Փոխարժեքներ
22 11 2024
|
||
---|---|---|
USD | ⚊ | $ 389.45 |
EUR | ⚊ | € 409.74 |
RUB | ⚊ | ₽ 3.86 |
GBP | ⚊ | £ 491.95 |
GEL | ⚊ | ₾ 142.08 |
Մարտ 15ը հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ անջնջելիօրէն դրոշմուած է իբրեւ Օրն Արդարահատուցման, Օրը՝ Թալէաթի ահաբեկման։
Յատկապէս Մարտ 15ին, ամէն տարի, մեր սերունդներու շրթներէն, հպարտութեան եւ ոգեւորութեան անսանձ զեղումով, բարձրաձայն կը հնչէ Հայոց Ցեղասպանութեան ծանրագոյն ոճիրին թիւ 1 պատասխանատուին՝ Թալէաթի ահաբեկման նուիրուած ժողովրդային սրտաբուխ «Գինի լից» երգը.
Աշխարհ պատեց հայի ահը,
Գետին ընկաւ թուրքի գահը,
Քեզ պատմեմ Թալէաթին մահը,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անուշ:
Դաշնակցութիւն ժողով արեց,
Շուն Թալէաթին մահ որոշեց,
Թեհլիրեանի բախտը բացուեց,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անուշ:
Թալէաթ փաշան փախաւ Պերլին,
Թեհլիրեանը հասաւ ետին
Զարկաւ ճակտին, փռեց գետին,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անուշ:
Շուն Թալէաթին գցին հորը,
Լուր ղրկեցին պոռնիկ մօրը,
Կեցցէ հայոց կամաւորը,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անուշ:
Յիշատակդ միշտ փառաւոր,
Շիրիմիդ լոյս Քրիստափոր,
Մայիս 28 շնորհաւոր,
Գինի լից, ընկեր ջան, գինի լից,
Խմողաց անուշ:
Այսօր կը լրանայ 98ամեակը արիւնի եւ արհաւիրքի ամբողջ պատմութիւն մը խտացնող ու խորհրդանշող արդարահատոյց այդ ահաբեկչութեան։
15 Մարտ 1921ին, Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղին մէջ, օր-ցերեկով, Սողոմոն Թեհլիրեան անունով 25ամեայ հայ երիտասարդ մը ահաբեկեց Մեհմէտ Թալէաթ փաշան՝ Առաջին Աշխարհամարտի ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան ներքին գործոց եղեռնագործ նախարարը։
Իր Ժամանակաշրջանի միջազգային քաղաքականութեան տխրահռչակ դէմքերէն է Թալէաթ, որ իբրեւ թրքական պետութիւնը կառավարող Իթթիհատական Եռապետութեան գլխաւոր ներկայացուցիչը ոչ միայն Օսմանեան Կայսրութիւնը մխրճեց անհեռանկար ու կործանարար Աշխարհամարտին մէջ, այլեւ՝ աշխարհասասան պատերազմի թոհուբոհէն «օգտուելով»՝ հրահանգեց գործադրութիւնը հայ ժողովուրդի բնաջնջման ցեղասպանական ահաւոր ծրագրին։
Ինչպէս Իթթիհատական ղեկավարութեան բոլոր անդամները, նոյնպէս եւ Թալէաթ Պոլսէն փախուստ տուաւ՝ Առաջին Աշխարհամարտի աւարտին չարաչար պարտութիւն կրած թրքական պետութեան յանցագործութիւններուն համար անձնապէս հաշուետուութեան կանչուելու եւ դատուելու անխուսափելի պարտաւորութենէն խուսափելու համար։
Թալէաթ հաստատուեցաւ Պերլինի Չարլոթընպըրկ թաղը, ծպտուեցաւ ու ինքնաթուղթ փոխեց, որպէսզի ոչ ոք գտնէր իր թագստոցը եւ ինք կարենար այդպէ՛ս, օրէնքէ եւ արդարադատութենէ խոյս տուած, «վայելել» իր յանցագործ կեանքին «մեղքի պտուղներ»ը։
Մեծ հաւանականութեամբ Թալէաթ թերեւս կարենար խուսափիլ Դաշնակիցներու եւ մինչեւ իսկ իր կործանարար իշխանութեան հետեւանքով ծանր կորուստ կրած թուրքերու հետապնդումներէն կամ «արդարադատութենէն»։ Բայց Թալէաթի ձեռքերուն վրայ մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան արիւն կար եւ դեռ չէր չորցած բիւրաւոր հայ նահատակներու՝ հայ մայրերու եւ երեխաներու, հայ կոյսերու եւ ալեհերներու արիւնը։
Եւ յանուն հայ ժողովուրդին ու մէկուկէս միլիոն մեր նահատակներուն՝ Դաշնակցութիւնը որոշեց մահապատիժի ենթարկել մեծ ջարդարարը, հետապնդեց ու գտաւ Թալէաթը եւ Սողոմոն Թեհլիրեանը ուղարկեց Պերլին, որպէսզի հրէշի թագստոց-բնակարանին առջեւ գետին փռէ հայ ժողովուրդի թիւ 1 ցեղասպանին։
Այսպէ՛ս. 1919ի աշնան, Երեւանի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 9րդ Ընդհանուր Ժողովին, տրուեցաւ որոշումը ցեղասպանութեան պատասխանատուներու մահապատիժին։ Արմէն Գարոյի եւ Շահան Նաթալիի գլխաւորութեամբ կազմուեցաւ յատուկ Մարմին՝ ծրագրելու, կազմակերպելու եւ գործադրելու համար Դաշնակցութեան որոշումը։ Եւ կեանք առաւ հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատուները ահաբեկելու «Նեմեսիս» (յունական դիցաբանութեան Վրէժի չաստուածին անուան հետեւողութեամբ) գործողութիւնը։
Ճակատագրի դասաւորումով՝ մինչ այդ աշխարհին ու հայ ժողովուրդին անյայտ դաշնակցականի մը՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի վստահուեցաւ իրագործումը Հայկական Արդարահատուցման։
Եւ հայ ժողովուրդի արդարադատ՝ վրիժառու բազուկը խորհրդանշող անունը դարձաւ Սողոմոն Թեհլիրեան։
Ազգային Հերոսի դափնեպսակին արժանաւորապէս տիրացած դաշնակցական ահաբեկիչը ծնած է 2 Ապրիլ 1896ին, Արեւմտեան Հայաստանի Դարանաղեաց (Կամախ) գաւառի Վարի Բագառիճ գիւղը, Երզնկայի մերձակայքը։ Հայրը՝ թրքական իշխանութեանց կողմէ երկրէն աքսորուած եւ Սերպիա հաստատուած Խաչատուր Թեհլիրեան տարիներով պանդխտութեամբ հոգաց ապրուստը Երզնկա մնացած իր կնոջ եւ հինգ զաւակներուն, որոնց կրտսերն էր Սողոմոն։
Սողոմոն իր ուսումը ստացաւ Երզնկայի նախ Բողոքականաց, ապա՝ «Եզնիկեան» վարժարաններուն մէջ, իսկ 1912ին աւարտեց տեղւոյն Կեդրոնական վարժարանը, ուր իր առաջին ծանօթութիւնը ունեցաւ դաշնակցական գործիչներու հետ եւ փարեցաւ Դաշնակցութեան։
1913ին Սողոմոն ինք եւս մեկնեցաւ Սերպիա՝ հօր ու անոր միացած ընտանիքին մօտ, որպէսզի տարի մը ետք անցնէր Գերմանիա՝ բարձրագոյն ուսման հետեւելու համար։ Բայց 1914ին պայթած Առաջին Աշխարհամարտը լրիւ փոխեց կեանքի ուղին նաեւ 18ամեայ Սողոմոնի։ 1914ի աշնան, ծնողքէն գաղտնի, ան անցաւ Սոֆիա (Պուլկարիա), ուր կը հաւաքագրուէին Կովկաս կամաւոր երթալու պատրաստ Պալքանեան թերակղզիի պանդուխտ թէ ուսանող հայ երիտասարդները։ Սկիզբը ընթացք չտրուեցաւ Սողոմոնի կամաւոր արձանագրուելու դիմումին, բայց ան յաջողեցաւ, հօրը քանի մը նամակներ ղրկելէ ետք, ստանալ ծնողին գրաւոր թոյլտուութիւնը իր կամաւոր արձանագրուելուն։
Հոկտեմբեր 1914ին, Սողոմոն հասաւ Թիֆլիս եւ միացաւ Սեպուհի կամաւորական վաշտին, որ մաս կը կազմէր Անդրանիկի հրամանատարութեան տակ գործող Կամաւորական Առաջին Գունդին։ Երեք տարուան կամաւորական ծառայութիւնը ամբողջապէս թրծեց Սողոմոն Թեհլիրեան դաշնակցական մարտիկի կերպարը։ Արեւմտահայաստանի ժամանակաւոր ազատագրութեան հետ, Սողոմոն հնարաւորութիւնը ունեցաւ այցելելու նաեւ Երզնկա, որուն քարուքանդ վիճակն ու ամայութիւնը խորապէս ցնցեցին զինք այնքան ծանրօրէն, որ իր կենսագիրներէն Կարօ Գէորգեանի վկայութեամբ՝ «ուշաթափ կ’իյնայ գետին։ Արդարեւ, Երզնկայի եւ շրջակայքի ամբողջ հայութեան հետ, նաեւ իր գերդաստանին 85 անդամները — մայրը, երկու եղբայրներուն կիներն ու զաւակները եւ մօտիկ ազգականները — սպաննուած էին 1915ին։ Իսկ իրենց տունը դարձած էր թրքական հանրակացարան»։
Սեփական ընտանիքին, հարազատներուն եւ ամբողջ հայութեան սպանդն ու հայրենի օճախին եւ Արեւմտահայաստանի աւերումը անհուն ցասումով ու վրէժխնդրութեամբ համակեցին Սողոմոն Թեհլիրեանի ողջ էութիւնը։ Խորապէս ցնցիչ այդ փորձառութիւնը հետագային հիմք ծառայեց, Թալէաթի ահաբեկումէն ետք, Թեհլիրեանի դատավարութեան ընթացքին դատապաշտան Քըրթ Նայմէյըրի (Քոլոնեը համալսարանի իրաւագիտութեան դասախօս) կառուցած պաշտպանողականին։
1917ին, Կովկասեան ճակատի փլուզումէն եւ ռուսական զօրքերու նահանջէն ետք, Թեհլիրեան անցաւ Կովկաս։ Շրջեցաւ հիւսիսային Կովկասի եւ Խրիմի քաղաքներուն մէջ՝ նուիրուելով արեւմտահայ գաղթականութեան հետ այդ ափերը ինկած որբերու հաւաքման ու պատսպարման աշխատանքին։ Այդ պայմաններուն մէջ, ժամանակին թաւալումին հետ փոխանակ սպիանալու, Թեհլիրեանի սիրտն ու հոգին խոցած վէրքերը աւելիով բորբոքեցան։ Թեհլիրեան ուղարկուեցաւ Պոլիս, ուր Հ.Յ.Դ. Կ. Կոմիտէի որոշումով 1920ի Ապրիլին կատարեց ահաբեկչական իր առաջին գործողութիւնը՝ մահապատիժի ենթարկելով Պէշիկթաշի տխրահռչակ թաղապետ Յարութիւն Մկրտիչեանը, որ գլխաւոր մեղսակիցը եղած էր 24 Ապրիլ 1915ի հայ մտաւորականութեան ձերբակալութեան։
Ահաբեկումէն ետք ան պարտաւորուեցաւ անցնիլ Փարիզ, ուր ապրուստի ապահովման համար կօշկակարութիւն սորվեցաւ։ Բայց քանի մը ամիս ետք կանչուեցաւ Ուաշինկթըն, Մ.Նահանգներ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Գարոյի կողմէ, որ կը ղեկավարէր «Նեմեսիս»ի գործադրութիւնը։
Ուշագրաւ մանրամասնութիւն է եւ «Նեմեսիս»ի արխիւին հրապարակումէն ետք ծանօթ փաստ է, որ իթթիհատական պարագլուխներու ահաբեկիչներուն ընտրութիւնը կատարուած է վիճակաձգութեամբ եւ այդպէս է, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին վիճակուեցաւ բախտը Թալէաթի ահաբեկումին։
Արմէն Գարոյի յանձնարարականով՝ Թեհլիրեան 1920ի Դեկտեմբերին ուղեւորուեցաւ Ժընեւ, ուրկէ անցաւ Պերլին (Գերմանիա), ի գործ դնելու համար Թալէաթի ահաբեկման ծրագիրը։
Ջարդարար պարագլուխը Ալի Սալէհ Պէյ անցագրով ու ծպտուած կ’ապրէր Պերլինի Հայտէնպէրկ փողոցի վրայ։ Թեհլիրեան, իբրեւ ուսանող, սենեակ մը վարձեց Թալէաթի տան ճիշդ դիմացը, ուրկէ տեւական հսկողութեան տակ առաւ ցեղասպան ճիւաղին շարժումներն ու կենցաղը՝ իրենց յետին մանրամասնութեամբ։ Եւ 15 Մարտ 1921ի առաւօտեան ժամը 10ին, երբ Թալէաթ իր բնակարանէն դուրս գալով կը յառաջանար մայթէն, Թեհլիրեան հանդիպակաց մայթէն փողոցը կտրեց, դէմ առ դէմ մօտեցաւ ջարդարարին եւ ճակտէն՝ ատրճանակի մէկ գնդակով գետին փռեց զայն։
Անցորդները յարձակեցան Թեհլիրեանի վրայ, խոշտանգեցին զայն՝ առանց գիտնալու, թէ ինչո՛ւ օր-ցերեկով բարեհամբոյր տեսքով այդ երիտասարդը ահաբեկած եւ անշունչ գետին փռած էր անծանօթ անցորդը…
Ահա թէ ինչպէ՛ս կը նկարագրէ, Թեհլիրեան ինք, հայոց պատմութեան մէջ յաւերժացած Պահը Թալէաթի ահաբեկման.
«Առաւօտը սովորականից շուտ ելայ. արեւի շաղերը արդէն հասել էին դիմացի շէնքի պատուհանին: Հազիւ էի աւարտել թէյս եւ ուզում էի բազկաթոռը մօտեցնել պատուհանի եզրին, երբ յանկարծ դիմացի շէնքի պատշգամում տեսայ Թալէաթին: Քարացայ. նա՞ էր արդեօք: Այո՛… Նա մէկ-երկու քայլ առաջ անցաւ, ուշադիր զննեց մայթը, նախ՝ վեր, ապա՝ վար, ու կարծես ի՜նչ մտքերի ծանրութեան տակ՝ գլուխը կախեց: Ըստ երեւոյթին թեթեւ չէր կեանքը, գործած անպատում ոճրից յետոյ: Յամենայն դէպս, թէեւ անցել էր հինգ-վեց տարի, բայց վախը անբաժան էր մնացել նրանից։ Իր լայն ուսերին կրում էր երկու հրապարակային մահավճիռներ. Պոլսոյ պատերազմական ատեանի եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
Առաջինը, նրա համար, հաւանաբար ունէր բարոյական նշանակութիւն. փոխանակ վեր հանելու իր «ազգանուէր, մեծ գործը, հարազատ երկրի մէջ հարազատները դատապարտում էին նրան մահուան, իբրեւ սովորական ոճրագործի: Բայց ժամանակը կարող էր այդ «թիւրիմացութիւնը» պարզել. ապագայ սերունդները կը հասկանային կատարած գործի արժէքը, եթէ… եթէ չլինէր Հ. Յ. Դաշնակցութեան դատավճիռը: Այնուամենայնիւ, չկարողացաւ այդ կուսակցութեան բոլոր ղեկավարներին բնաջնջել: Բայց ո՞վ մնաց իր ճանաչածներից: Փաստօրէն մէկ հոգի՝ Գարեգին Փաստրմաճեանը: Չէ՞ր յիշում արդեօք իր վերջին զրոյցը նրա հետ… Լծակի պէս հաստ դաստակը վեր տարաւ, ձեռքով ճակատը շփեց, ներս մտաւ: Նայեցի ժամացոյցին. տաս էր, Ուհլանտ գնալու իր սովորական ժամը: Զէնքը առի վրաս, պատրաստ դուրս գալու: Յանկարծ նա յայտնուեց դրան մօտ ու փղի պէս ծանրօրէն սկսեց վար իջնել: Երբ դուրս ելայ փողոց, դիմացի մայթով արդէն բռնել էր Ուհլանտի ուղին: Սառը դատողութիւնը ինձ ասում էր, որ այս անգամ անկարող պիտի լինի ազատուել ձեռիցս. բայց եւ յուզումը բազմալեզու աղաղակներով փոթորկում էր ինձ.- «Հասի՛ր, վազի՛ր, անցի՛ր միւս մայթը ու, շեղակի կռնակից, մէջքի՛ն, գլխի՛ն, շո՛ւտ, անցի՛ր փողոցը»… Մայթից իջայ փողոց՝ յետեւը անցնելու համար, բայց յանկարծ մի բան յետ մղեց ինձ. հազար անգամ պարզուած բացորոշ բանը այդ պահին մէկէն ի մէկ կասկածելի թուաց. նա՞ է արդեօք… «Անցի՛ր դիմացը, դիմա՛ցը, դիմա՛ցը, ուղղակի ճակատի՛ն, շո՛ւտ, շո՛ւտ, շո՛ւտ, վազի՜ր»… Դիմացի մայթով հաւասարուեցի նրան, արագ քայլերով բաւական յառաջացայ. անցայ նոյն մայթը, ուսկից գնում էր նա: Յետ դարձայ: Մօտենում էինք իրար: Նա գալիս էր ճեմելու ձեւով՝ ձեռնափայտը անփոյթ ճօճելով:
Մի կարճ տարածութիւն մնացած՝ զարմանալի անդորրութիւն համակեց էութիւնս: Հաւասարուելու վրայ, Թալէաթը շեշտակի նայեց ինձ. աչքերի մէջ առկայծեց մահուան սարսուռը: Վերջին քայլը բեկուեց. մի քիչ թեքուեց, որ խուսափի, բայց զէնքը դուրս քաշելս ու գլխին պարպելս մէկ եղաւ… Թալէաթը հարուածից կարծես ցցուեց ու մի ակնթարթ հզօր մարմինը պրկուեց ձիգ, բայց երերուն. ապա՝ սղոցուած կաղնու բունի պէս երեսի վրայ տապալուեց թնդիւնով… Բնաւ չէի կարող երեւակայել, որ այդպիսի դիւրութեամբ գետին պիտի փռուի գազանը: Մի վայրկեան մղում ունեցայ բոլոր գնդակները պարպելու մէջքին, բայց փոխանակ կրակելու, ատրճանակս նետեցի: Սեւ, թանձր արիւնը վայրկեանապէս լճացաւ Թալէաթի գլխի շուրջ. կարծես ջարդուած անօթից մազութ էր դուրս թափւում… Բայց լճացող արիւնը կարծես դիւթել էր ինձ: …Մայթի վրայ նոյն դիրքում ընկած էր հրէշը: …Համակուած էի հոգեկան այնպիսի մի ներքին գոհունակութեամբ, որի նմանը չէի ապրել երբեք: Արճիճի պէս վրաս ծանրացած տեւական մղձաւանջը չքացել էր յանկարծ: Ամէն բան փոխուել էր կարծես. կաշկանդուած հոգիս ազատ ու լայնարձակ թռչում էր. կարծես էութեամբ ձերբազատուած՝ մտքերս շրջան էին անում աշխարհի բոլոր ծանօթ անկիւններում…» (Մինախորեան Վահան, «Սողոմոն Թեհլիրեան. Վերյիշումներ», «Յուսաբեր», Գահիրէ, 1956)։
Շահան Նաթալի կը վկայէ, որ Սողոմոն Թեհլիրեանին յանձնարարած էր ահաբեկումէն ետք փախուստ չտալ եւ յանձնուիլ գերմանական իշխանութեանց, որպէսզի աշխարհով մէկ դատուէր եւ իր հետ դատավարութեան ենթարկէր Թուրքիոյ ցեղասպանական ոճիրը։ Թեհլիրեան ձերբակալուեցաւ եւ աղմկալից դատավարութեան արժանացաւ։ Գերմանական դատարանը հաստատեց, որ ահաբեկումի ենթարկուած «զոհը»՝ Թալէաթ իսկութեան մէջ զոհ չէր, այլ՝ դահիճ էր ու, աւելի՛ն, դահճապետ էր, որուն ուսերուն կը ծանրանար ամբողջ ժողովուրդ մը ցեղասպանութեան ենթարկած ըլլալու պետական յանցագործութեան ծանրագոյն պատասխանատուութիւնը։
Փաստօրէն Սողոմոն Թեհլիրեան կրկնակիօրէն պատմութիւն խտացնող խորհրդանիշ դարձաւ 15 Մարտ 1921ի իր Հարուածով եւ Ցեղասպան Թուրքը խորհրդանշող Թալէաթի ահաբեկումով։ Նախ՝ մարմնաւորեց հայոց Արդար Դատաստանին վճիռը գործադրող բազուկը։ Ապա՝ խորհրդանշեց առաջին միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը հայ ժողովուրդին դէմ Թուրքիոյ գործադրած Ցեղասպանութեան։
Հայասպանութեան ոճիրի դատական միջազգային արծարծման առընչութեամբ կ’արժէ նոյնքան կարեւորութեամբ նշել, որ Ցեղասպանութիւն բառը իր ժամանակակից իմաստով գործածութեան յանձնած Ռաֆայէլ Լեմքին ուղղակի ներշնչուեցաւ նոյնինքն Թեհլիրեանի դատավարութենէն։ Լեմքին յայտնագործեց իրաւագիտական «Ցեղասպանութիւն» եզրը իբրեւ պատասխան՝ անձնապէս իր եւ ընդհանրապէս մարդկութեան խիղճը տանջող այն մեծ հարցականին, թէ ինչո՞ւ մէկ մարդու ահաբեկման համար կը դատուէր Թեհլիրեան անուն հայ երիտասարդը, մինչ անդին դատ ու դատաստանի ենթարկուած չէր մէկուկէս միլիոն անմեղ հայերու ցեղասպանութեան գլխաւոր պատասխանատու Թալէաթը…
Մարտ 15ը այս առումով երրակի՛ յիշատակութեան արժանի Պահ է հայոց սերունդներու ազգային յիշողութեան մէջ։
Ն.