կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-26 20:24
Առանց Կատեգորիա

26-27 ­Փետ­րո­ւար 1988, ­Սում­կա­յիթ. Ար­ցա­խի «միա­ցո՜ւմ» պա­հան­ջին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յաս­պան պա­տաս­խա­նը

26-27 ­Փետ­րո­ւար 1988, ­Սում­կա­յիթ. Ար­ցա­խի «միա­ցո՜ւմ» պա­հան­ջին՝ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յաս­պան պա­տաս­խա­նը

Փետ­րո­ւա­րի 26էն 28 աշ­խար­հի չորս ծա­գե­րէն մի­լիո­նա­ւոր մար­դիկ սահմռ­կած աչ­քե­րով հե­տե­ւե­ցան ազ­գա­յին «մաք­րազտ­ման» քստմնե­լի ոճ­րա­գոր­ծու­թեան մը, որ ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան սեւ ու ա­րիւ­նա­լի է­ջե­րէն մէ­կը դար­ձաւ՝ «­Սում­կա­յի­թի փոկ­րո­մը» ա­նու­նով։

Իսկ հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար մինչ այդ գրե­թէ ան­ծա­նօթ անդր­կով­կա­սեան ծո­վե­զե­րեայ քա­ղաք մը՝ ­Սում­կա­յի­թը դար­ձաւ «ման­րան­կար» հո­մա­նի­շը… Տէր-­Զօ­րի։

Այ­սօր ար­դէն ման­րա­մաս­նօ­րէն եւ ան­վի­ճե­լիօ­րէն փաս­տագ­րո­ւած են ա­հա­ւո­րու­թիւնն ու բար­բա­րո­սու­թիւ­նը Խ. Ատր­պէյ­ճա­նի այդ ա­տե­նո­ւան իշ­խա­նու­թեանց ի­րա­գոր­ծած թրքա­տիպ Ո­ճի­րին՝ ­Սում­կա­յի­թի հայ բնակ­չու­թեան զան­գո­ւա­ծա­յին սպան­դին։

Բայց 26-28 ­Փետ­րո­ւար 1988ին ոչ ոք, ոչ իսկ ­Թուր­քիոյ գոր­ծադ­րած ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րապ­րած հա­յու­թիւ­նը կրնար հա­ւա­տալ, թէ քսա­նե­րորդ դա­րա­վեր­ջին փաս­տօ­րէն կը կրկնո­ւէր դա­րաս­կիզ­բի մեծ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը՝ այս ան­գամ թէեւ ման­րան­կա­րա­յին տա­րո­ղու­թեամբ, այ­դու­հան­դերձ սա­կայն ցե­ղաս­պա­նա­կան միեւ­նոյն վայ­րա­գու­թեան սան­ձար­ձակ մո­լուց­քով։

Մի­ջազ­գա­յին հան­րա­յին կար­ծի­քը ձե­ւա­ւո­րող եւ ա­ռաջ­նոր­դող շրջա­նակ­նե­րը օ­րին ի­րենք իսկ փու­թա­ցին հաս­տա­տե­լու, թէ ­Սում­կա­յի­թի մէջ ա­զե­րի խու­ժա­նը՝ հա­ւա­քագ­րո­ւած, զի­նո­ւած եւ ղե­կա­վա­րո­ւած ըլ­լա­լով քա­ղա­քի ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն կող­մէ, 1988ի փետ­րո­ւա­րեան այս օ­րե­րուն կազ­մա­կերպ յար­ձակ­ման են­թար­կեց քա­ղա­քի հայ բնակ­չու­թիւ­նը։

Միա­ժա­մա­նակ՝ մի­ջազ­գա­յին մա­մու­լի է­ջե­րուն ինչ­պէս ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ, այն­պէս ալ այ­սօր տա­կա­ւին շրջա­նա­ռու­թեան մէջ կը դրո­ւին մեկ­նա­բա­նու­թիւն­ներ, ըստ ո­րոնց՝ ե­ղա­ծը իբր խորհր­դա­յին մեծ քա­ղա­քա­կա­նու­թեան կա­պո­ւած քա­ղա­քա­կան խաղ էր։ Իբր՝ այդ ժա­մա­նակ ­Խորհրդա­յին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ լայն ար­ձա­գանգ գտած Ար­ցա­խեան պա­հան­ջա­տի­րու­թեան ծա­ւա­լու­մը պատ­ճառ ե­ղաւ ազ­գա­մի­ջեան լա­րո­ւա­ծու­թեանց սրու­մին հա­յե­րու եւ ա­զե­րի­նե­րու մի­ջեւ։

Բայց նոյ­նիսկ նման ան­հիմն վե­րագ­րում­նե­րու հե­ղի­նակ­նե­րը ի­րենք չեն կրնար ու­րա­նալ փաս­տա­ցի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ կը խոս­տո­վա­նին, որ ­Հա­յաս­տա­նէն փա­խուստ տո­ւած եւ Ատր­պէյ­ճա­նի տար­բեր շրջան­ներն ու, ա­նոնց կար­գին, ­Սում­կա­յիթ թա­փած ա­զե­րի գաղ­թա­կան­նե­րը ա­ռա­ւե­լա­գոյնս գոր­ծա­ծո­ւե­ցան ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց կող­մէ, որ­պէս­զի ամ­բո­խա­յին գրգռու­թեանց քո­ղով ծած­կո­ւի Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քին ապ­րող հայ բնակ­չու­թիւ­նը սպան­դի են­թար­կե­լու եւ այդ սպառ­նա­լի­քով ­Սում­կա­յի­թի եւ ամ­բողջ Ատր­պէյ­ճա­նի հա­յե­րը երկ­րէն վտա­րե­լու ատր­պէյ­ճա­նեան բո՛ւն ո­ճի­րը։

Ա­մէն պա­րա­գա­յի աշ­խար­հով մէկ հաս­տա­տո­ւած փաստ եւ ըն­դու­նո­ւած ի­րո­ղու­թիւն է այ­սօր, որ մի­ջազ­գա­յին հե­ղի­նա­կա­ւոր ա­տեան­նե­րը ի­րե՛նք ա­նուն-ազ­գա­նու­նով կը յի­շա­տա­կեն ­Սում­կա­յի­թի իշ­խա­նա­ւոր այն դէմ­քե­րը, ո­րոնք նախ հրահ­րե­ցին եւ, ա­պա, գա­զա­զած ամ­բո­խին գլու­խը ան­ցած, նա­խա­պէս պատ­րաս­տո­ւած ցու­ցակ­նե­րու հի­ման վրայ, հա­յե­րու բնա­կա­րան­նե­րուն եւ խա­նութ­նե­րուն վրայ յար­ձա­կում եւ եր­կօ­րեայ ա­րեան բաղ­նիք կազ­մա­կեր­պե­ցին…

Ո­րո­շա­պէս փաս­տագ­րո­ւած է ա­նու­նը ­Ճա­հան­կիր ­Մուս­լում­զա­տէ կո­չուած ­Սում­կա­յի­թի Կոմ­կու­սի ա­ռա­ջին քար­տու­ղա­րին, որ գլխա­ւոր պա­տաս­խա­նա­տուն ե­ղաւ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած հա­յե­րու սում­կա­յի­թեան փոկ­րո­մին, ո­րուն շու­տով պի­տի հե­տե­ւէին ­Պա­քո­ւի եւ այլ վայ­րե­րու ա­ւե­լի լայ­նա­ծա­ւալ ո­ճիր­նե­րը։

Սում­կա­յի­թի հա­յոց սպան­դին մէջ պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան իր բա­ժի­նը ան­կաս­կած ու­նե­ցաւ նաեւ խորհրդա­յին կեդ­րո­նա­կան իշ­խա­նու­թիւ­նը։

Կ­րեմ­լի ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը շատ ուշ մի­ջամ­տեց՝ ատր­պէյ­ճա­նեան ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թիւ­նը սան­ձե­լու հա­մար։ Իսկ երբ մի­ջամ­տեց, քա­ղա­քա­կան իշ­խա­նա­փո­խու­թեան կոր­պա­չո­վեան խա­ղե­րուն հա­մա­պա­տաս­խան շար­ժե­ցաւ՝ հա­յու­թեան բա­ժին հա­նո­ւած ող­բեր­գու­թեան հա­մար­ժէք կե­ցո­ւածք չճշդե­լով ու հա­տու եւ զսպիչ հա­րո­ւած չտա­լով յան­ցա­գործ­նե­րուն։

Խորհր­դա­յին իշ­խա­նու­թիւ­նը օ­րին մին­չեւ իսկ նսե­մաց­նել փոր­ձեց ­Սում­կա­յի­թի սպան­դին տա­րո­ղու­թիւ­նը։ Ա­մէն ճիգ թա­փեց, որ­պէս­զի միայն 30 մե­ռեալ ցոյց տայ հայ զո­հե­րուն թի­ւը, մինչ­դեռ ա­կա­նա­տես­նե­րու եւ վե­րապ­րող­նե­րու ան­հեր­քե­լի վկա­յու­թիւն­նե­րով ու տո­ւեալ­նե­րով՝ ա­ւե­լի քան 200 ան­զէն ու խա­ղաղ բնա­կիչ հա­յե­րու ա­րիւն հե­ղե­ցին ա­զե­րի ջար­դա­րար­նե­րը։
Ե­րե­սուն տա­րի­ներ ան­ցած են ­Սում­կա­յի­թի այդ սահմռ­կե­ցու­ցիչ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան փետ­րո­ւա­րեան սեւ օ­րե­րէն։

Հա­յե­ւատր­պէյ­ճա­նեան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը ա­րեան եւ մա­հո­ւան ամ­բողջ ճամ­բայ մը կտրած են ­Սում­կա­յի­թէն աս­դին։

Բուն կռո­ւախն­ձո­րը՝ Ար­ցա­խը ի­րո­ղա­պէս ա­զա­տագ­րո­ւած եւ իր ան­կախ հան­րա­պե­տու­թիւ­նը հաս­տա­տած, ար­մա­տա­ւո­րած եւ զար­գաց­ման հու­նի մէջ դրած է։ Բայց ցե­ղաս­պա­նա­կան ո­ճի­րի գնով հայ­կա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը ոտ­նա­կո­խե­լու քա­ղա­քա­կան մո­լուց­քը տա­կա­ւին կ­’ե­ռայ ատր­պէյ­ճա­նեան իշ­խա­նու­թեանց մէջ, վկան՝ եր­կու տա­րի ա­ռաջ բռնկած Ապ­րի­լեան քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազմն է…

Հայ ժո­ղո­վուր­դը ­Փետ­րո­ւա­րի այս օ­րե­րուն կը սգայ եւ կ­’ո­գե­կո­չէ ­Սում­կա­յի­թի իր նա­հա­տակ­նե­րը, ո­րոնք անլ­ռե­լի վկա­ներն են հա­յաջն­ջու­մի թրքա­տիպ ե­ղեռ­նա­գոր­ծու­թեան շա­րու­նա­կո­ւող վտան­գին։
Մին­չեւ որ ցե­ղաս­պա­նը խո­նար­հի եւ խոս­տո­վա­նի իր գոր­ծած սպան­դը, ո­րուն մա­սին վկա­յող ա­ղա­ղակ-ճիչ մըն է պատ­մու­թեան պատ­կա­նող հե­տա­գայ ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը.

«­Փետ­րո­ւա­րի 27. ժա­մը 5ին թուր­քե­րի ամ­բո­խը ներ­խու­ժեց հա­րե­ւան հինգ յար­կա­նի շէն­քը… Ես իմ աչ­քե­րով տե­սել եմ միայն ­Սա­շա­յի եւ նրա տիկ­նոջ՝ Ա­ւա­գեան ­Լո­լա­յի ու քրոջ սպա­նու­թիւ­նը: Աղ­մուկ-ա­ղա­ղակ էր, սու­լոց: 100-150 հո­գի էին: Մ­տան շքա­մուտք: Սա­շա­յին սպան­նե­ցին շքա­մուտ­քի մօտ, խփում էին փայ­տե­րով, ոտ­քով, եր­կա­թէ ձո­ղե­րով, դա­նա­կա­հա­րում:

Սա­շա­յի քոյ­րը պատշ­գամ­բից գո­ռում էր, օգ­նու­թիւն կան­չում: Ամ­բո­խը, ­Սա­շա­յին մոր­թե­լուց յե­տոյ, բարձ­րա­ցաւ նրա տուն, ան­մարդ­կա­յին ոռ­նոց էր լսւում նրանց պատշ­գամ­բից, մի քա­նի ժամ յե­տոյ ­Սա­շա­յի քրո­ջը խոշ­տան­գո­ւած վի­ճա­կում շպրտե­ցին 5րդ ­յար­կից, իսկ տիկ­նո­ջը մեր­կաց­րած մօտ մէկ ժամ քարշ էին տա­լիս շէն­քի բա­կում եւ բռնա­բա­րում. կի­նը չդի­մա­ցաւ… Ե­րեք հա­յե­րի յօ­շո­տո­ւած մար­մին­նե­րը մի քա­նի ժամ մնա­ցին շէն­քի բա­կում»… (ա­կա­նա­տես ­Սէյ­րա­նեան Էլ­մի­րա­յի վկա­յու­թիւ­նը)։

Այդ­պէ՛ս մո­լեգ­նե­ցաւ թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած եւ ան­պա­տիժ մնա­ցած հա­յաս­պա­նա­կան ո­ճի­րին ներշն­չու­մով ե­րե­սուն տա­րի ա­ռաջ բոր­բո­քած ատր­պէյ­ճա­նա­կան յոր­ձան­քը։

Ար­դա­րեւ, 1915ին թրքա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած հա­յաս­պա­նու­թեան ո­ճի­րը, ան­պա­տիժ մնա­լով եւ մի­ջազ­գա­յին ա­ռու­մով քա­ղա­քա­կան անհ­րա­ժեշտ ար­դա­րա­հա­տոյ­ցի չեն­թար­կո­ւե­լով, պատ­ճառ դար­ձաւ որ պատ­մու­թիւ­նը պար­բե­րա­բար կրկնուի։

Ի­րենց կար­գին ատր­պէյ­ճա­նա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը ան­պա­տիժ մնա­լով՝ ոչ միայն շա­րու­նա­կե­ցին հա­կա­հայ պար­բե­րա­կան ջար­դե­րը, այ­լեւ՝ պատ­մա­կան ճշմար­տու­թեան ու­րաց­ման պե­տա­կան ի­րենց քա­րոզ­չու­թիւ­նը հաս­ցու­ցին իր գա­գաթ­նա­կէ­տին, նոյ­նինքն զո­հը՝ հա­յու­թիւ­նը իբ­րեւ ցե­ղաս­պան ներ­կա­յաց­նե­լու սուտ ու կեղծ «պատ­մագ­րու­թեամբ»։

Իսկ ­Թուր­քիոյ ու­նե­ցած քա­ղա­քա­կան ազ­դե­ցու­թեան լծակ­նե­րով եւ ատր­պէյ­ճա­նի նաւ­թա­յին հարս­տու­թեամբ՝ ան­պա­տիժ մնա­ցած հա­մաթր­քա­կան ցե­ղաս­պա­նը ա­նար­գել կը շա­րու­նա­կէ իր սու­տին ու կեղ­ծի­քին սպա­սար­կե­լու պատ­րաստ ծա­խու խիղ­ճեր գտնել աշ­խար­հի տա­րած­քին, որ­պէս­զի լռու­թեան պատ հիւ­սէ ­Սում­կայ­թի ող­բեր­գու­թեան շուրջ։

Ար­դէն քա­նի տա­րի է, ա­հա՛, որ Ատր­պէյ­ճա­նի դի­ւա­նա­գի­տա­կան մե­քե­նան, ­Թուր­քիոյ պե­տա­կան ա­ջակ­ցու­թեան հո­վա­նիին տակ, աշ­խար­հով մէկ կեղծ ա­հա­զանգ կը հնչեց­նէ իբր թէ «­Խո­ջա­լո­ւի մէջ հա­յե­րու գոր­ծած հա­կա-ա­զե­րիա­կան ցե­ղաս­պա­նու­թեան» դէմ…

Սում­կա­յի­թի հա­կա­հայ սպան­դին պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տա­րո­ւէ տա­րի նոր թափ կու տան ու­րա­ցու­մի եւ խե­ղա­թիւր­ման ի­րենց այդ ար­շա­ւին, ո­րով­հե­տեւ մե­ծա­պե­տա­կան ու­ժե­րը ի­րենց հա­շիւ­նե­րով իսկ չեն ու­զեր մե­ղադ­րեա­լի ա­թո­ռին նստեց­նել ո­րո­շա­պէս Ատր­պէյ­ճանն ու ­Թուր­քիան, այլ շա­րու­նակ կը փնտռեն ա­ռիթ­ներ, որ­պէս­զի իբ­րեւ ի­րա­ւա­րա­րի՝ իբր թէ հա­ւա­սար աչ­քով նա­յին ցե­ղաս­պա­նին եւ զո­հին… պղտոր ջու­րի մէջ ձուկ որ­սա­լու կար­ճա­տես պա­տե­հա­պաշ­տու­թեամբ։

Այդ ա­ռու­մով ալ մե­ծա­պե­տա­կան ա­րեւ­մուտ­քը ինք եւս պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թեան բա­ժին ու­նի՝ կա­մայ թէ ա­կա­մայ խրա­խու­սե­լով հա­մաթր­քա­կան ու­ժե­րու հա­կա­հայ մո­լուցքն ու ա­նոր պար­բե­րա­կան ցե­ղաս­պա­նա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րը։

Սում­կա­յի­թը ա­րիւ­նա­լի վկան ու յու­շա­րարն է դառ­նա­գոյն այդ ի­րո­ղու­թեան եւ ող­բեր­գու­թեան։

Ն.