Փոխարժեքներ
25 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.76 |
EUR | ⚊ | € 406.4 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.79 |
GBP | ⚊ | £ 488.37 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.31 |
Իրապէս անհասկնալի եւ անհեթեթ երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք: Մինչ լիբանանահայութիւնը գոյութեան կռիւ կը մղէ, վերականգնումի աշխատանքներ կը տանի, գաղութի բոլոր կարողականութիւնները ի սպաս կը դրուին վերակառուցման աշխատանքներուն, որոշներ` կենցաղային եւ մարդկային ճգնաժամային այս փուլին, տակաւին կը շարունակեն իրենցմէ ապսպրուած ապակառուցողական սեւ աշխատանքները` գաղութի միասնականութիւնը փճացնելու եւ դիմադրողականութիւնը քանդելու:
Երբ տակաւին առկայ են մեզի ծանօթ Լիբանանի ընկերատնտեսական, ելեւմտական, ներքաղաքական, դրամանիշի արժեզրկման, երկրի գործադիր իշխանութեան բացակայութեան, առողջապահական եւ յատկապէս 4 օգոստոսին Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին իբրեւ հետեւանք ստեղծուած լիբանանահայութեան օրհասական պայմանները, փոխանակ նիւթական, ֆիզիքական եւ հոգեկան ճգնաժամը ամոքելու, վերջերս` լիբանանահայութեան իրականութեան առումով, դարձեալ ընկերային ցանցերու վրայ յայտնուած են որոշ շրջանակներ, արտաքին թէ ներքին մութ գրասենեակներու պատուէր կատարող անհատներ, որոնց նպատակն է, ըստ էութեան, Դաշնակցութեան եւ անոր ուղեկից միութիւններուն լիբանանահայութեան կատարած օժանդակութեանց եւ մատուցուած ծառայութեանց գործընթացը հարուածել, լիբանանահայութեան մէջ կասկածամտութիւն յառաջացնել, գաղութը պառակտել եւ խնդրոյ առարկայ դարձնել կատարուած վիթխարի աշխատանքի տարողութիւնը:
Արդարեւ, հակառակ այն իրողութեան, որ իր կատարած աշխատանքներուն մասին անընդհատ խօսիլը Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան էութեան, նկարագիրին եւ կենսափորձին խորթ կը թուի ըլլալ եւ բնաւ մաս չէ կազմած կուսակցութեան ծաւալած գործունէութեան մշակոյթին, սակայն` այս պարագային, բացառաբար, երբ վերջերս ականատեսը կը հանդիսանանք ընկերային ցանցերու վրայ հակադաշնակցական մոլուցքին, ցեխարձակումներուն, սուտերուն, կեղծիքներուն եւ ըսի-ըսաւներուն, որոնց համաձայն, իբր թէ անհրաժեշտ օժանդակութիւններն ու ծառայութիւնները իրենց բուն հասցէատէրերուն չեն հասնիր, պարտք կը զգանք բոլոր բամբասողներուն, իրականութիւնները խեղաթիւրողներուն, լիբանանահայութեան դժուարութիւնները շահարկողներուն եւ վերջապէս ապատեղեկատուութեամբ զբաղողներուն սեփականութիւնը դարձնել կրկին, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը` իր ուղեկից միութիւններով անցնող հինգ ամսուան ընթացքին ցարդ կատարած է եւ կը շարունակէ իրականացնել հետեւեալ ծրագիրներն ու օժանդակութիւնները:
Այո՛, ապատեղեկատուութեամբ եւ բամբասանքներով զբաղողներուն, անհիմն զրպարտութիւններ եւ ամբաստանութիւններ տարածողներուն, կեղծիքով, սուտերով եւ արտաքին ուժերու պատուէր կատարողներուն, այս գաղութը երբեմնի իր համահայկական եւ ազգային առաջադրանքներու հետապնդումի տեսանկիւնէն, յառաջատար դիրքերէն եւ դերակատարութիւններէն տկարացնել, պառակտել եւ հարուածել փափաքողներուն միանշանակ մեր պատասխանը առաջին հերթին պիտի ըլլայ այն, որ դուք չարաչար կը սխալիք եւ անվերադարձօրէն դատապարտուած էք ձախողութեան: Երկրորդ պատասխանը պիտի ըլլայ այն, որ մեր իրագործած ծրագիրները, կատարած աշխատանքները եւ տակաւին շարունակուող աշխատանքներուն ծաւալը եւ անմիջականութիւնը պիտի մերկացնեն տուեալ խմբակներուն, անհատներուն ազգադաւ մութ ծրագիրները: Իսկ վերջապէս երրորդ պատասխանը պիտի ըլլայ հետեւեալը.
Մի՛ շարունակէք այս ոճը.
Մի՛ շարունակէք լիբանանահայութեան տառապանքը եւ դժուարութիւնները շահարկել.
Մի՛ շարունակէք ձեր սին փորձերով գաղութի հաւաքական կարողականութիւնները ջլատել.
Մի՛ շարունակէք, այլապէս ժողովուրդին մօտ վճիռը պիտի սաստկանայ ձեզպէսներուն հանդէպ:
Արդարեւ, հակիրճ ակնարկ մը ցարդ կատարուած աշխատանքներուն.
1.- Նոր տարուան առիթով, մեկնելով տնտեսական տագնապէն: 2200 ընտանիքի նուէր ուտեստեղէն:
2.- Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերման առաջին իսկ օրէն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ջանքերով ստեղծուեցաւ «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապ` լիբանանահայութեան առողջապահական անվտանգութեան եւ ընդհանրապէս ժահրի կանխարգիլման ի խնդիր:
3.- Սոյն Շտապին նախաձեռնութեամբ, հանրութեան բաշխուեցաւ հականեխման զանազան դեղեր եւ առարկաներ պարունակող 4500-է աւելի ծրար: Նաեւ բաժնուեցաւ շուրջ 55.000 քթակապ:
4.- Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետութեանց գործակցութեամբ, Շտապը յաջողեցաւ հայկական տարբեր կեդրոններ, եկեղեցիներ, ազգային հաստատութիւններ հականեխել յաճախակի դրութեամբ:
5.- Շտապը նախաձեռնեց գործազուրկ եւ կարիքաւոր ընտանիքներու սննդեղէն ապահովելու գործին: Բաշխուեցաւ սննդեղէնի 2100 կտրօն, ինչպէս նաեւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան հետ գործակցաբար` 1000 տուփ:
6.- Հեռակայ շրջաններու` Զահլէի, Ժիպէյլի եւ Թրիփոլիի մեր հայրենակիցներուն նաեւ տրամադրուեցաւ 400 ծրար` Ա. հանգրուանին 250 ծրար, իսկ Բ. հանգրուանին` 150:
7.- Կուսակցութիւնը եւ Շտապը 1200 ծրար տրամադրեցին շրջաններու ակումբներուն` Երեսփոխանական գրասենեակին միջոցով:
8.- Ինչպէս նաեւ կազմակերպուեցան դեղորայքի հայթայթման աշխատանքներ. այս ծրագիրէն ցարդ օգտուեցան շուրջ 800 պարագաներ, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ բազմաթիւ հայորդիներու բժշկական եւ հիւանդանոցային ծախսերու եւ թղթաբանական խնդիրներու կարգաւորումը:
9.- Հայկական երեսփոխանական գրասենեակի եւ Շտապի ջանքերով կարելիութիւնը ստեղծուեցաւ Պէյրութի քաղաքապետութենէն 800 պարագաներու ապահովել 200.000 լիբ. ոսկի արժողութեամբ կտրօններ: Նոյն ձեւով կարելի եղաւ ապահովել բանակի միջոցով բաժնուած 400.000 լ. ոսկի գումար` 370 պարագաներու:
10.- Կուսակցութեան միջամտութեամբ թէ՛ Պուրճ Համուտի, եւ թէ՛ այլ շրջաններու քաղաքապետութիւններ սննդամթերքի ծրարներ կամ կտրօններ բաշխեցին շրջանի հայորդիներու:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ճամբով բաժնուեցաւ 3000 ուտեստեղէնի կտրօն` 60.000 լ. ո. արժողութեամբ:
11.- Լիբանանահայ օգնութեան խաչի բոլոր մասնաճիւղերու կատարած վիթխարի աշխատանքները, առանց մանրամասնութեան մէջ մտնելու` ծերունիներու հոգատարութեան, տաք ճաշի սպասարկման (ԼՕԽ-ը` շաբաթական դրութեամբ 1500 ճաշ կը պատրաստէ տարեցներու), խնամքի, դեղորայքի եւ բժշկական, մնայուն են, եւ ոչ թէ պարբերաբար կատարուող:
12.- Իսկ վերջապէս ինչ կը վերաբերի շրջաններու աշխատանքներուն, անկախ կեդրոնական աշխատանքներէն` Կեդրոնական կոմիտէի, Շտապի, Երեսփոխանական պլոքի, քաղաքապետութիւններու, շրջաններու բոլոր կոմիտէները, զօրաշարժի ենթարկելով իրենց կարողականութիւնը, նախաձեռնեցին բազմատեսակ օժանդակութիւններու եւ ծառայութիւններու` կարիքաւոր բոլոր ընտանիքներուն եւ պարագաներուն անխտիր:
Այլ խօսքով, մինչեւ 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը արդէն իսկ նպաստ բաշխուած էր աւելի քան 6500 ընտանիքի, թէկուզ առնուազն մէկ անգամ:
Այսօր, «Քորոնա»-ի շտապը ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետապնդէ վարակման ախտանշաններ ունեցող պարագաները: Ցարդ կատարուած է 2400 «Փի.Սի.Ար.»-ի քննութիւն Շտապի ծախսերով, նաեւ` հիւանդանոցային դասաւորումներ, ընտանեկան պարագաներու պայմաններու քննութիւն, շրջապատի հականեխում…
Երեսփոխանական գրասենեակը շարունակեց հետապնդել իրեն հասած դիմումները, հիւանդանոցային կարգադրութիւններ, դեղորայք, ծախսերու մասնակցութիւն, վարձակալական հարցերու հետապնդում, պետական գրասենեակներու մօտ առկախ հարցերու դասաւորում…
4 օգոստոսի պայթումէն ետք անմիջապէս նիւթական օժանդակութիւն տրուեցաւ դժուարութեան մէջ եղող Պէյրութի հայ ընտանիքներուն: Ապահովուեցաւ բնակարան եւ պանդոկ` անբնակելի դարձած տուներու բնակիչներուն. անմիջապէս նիւթական օգնութիւն կատարուեցաւ բնակիչներուն: Նահատակ հայորդիներու տուներու նորոգութիւնը ստանձնեց Կեդրոնական կոմիտէն:
Ներկայ փուլին կը բաժնուին 1500 տուփ սննդամթերք, առաւել Հայաստանի ՀՅ Դաշնակցութեան Գերագոյն մարմինէն տրամադրուած 1000 ընտանիքի ծրար:
Հետամուտ եղանք կազմելու Լիբանանահայութեան վերականգնումի մարմինն ու լծուելու համահայկական հանգանականութեանց աշխատանքին:
Եւ դեռ աշխատանքը պիտի շարունակուի, նուազագոյն քարոզչութեամբ եւ կրնկակոխ հետեւողականութեամբ:
ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ