կարևոր
0 դիտում, 8 տարի առաջ - 2016-05-30 13:12
Տարածաշրջան

Հայաստանի Հանրապետության կերտման 98-ամյակի տոնակատարություն՝ Հալեպում

Հայաստանի Հանրապետության կերտման 98-ամյակի տոնակատարություն՝ Հալեպում

Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահան Ս. Արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան, Կիրակի, 29 Մայիս 2016ի երեկոյեան ժամը 6.00ին, «Գ. Եսայեան» հանդիսասրահէն ներս, հալէպահայութիւնը փառաշուք կերպով նշեց Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման 98ամեակը:

Սուրիոյ եւ Հայաստանի Հանրապետութեան զոյգ քայլերգներով հանդիսութեան բացումէն ետք, Ռաֆֆի Սիւլահեան եւ Սալբի Թիւֆէնքճեան հայերէն եւ արաբերէն բացման խօսքերով հաստատեցին. «28 Մայիս 1918ին ստեղծուած ՀՀ Անկախութիւնը անկիւնադարձ մը եղաւ մեր նորագոյն պատմութեան մէջ, ուր դարերու հալածանքներէն ու ջարդերէն ետք, հայութիւնը հաստատեց իր ազատ ապրելու իրաւունքը եւ այսօր 98 տարիներ ետք կ՛ամրապնդենք ինքնիշխան գոյատեւելու մեր կամքը, քաջ գիտակցելով, որ ազգերը կը զարգանան ու կը զօրանան իրենց ազատ ու անկախ պետականութիւններով եւ սեփական ուժերով»: 
Ապա տեսերիզի ցուցադրութեամբ ներկայացուեցաւ անկախութեան կերտման պատմականը:
Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցաւ համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի. երգչախումբը յաջորդաբար ներկայացուց «Է հէյ ոտքի հայ Ժողովուրդ», «Հայրենասարական երգերու շարք», «Ազատ Հայաստան», «Պիտի պաշտպանենք» եւ «Սարդարապատ» երգերը, ապա Աւօ Ալեքսանեան իւրայատուկ ոճով ներկայացուց Հրայր Մարուխեանի նուիրուած երգը՝ Կիթառով, որուն յաջորդեց խմբային ասմունք` Սիամանթոյէն համադրում մը, կատարողութեամբ` Պէթի Քիլէրճանի, Արա Մութաֆեանի եւ Մարիա Մանսուրեանի:
Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ Ռոպերթ Ամիրխանեանի «Իմ Հայաստան» երաժշտական ստեղծագործութիւնը, կատարողութեամբ Ռոզի Շուշանեանի` Ջութակ, Դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի:

Համազգայինի «Սարդարապատ» եւ «Շուշի» պարախումբերու ճոխ պարերը եկան յաւելեալ փայլք տալու ձեռնարկին:

Օրուան բեմավար Պէթի Քիլէրճեան ոգեւորիչ մէջբերումներով խանդավառեց ներկաները, ապա բեմ հրաւիրեց Թեմակալ Առաջնորդը, որ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցելէ ետք ըսաւ. «Մայիս 28-ով կերտուած յաղթանակը հայրենակերտումի եւ ազգային մեր իղձերու ու իտէալներու իրականացման հիմնաքարն ու մեր նոր ժամանակներու սխրագործումներու մեկնակէտը կը նկատուի: Սուրիահայ ժողովուրդը իր տագնապին մէջ անգամ չի կրնար մոռնալ պատմական մերձաւոր անցեալի այն եզակի յաջողութիւնը, որ առաջնորդող խորհրդանիշն է մեր բոլոր յաղթանակներուն»: Ապա Սրբազան Հայրը շնորհաւորական խօսք ուղղեց՝ ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսին, անոր ճամբով ՀՀ Նախագահին, Արցախի Նախագահին ու ժողովուրդին, յատկապէս անոր սահմանները պաշտպանող քաջ ,մարտիկներուն եւ ներկայ հանդիսականներուն, մաղթելով որ մեր հաւաքական զօրութենականութեամբ մօտ ապագային կերտենք Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Ամբողջական Հայրենիքը:

Սրբազան Հօր եզրափակիչ խօսքով հանդիսութեան պաշտօնական բաժինը վերջ գտաւ:

Հուսկ, ազգային եւ հայրենասիրական երգերով ելոյթ ունեցան` Խաչիկ Աշճեան, Լուսին Յովհաննէսեան, Մեղրի Նազարեան եւ Ճորճ Գալայճեան, Երգեհոնի նուագակցութեամբ Ռեպեր Խաչատուրեանի, որոնք փունջ մը ռազմահայրենասիրական երգերով ոգեւորեցին ներկայ բազմութիւնը եւ «Արիւնոտ Դրօշ» երգով փակեցին 98ամեակի հանդիսութիւնը:


«Գանձասար»