կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-03-16 10:39
Հասարակություն

ՀՅԴ 128-ամյակի տոնակատարություն` Ֆրեզնոյում

ՀՅԴ 128-ամյակի տոնակատարություն` Ֆրեզնոյում

ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրհան» կոմիտէութիւնը մեծ հանդիսութեամբ նշեց կուսակցութեան 128ամեակը Ֆրեզնոյի մէջ: Ֆրեզնօն եզակի դրութիւներ ունի եւ ՀՅԴ գործիչներ նկատած են այդ եւ այստեղ ունեցած են արդիւնաւէտ գործունէութիւն: Ուիլեըմ Սարոյեան ֆրեզնօն ընտրած է իր մնայուն տունը, Անդրանիկը Ֆրեզնօ նախընտրած է ապրիլ, իսկ Սողոմոն Թեհլիրեան իր կեանքի վերջին տարիներուն Ֆրեզնօ ապրած է. անոր շիրիմը եւ յուշարձանը կոմիտէութիւնը գուրգուրանքով կը պահէ:

Նախքան կեդրոնական ձեռնարկներուն սկսիլը, «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան շարքերը համալրեցին նորագիր երիտասարդներ: Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան շրջանիս Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչները՝ առաջնորդութեամբ Քարմէն Օհանեանի: Ուխտեալ ընկերներուն կնքահայրն էր վեթերան ընկեր Եդուարդ Մկրտիչեան: Ան իր ամփոփ խօսքով շեշտեց նորագիրներուն դաշնակցութեան միջոցաւ ազգին ծառայելու յանձնառութիւնը:  Ան յորդորեց անոնց՝ նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ ծառայել ազգին:

Ընկերներու այս հանդիպման աւարտին, անոնք վերադարձան աշխատանքի՝ կազմակերպելու «Ասպարէզ» կեդրոնին մէջ, երեկոյան երգահանդէսը, որ նուիրուած էր ՀՅԴի 128ամեակին:

Սոյն ձեռնարկը վստահուած էր Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի երիտասարդներուն, որոնք լաւագոյնս կատարեցին իրենց վս-տահուած առաքելութիւնը:

Երգահանդէսին ներկայ էին քոյր կազմակերպութիւնները, ինչպէս նաեւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, որոնց ներկայութիւնը ժողովուրդին կողքին յատկանշական էր:

Կարօտ Գարողլանեան բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ՝ ներկայացնելով «Գէորգ Չաւուշ» ուխտը: Ապա ժամանակը տրամադրուեցաւ պարեղանակներու. ժողովուրդը խանդավառ՝ մասնակցեցաւ:

Երեկոն շարունակուեցաւ անա-կնկալ ելոյթով մը, երբ հայաստանցի արուեստագէտ եւ մարտիկ Մակիչ Մկրտչեան ցնցեց սրահը իր ելոյթով: Ան պատգամ մը ուղեց ժողովուրդին եւ ամփոփ կերպով շեշտեց, թէ միայն զէնքով կայ հայոց փրկութիւն ու ըսաւ, որ հայու կամքը կարելի չէ կոտրել:

Առաջին երգը նուիրուած էր Մենակին՝ գրուած Վանայ Իշխանի կողմէ: Ան Յաջորդաբար մեկնաբանեց «Մենք պէտք է կռուենք» եւ «Արամ Մանուկեան» երգերը (գրուած Յարութ Գալաճեանի կողմէ): Մակիչը դարձեալ դաստիարակիչ ելոյթով անդրադարձաւ այն սերունդին, որ զոհուեցաւ եւ ժողովուրդին նուիրեց Սարդարապատ եւ Արցախ: Վերջին երգը «Ղարիպ Ախպեր»ն էր։

Կարճ դադարէ ետք, ուշ երեկոյան հանդէս եկաւ երգիչ Գառնիկ Սարգիսեան եւ երեք ժամ՝ առանց դադարի, յեղափոխական երգերով թնթացուց ժողովուրդին սիրտերը:

Գառնիկը գրաւեց սիրտերը մանաւանդ երիտասարդներուն, որոնք շրջապատած էին բեմահարթակը եւ կը մասնակցէին երգերուն: Ան յիշեց Վիգէն Յովսէփեանը՝ իբրեւ հեղինակը շատ մը երգերու, ինչպիսին են՝ «Հայոց Մարտիկներ» եւ «Աբօ Աշճեան»ի նուիրուած երգերը: Գառնիկ Սարգիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան՝ զինք հրաւիրելնուն համար եւ յայտնեց այն միտքը, թէ նման երեկոներ յիշատակելի կը մնան ժողովուրդի յիշողութեան մէջ: «Օտարութիւն» երգին ընթացքին ան յիշեց Համբիկ Սասունեանը եւ յիշեցուց բոլորիս, թէ Համբիկը ներկայ է մեր միտքերուն մէջ: Հայ ժողովուրդը կը սպասէ արդարութեան, որուն տակաւին Ամերիկեան դատախազութիւնը նոյն հասկացողութիւնը չունի՝ ինչպէս Գերմանական դատարանը՝ Թեհլիրեանի դատաւարութեան ատեն: Վարձքդ կատա՛ր Գառնիկ Սարգիսեան, երբ յիշեցիր Համբիկը։ Երեկոն իր գագաթնակէտին հասաւ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով։

Յաջորդ առաւօտ, Սուրբ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ յիշատակին «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ընկերներու, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ: Այս առիթով, յատկապէս ներկայ էր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, նաեւ Կեդրոնական կոմիտէէն ընկերներ:

Պատարագի աւարտին, սարկաւագներու ընկերակցութեամբ, ամբողջ կազմը ներկայ գտնուեցաւ «Արարատ» գերեզմանատունը, ուր կը գտնուի Սողոմոն Թեհլիրեանի շիրիմը եւ յուշարձանը:  Յուշարձանի արծիւի թեւերուն տակ խօսք առաւ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Քարմէն Օհանեան: Ընկերուհին շեշտեց այն հանգամանքը, թէ Սողոմոն Թեհլիրեան համեստօրէն կատարած էր իր պարտականութիւնը եւ հաստատած այն պատիւը, որուն հայ ժողովուրդը արժանի է:

Նշմարելի էին ՀՄԸՄի «Սասուն» մասնաճիւղի դրօշակակիր սկա-ուտները, որոնք կարգապահութեամբ՝ մեխակներով եւ վարդերով զարդարեցին հերոս Թեհլիրեանի շիրիմը: Մակիչը մեկնաբանեց «Գինի լից» երգը՝ յարգելով յիշատակը այն ընկերոջ, որ օր մը, իր կարգին շարունակած էր նուիրական գործը:

«Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ընկերները երգեցին «Վէրքերով Լի»ն՝ ուխտելով շարունակել գործը:

Կեդրոնական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Կիրակի,10  Մարտին, կէսօրէն ետք ժամը 2ին, «Ասպարիզ» կեդրոնին մէջ: Հանդիսավար Ռօզի Պետրոսեան հրաւիրեց ՀՄԸՄի սկաուտները, որոնք հանդիսաւոր տողանցքով զետեղեցին դրոշները եւ երգեցին Հայաստանի եւ ՀՅԴի քայլերգները:

Հանդիսութեան ներկայ էին թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Տաճատ վրդ. Աշըքեան եւ Ֆրեզնոյի մօտ Հայաստանի հիւպատոս Պերճ Աբգարեան:

Պերճ Աբգարեան յիշեց ՀՅԴ հիմնադիրները եւ նշեց այն կարեւոր դէմքերը, որոնք կերտեցին Մայիս 28ը: Ան նշեց անունները Դրոյի, Սիմոն Վրացեանի եւ Արամ Մանուկեանի, որոնք իրենց ընկերներով համախմբեցին բոլոր ուժերը: Ան ըսաւ. «Առանց առաջին հանրապետութեան այսօր կարելի չէր ունենալ ներկայ անկախ պետութիւնը»:

Յովհաննէս Գարօղլանեան փոխանցեց կոմիտէին խօսքը: Ան ըսաւ, թէ ՀՅԴն միակն է, որ մնաց պատնէշի վրայ, եւ անմոռանալի մարտիկներ նուիրեցին իրենց կեանքը Հայաստանի եւ Հայ Դատին համար: Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց Ֆրեզնոյի երիտասարդաց պարախումբը, որուն անդամները գոյնզգոյն տարազներով զարդարեցին բեմը եւ խանդավառ պարերով, երրորդութեան նկարի շուքին տակ, պարեցին եւ կենդանացուցին անցեալը:

Խօսք առաւ ՀԵԴ «Գէորգ Չաւուշ» ուխտի ատենապետ Կարօտ Գարօղլանեան, որ յիշեցուց բոլորին, որ մեր պահանջը Թուրք պետութենէն մեր հողերն են: Գեղարուեստական բաժինին մասնակցեցաւ Գառնիկ Սարգիսեան, որ իր տպաւորիչ ձայնով երգեց «Երբ Ալեկոծ»՝ Կուկունեանի նուիրուած երգը, ինչպէս նաեւ «Բարի գեղեցիկ առաքինի ընկերը մարդուն» երգերը:

Հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց օրուան բանախօսը՝ Վիգէն Յովսէփեանը: Ապա բեմ բարձրացաւ երգիչ Մակիչ Մկրտիչեան եւ դաստիարակիչ խօսքով հանդէս եկաւ՝ շեշտելով մարտիկներու գերագոյն զոհաբերութեան: Ան ամբողջ էութեամբ երգեց «Գարահիսար» եւ «Սուլուխի կռիւը» երգերը եւ խորհրդաւոր փայլք մը շնորհեց հանդիսութեան:Փակման խօսքով հանդէս եկաւ «Թեհլիրեան» կոմիտէութեան ներկայացուցիչ Րաֆֆի Շխրտմեան, որ շնորհաւորեց ՀՅԴի 128ամեայ գործունէութիւնը եւ յիշեցուց, թէ Ֆրեզնօն ունեցած է յատուկ անցեալ մը: Ան ըսաւ, թէ հոս է, որ հիմնուած է «Ասպարէզ» օրաթերթը, առաջին կոմիտէութիւնը, «Քալիֆորնիա Քուրիըր»ը եւ իր հաստատութիւններով կը հանդիսանայ կարեւոր գաղութ մը: Րաֆֆի Շխրտմեան յիշեց այն վրիժառու բազուկները, որոնք օր մը Ֆրեզնոյի ճամբով անցած են, ինչպիսին են՝ Արշաւիր Շիրակեան, Միսակ Թորլաքեան եւ Սողոմոն Թեհլիրեան: Ապա ներկաները հրաւիրուեցան կոմիտէութեան ընկերուհիներուն կողմէ պատրաստուած հիւրասիրութեան:

Յարգա՛նք ՀՅԴի ծառայութեան եւ յարգանք բոլոր կամաւորներուն, որոնք կը շարունակեն գործը: Երբեմն ամայի այս օտար վայրերուն մէջ, ուր ընկերները կը գտնուին մինակութեան դժուար պայմաններուն մէջ: Ձեռնարկներու յաջողութիւնը կը կայանայ այն միտքին մէջ, թէ կոմիտէութիւնը կը ներկայանայ ժողովուրդին ամբողջ պատրաստակամութեամբ պաշտպանելու այն ժողովուրդի իրաւունքները, որուն համար ճամբայ ինկաւ 1890ին Քրիստափորի, Ռոստոմի եւ Զաւարեանի հիմնած հայ ժողովուրդի պաշտպան Դաշնակցութիւնը: