Փոխարժեքներ
14 05 2025
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 387.99 |
EUR | ⚊ | € 435.64 |
RUB | ⚊ | ₽ 4.833 |
GBP | ⚊ | £ 517.81 |
GEL | ⚊ | ₾ 141.55 |
Հորիզոն - Երկուշաբթի, 29 Յուլիս 2019-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնին մէջ, Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ հանդիպում ունեցան Գանատայի Ժառանգութեան եւ Մշակոյթի նախարար տիար Փապլօ Ռոտրիկէզի հետ: Մէկ ժամուան տեւողութեամբ հանդիպումին քննարկուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբին յառաջիկայի ծրագիրները, այլ համայնքներու հետ փոխ յարաբերութիւններու ընթացքը, Հայաստան-Գանատա երկկողմանի յարաբերութիւններնն ու քաղաքական գետնի վրայ յանձնախումբին առաջնահերթութիւնները:
Նախարար Փապլօ բարձր գնահատեց Գանատայի հայ համայնքին ներդրումը՝ զանազան ոլորտներու մէջ, ինչպէս նաեւ նախարարութեան յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեց: Երկու կողմերը խոստացան շարունակել համագործակցութիւնն ու երկխօսութիւնը՝ քննարկուող հարցերն ու գանատահայ համայնքին վերաբերող ծրագիրները հետապնդելու ի խնդիր:
Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչ Մհեր Գարագաշեան, Հայ Դատի Օթթաուայի գրասենեակի գործավար Սեւակ Պէլեան եւ Հայ Դատի Շրջանային յանձնախումբի անդամ Յարութ Դաւիթեան: