Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
«Ալ Ահրամ»ի հրատարակութիւն «Տիուան» (Դիւան) ամսաթերթը Ապրիլ ամսուան թիւով բաւական լայն եւ ուրոյն անդրադարձ կատարած է Հայկական հարցին, Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան, մշակոյթին, համաշխարհային հռչակ վայելող հայոց եւ այլն։
Թիւին մէջ «Շնորհակալութիւն Եգիպտոս» խորագրուած յօդուած ստորագրած է եգիպտահայոց թեմի առաջնորդ Աշոտ եպսկ. Մնացականեան, իսկ պատմաբան Մոհամմէտ Ռէֆհաթ էլ Իմամ լայնօրէն անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան՝ «Եգիպտոս Հայոց ցեղասպանութեան ականատես վկան» խորագրուած ակնարկով։
Պատշաճ ծանօթագրութեամբ մը պարբերականի այս թիւին մէջ հրապարակուած է Անդրանիկ Ծառուկեան «Թուղթ առ Երեւան» երկարաշունչ բանաստեղծութեան առաջին բաժինի արաբերէն թարգմանութիւնը, առանց նշելու թարգմանիչի անունը։ Նորութիւն մը նման հրատարակութիւններու համար։
Ցեղասպանութեան մշակութային արձագանգներէն անդրադարձ կատարուած է նաեւ օրին Ամերիկայի մէջ արտադրուած երկու ֆիլմերու՝ Ravished Armenia (1919 թուական) և 1896-ին Պոլսոյ մէջ Պանք Օթոմանի գրաւման հետեւած կոտորածին նուիրուած EMC ընկերութեան 1901-ին արտադրած ֆիլմին, որ թէեւ գոյութիւն չունի այսօր, սակայն ընկերութեան արտադրած ֆիլմերու կատալոգին մէջ պատկերաւոր նկարագրութիւնը թարգմանած ու հրատարակած է պարբերականը։
Հետաքրքրական է պարբերականի խմբագրութեան պատրաստած մուտքի յօդուածը՝ «Հայոց կոտորածը. ոճիր զոր չի սրբեր ժամանակը... իսկ մշակոյթը կը շարունակուի». թէեւ վերջին հազարամեակով սահմանափակուած է հայոց պատմութեան անդրադարձը, սակայն Հայաստանէ՛ն բռնագաղթի մասին ակնարկը հետաքրքրական կը դարձնէ զայն։