կարևոր
0 դիտում, 2 տարի առաջ - 2021-11-24 14:13
Աշխարհ

­­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ վար առ­նո­ւե­ցաւ հա­յու­թեան դէմ մի­տո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան քարոզչական սադ­րան­քը

­­­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ վար առ­նո­ւե­ցաւ հա­յու­թեան դէմ մի­տո­ւած ատր­պէյ­ճա­նա­կան քարոզչական սադ­րան­քը

Հ.Յ.Դ. ­­Յու­նաս­տա­նի ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ազ­դու մի­ջամտու­թեամբ կանգ ա­ռաւ ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի քա­ղա­քի հան­րա­կառքե­րուն վրայ ե­րեւ­ցած ատր­պէյ­ճա­նա­կան գո­վազդա­յին ար­շա­ւը, որ ցոյց կու տար Ատր­պէյ­ճա­նի զի­նո­ւած ու­ժե­րուն կող­մէ բռնագ­րաւո­ւած ­­Շու­շի քա­ղա­քի պատ­մա­կան բեր­դը եւ ա­նոր պա­րիսպ­նե­րուն վրայ ե­րեւ­ցող ­­Շու­շիի ա­նո­ւան ատր­պէյ­ճա­նա­կան տար­բե­րա­կը, իսկ յու­նա­րէն լե­զո­ւով գրո­ւած էր «­­­Շու­շա, Ատր­պէյ­ճան» գրու­թիւ­նը։

­­Հան­րա­կառքը նկա­րո­ւած էր ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի ճամ­բա­նե­րուն վրայ եւ ա­նոր նկա­րը լայն տա­րա­ծում գտած էր ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու օգ­տա­տէ­րե­րուն կող­մէ, ո­րոնք բուռն կեր­պով դա­տա­պար­տե­ցին ատր­պէյ­ճա­նա­կան փոր­ձե­րը՝ ներ­կա­յաց­նե­լու հայ­կա­կան ­­Շու­շին որ­պէս ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­ղաք։ Ն­շենք, որ զա­նա­զան լրագ­րող­ներ եւս ի­րենց է­ջե­րէն բո­ղո­քի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րով պա­հան­ջե­ցին ծրա­գի­րի կա­սե­ցու­մը։

­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րը ա­րագ հա­կազ­դե­լով, կա­պի մէջ մտան ­­Թե­սա­ղո­նի­կէի հան­րա­յին փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րու սպա­սար­կու­թեան տնօ­րէ­նին հետ, որ խոս­տա­ցաւ ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն դադ­րեց­նել մնա­ցեալ հան­րա­կառքե­րու նոյն գո­վազ­դով ե­րե­ւու­մը եւ ամ­բող­ջու­թեամբ չե­ղար­կել ծրա­գի­րը։ Տ­նօ­րէ­նը յայտ­նեց, թէ գո­վազ­դա­յին աշ­խա­տան­քը յանձ­նո­ւած էր մաս­նա­գի­տա­ցած ըն­կե­րու­թեան մը, իսկ պե­տա­կան սպա­սար­կու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը տե­ղեակ չէին ա­նոր պա­րու­նա­կու­թե­նէն։ ­­Յի­շեց­նենք, որ շա­բաթ­ներ ա­ռաջ, ատր­պէյ­ճա­նա­կան նմա­նօ­րի­նակ գո­վազ­դա­յին ծրա­գիր մը ե­րեւ­ցաւ ­­Լոն­տո­նի մէջ եւ կանգ ա­ռաւ շնոր­հիւ Հ.Յ.Դ. ­­Լոն­տո­նի ­­Հայ դա­տի յանձ­նա­խում­բի ջան­քե­րուն։

Ն­շենք, որ ­­Յու­նաս­տա­նի մէջ Հ.Հ. դես­պա­նու­թիւ­նը եւս կարճ յայ­տա­րա­րու­թեամբ մը հան­դէս ե­կաւ ատր­պէյ­ճա­նա­կան քա­րոզ­չա­կան սադ­րան­քին մա­սին եւ յայտ­նեց, թէ յու­նա­հայ հա­մայն­քա­յին կա­ռոյց­նե­րուն հետ միա­սին ա­մէն մի­ջոց կը գոր­ծադ­րո­ւի, որ­պէս­զի այդ սադ­րան­քը չէ­զո­քա­ցո­ւի եւ ա­պա­գա­յին չկրկնո­ւի։