաշինեան, երբ պարտութեան անմիջական ցնցումի շրջանը բոլորեց, փորձեց ինքզինք վերագտնել եւ հրապարակեց վեցամսեայ անկապ ծրագիր մը, որպէսզի արդարացնէ ինքզինք, ժողովուրդին մոռցնել տայ պատերազմի աղէտն ու իր անձնական պատասխանատուութիւնը եւ կեդրոնանայ իր իշխանութիւնը վերարտադրելու վրայ: Իսկ առաջադրած իր այլ ծրագիրներէն ոչ մէկը իրականացուցած է: Ինչպէս միշտ, այս իշխանութիւնները շատ կը խօսին, քիչ կը գործեն, իսկ անոնց ճղճիմ իրագործումներն անգամ ընդհանրապէս սխալ ձեւով կը կիրարկուին: Արդ` անհրաժեշտ էր, որ մենք այդ ճնշումի մակարդակը եւ քաղաքացիական անհնազանդութեան թափը բարձր պահէինք, մնալով Սահմանադրութեան եւ օրէնքի ծիրին մէջ: Նպատակը անշուշտ Փաշինեանը բեմէն անցնցում եւ առանց մեծ ընդհարումներու հեռացնելն էր: Ճիշդ է, որ չհեռացաւ, բայց գոնէ կարելի եղաւ հասնիլ այս փուլին` արտահերթ ընտրութիւններուն:
Ի՞նչն է կացութիւնը այսօր. նկատի ունենալով, որ արցախեան պատերազմի պարտութեան թուականէն արդէն անցած է աւելի քան 7 ամիս, Նիկոլ Փաշինեան կրկին ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ ժողովուրդին ուշադրութիւնը պատերազմէն շեղելու եւ վերադառնալու իր նախասիրած նիւթերուն եւ ապակողմնորոշիչ մօտեցումներուն` ժողովուրդին միջեւ բաժանարար գիծերու ստեղծումով, սեւ ու սպիտակի խնդիրի արծարծումով, նախկինները մեղադրելով, ատելութիւն սերմանելով եւ առհասարակ մթնոլորտը շիկացնելով: Մէկ խօսքով` այս իշխանութիւնները, հակառակ իրենց նախկին սիրոյ եւ հանդուրժողութեան մթնոլորտ ստեղծելու խոստումին, իրենց գոյութեան ամբողջ ընթացքին գործեցին իբրեւ ատելութիւն եւ բաժանում սերմանող իշխանութիւն: Բայց եւ այնպէս պիտի չյաջողին, որովհետեւ մենք կարողացանք ներկայանալ իբրեւ իսկական այլընտրանք` «Հայաստան» դաշինքի դիմագիծով:
«Ա.».- Հրապարակուած վիճակագրութիւններն ալ արդէն կը խօսին այդ մասին` նշելով, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան առաջնորդին վարկանիշը անկում կ՛արձանագրէ, իսկ անոր դիմաց «Հայաստան» դաշինքի վարկանշային թիւերու աճ կը նկատուի:
Յ.Տ.Խ.- Վերջին բոլոր հարցախոյզները, անկախ թէ ովքեր են պատուիրատուները` իշխանական ուժեր թէ ընդդիմադիր, ցոյց կու տան, որ կայ յստակ ընդհանրական գիծ մը. ստեղծուած են երկու մեծ բեւեռներ եւ Հայաստանի ժողովուրդին համար վարչապետի երկու հաւանական թեկնածու կ՛երեւի միայն` Նիկոլ Փաշինեանը, որուն կուրօրէն կառչած կը մնայ զանգուած մը, հակառակ անոր ամէն տեսակ ձախողութիւններուն եւ ստեղծած տագնապալի վիճակին, եւ կայ անոր ընդդիմացող նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը, որ կը ներկայանայ ՀՅԴ-ի եւ Վերածնուող Հայաստանի հետ կազմուած դաշինքով: Այս բեւեռացումը ժողովուրդին համար երկու հիմնական ուժերուն միջեւ ընտրութեան կարելիութիւն պիտի ստեղծէ, իսկ մնացեալ ուժերը երկրորդական, բայց կարեւոր դերակատարութիւն պիտի ունենան, մանաւանդ եթէ միակցական (քոալիսիոն) կառավարութիւն կազմելու հարց յառաջանայ, երբ առաջին փուլին խորհրդարան մտնեն 2-3 այլ ուժեր եւս. իսկ եթէ կառավարութիւն չկազմուի եւ ընտրական երկրորդ փուլի անհրաժեշտութիւն ծագի, այդ ուժերէն ոմանք կրնան կրկին համախմբուիլ երկու գլխաւոր խմբաւորումներուն շուրջ եւ ազդել ընտրութեան արդիւնքին վրայ:
Որքան ժամանակը կը թաւալի, այնքան ի յայտ կու գայ սնանկութիւնը այս իշխանութեան, եւ Փաշինեանի խայտառակ յայտարարութիւնները միայն շփոթ եւ ափսոսանք կը ստեղծեն` պատճառ դառնալով անոր վարկանիշի անկման:
Վերջին հարցախոյզերու տուեալներուն համաձայն, ճիշդ է, որ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի վարկանիշը կը նահանջէ, իսկ «Հայաստան» դաշինքինը կը բարձրանայ, բայց եւ այնպէս պէտք է ըլլալ զգուշ, որովհետեւ որեւէ վայրկեանի Հայաստանի մէջ կացութիւնը կրնայ կտրուկ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Յառաջիկայ օրերուն ճակատագրական է, որ պահենք քարոզարշաւի թափը եւ ժողովուրդին յստակօրէն բացատրենք մեր ընտրական ծրագիրի առաջադրանքները, որպէսզի ընտրողները կեդրոնանան իսկական հարցերուն վրայ եւ տեսնեն, թէ մենք ինչպէ՛ս կը պատկերացնենք ապագան, երբ գործէ վճռական, փորձառու եւ ամուր գաղափարական հիմք ունեցող ղեկավարութիւն մը, որ կը ձգտի Հայաստանը վերածել ուժեղ եւ կայուն պետութեան:
«Ա.».- Կը նախատեսէ՞ք երկրորդ փուլ. խնդրեմ նաեւ որոշ պարզաբանում տալ նաեւ ընտրական օրէնսգիրքին ճշդած այս բաժնին մասին: Ե՞րբ կ՛ըլլայ երկրորդ փուլը, ո՞վքեր կը մասնակցին եւ ի՞նչ համեմատութիւններ նկատի կ՛առնուին խորհրդարանէն ներս թիւերու տեղաբաշխումի առումով:
Յ.Տ.Խ.- Երկրորդ փուլի անհրաժեշտութիւն կրնայ ծագիլ, եթէ առաջին փուլով խորհրդարան անցնող կուսակցութիւնները չկարողանան կազմել կառավարութիւն: Եթէ կարելի չըլլայ կազմել միակցական կառավարութիւն յստակ ժամկէտներու մէջ, կը կազմակերպուի երկրորդ փուլը, որուն կը մասնակցին միայն երկու առաւելագոյն քուէ ստացած յառաջատար ուժերը, անոնց հնարաւորութիւն տալով նաեւ ներառելու այլ խմբաւորումներ եթէ յարմար նկատեն: Երկրորդ փուլին, մեծամասնութիւն ստացող խմբաւորումը կը ձեւաւորէ կառավարութիւնը. իսկ եթէ Ազգային ժողովի մեծամասնութիւնը փոքր է (օրինակ 50 կամ 51 տոկոս), ընտրական օրէնքով յաւելեալ աթոռներ կը տրուին յաղթող կողմին, որպէսզի գոյանայ 54 տոկոսի կայուն մեծամասնութիւն: Թէեւ Ազգային ժողովը աթոռներու նուազագոյն թիւը ճշդուած է (101 + 4 փոքրամասնութիւններու վերապահուած աթոռներ), սակայն ընդհանուր թիւը կը բարձրանայ կայուն մեծամասնութիւն ստեղծելու կամ ընդդիմութեան ընդհանուր տոկոսը ապահովելու հաշուարկումով:
Այս ընտրութիւններուն կայ հաւանականութիւն երկրորդ փուլի, բայց ամէն ինչ կախեալ է անկէ, թէ առաջին փուլով ո՛ր ուժերը կը մտնեն խորհրդարան, այդ ուժերէն որո՛նք պատրաստ են իրարու հետ գործակցելու, որպէսզի ստեղծուի միակցական կառավարութիւն. անշուշտ եթէ «Հայաստան» դաշինքը կամ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ը առանձնապէս չկարողանան ստանալ մեծամասնութեան քուէներ:
Հարցազրոյցը վարեց` ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
(Շար. 1)
aztagdaily.com