Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7։00-էն սկսեալ, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական միութեան, Թեսաղոնիկէի հայութիւնը «Սպիտակ Աշտարակ»ին մօտ, հարիւրաւոր հայորդիներով, իր բողոքի ցասումը արտայայտեց Հայաստանի վրայ սարձազերծուած ատրպէյճանական յարձակումներուն դէմ։
Անոնք դատապարտեցին կատարուածը եւ կոչ ուղղեցին համայն աշխարհին ճշմարտութեան կոչը բարձրաձայնել ամենուրեք, ինչպէս նաեւ իրենց ձեռքերուն վրայ բարձրացուցած Եռագոյն դրօշով զօրավիգ կը հանդիսանային հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած իւրաքանչիւր զինուորի։
Ելոյթի ներկայ էին նաեւ օտար անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ Կիպրացի Ուսանողներու միութեան քարտուղար՝ Եոթա Խրիսթոտուլու, Յունական Լուծում կուսակցութեան անդամներէն՝ Գոմնինոս Եորղոս եւ այլ քաղաքական դէմքեր, որոնք ելոյթ ունեցան այս կապակցութեամբ եւ իրենց զօրակցութիւնը յայտնեցին Հայ ժողովուրդին։ Հայկական կողմէ ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւ՝ Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեան, Հայ դատի Յանձնախումբի, ազգ. կառոյցներու, հաստատութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ, երիտասարդներ եւ պատանիներ։
Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» Երիտասարդական միութեան կողմէ բացումը կատարեց Ալեքսիա Ռաֆայելիտու։ Խօսք առաւ նաեւ վարչութեան ատենապետուհի՝ ընկ. Աննա-Մարիա Ալեքսանեան, մանրամասնելով կատարուած բոլոր իրողութիւնները Հայաստանի սահմաններէն ներս, ինչպէս նաեւ Մարգարիտա Մնացականեան։
Աւարտին, բողոքի ներկաները մեկնեցան Չիմիշքի փողոցին վրայ գտնուող խաչքարին մօտ, ուր գերպ. հայր սուրբին կողմէ տեղի ունեցաւ աղօթք, ինչպէս նաեւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ մոմավառութիւն։ Բողոքը վերջ գտաւ հայկական եւ յունական քայլերգներով։
azator.gr