կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-14 20:51
Տարածաշրջան

ՀՄԸՄ-ի 100-ամյակի պաշտոնական տոնակատարություն՝ Դամասկոսում

ՀՄԸՄ-ի 100-ամյակի պաշտոնական տոնակատարություն՝ Դամասկոսում

Կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Դամասկոսի վարչութեան, Ուրբաթ 7 Դեկտեմբեր 2018-ին երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Հայ կաթողիկէ «Ամինեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմնադրութեան 100 ամեակի առթիւ նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւն՝ ներկայութեամբ Արհիապատիւ Տէր Յովսէփ Եպս. Առնաութեանի, Հ.Հ. արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Պրն. Տիգրան Գէորգեանի, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ տօքթ. Նորա Արիսեանի, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային Վարչութեանանդամներու, Սուրիոյ սկաուտական շարժումի ներկայացուցիչներու եւ հոծ բազմութեան:

Ձեռնարկը ընթացք առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ Քայլերգներով՝ կատարողութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի շեփորախումբին, ապա ներկաները հրաւիրուեցան մէկ վայրկեան յոտնկայս՝ յարգելու 7 Դեկտեմբեր 1988թ. Սպիտակի երկրաշարժի զոհերուն արդար ու անթառամ յիշատակը։

Բացման խօսքը ներկայացուց վարչութեան ատենապետ Եղբ. Միհրան Ղազարեան, ուր հաստատեց թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը սոսկ մարզական կամ սկաուտական միութիւն մը չէ, այլ դպրոց մը՝ իր մարդակերտիչ եւ Հայակերտիչ ծրագրով։ Ան նշեց թէ Հ.Մ.Ը.Մ. ը Եղաւ առաքելութիւն մը իր վեհ սկզբունքներով ու ազնուագոյն իտէալներով, որ մեծցաւ եւ ուռճացաւ աշխարհի հինգ ցամաքամասերու 26 երկիրներուն մէջ, ծնունդ տալով 110 մասնաճիւղերու: 
Գեղարուեստական բաժնին մէջ Գայլիկները ներկայացուցին «Հայ ենք մենք» եւ բարի գալուստի խմբերգներ, ապա յայտագիրը ընդգրկեց հետեւեալ բաժինները։
• Դաշնամուր «Արամ Խաչատուրեան»էն, Սերլի Առաքելեան 
• Ասմունք «Հայոց Լեզուն», Մարալ Սեւերեկլեան
•Ջութակ «Ազգ փառապանծ», Արեն Սեթիկեան 
•Ասմունք «Ուխտ Արարատի», Ալին Հարենցեան 
•Մեներգ «Մենք ենք մեր սարերը», Սարին Գաթգլեան
• Ջութակ «Սարդարապատ», Սերժ Պոյաճեան
•Ասմունք «Սասունցիների պարը», Միրելա Խալիլ
•Դաշնամուր «Արամ Խաչատուրեան»էն, Ռիթա Մահսէրէճեան

Կակուղ թաթիկները, Գայլիկներն ու սկաուտները ձեռնարկը ճոխացուցին գեղեցիկ պարերով, բուրգերով եւ խմբային երգերով:
Հետաքրքրական էր տեսաերիզի ցուցադրութիւնը, որ կը ներկայացնէր Դամասկոսի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմական նկարները հիմնադրութենէն մինչեւ այսօր, պատրաստուած՝ Դալար Հարենցեանի կողմէ:

Օրուայ պատգամը արտասանեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Եղբ. Մանուկ Քէօշկերեան: Ան ամփոփ ձեւով ներկայացուց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմականը՝ շեշտելով միութեան դաստիարակիչ դերը, ապա շեշտեց որ այսօր Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխարհասփիւռ մեծ ընտանիքի անդամներուն թիւը հասած է 26.000-ի, որոնք պատրաստ են ամէն տեսակի զոհողութեան՝ բարձր պահելու համար այն դրօշը որ իրենց կտակուեցաւ միութեան հիմնադիրներուն կողմէ իբր նահատակներու ձեռքէն փոխանցուած անմար ջահ:

Տեղի ունեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ երկարամեայ ծառայող 14 եղբայրներու յուշանուէրներու բաշխում, իբր գնահատանք անոնց մարզական եւ սկաուտական մարզերէն ներս տարած երկար տարիներու ծառայութեան համար։

Ձեռնարկը փակուեցաւ «Յառաջ նահատակ» քայլերգով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտներու եւ բոլոր ներկաներու երգեցողութեամբ:
Ձեռնարկէն ետք «Աւետիս Ահարոնեան կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն:

Image may contain: 16 people, people standing, suit and indoor

Image may contain: 2 people, people on stage and people standing

Image may contain: one or more people and people standing

Image may contain: 1 person, standing

Image may contain: 3 people, people dancing, people on stage, shoes and basketball court

Image may contain: 5 people, people smiling, people standing and suit