կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-02-18 09:12
Առանց Կատեգորիա

Փետրվարյան ապստամբության խոստումով

Փետրվարյան ապստամբության խոստումով

Տարբեր էր մեր ժողովուրդը Հայկական Յեղափոխութեան շրջանին, երբ վերագտաւ դարերով մոռացութեան տրուած իր մարտունակ յատկութիւնը եւ մարտնչեցաւ իրականացնելու հայրենիքի քաղաքական ու տնտեսական ազատագրումը։

Տարբեր էր մեր ժողովուրդը Սարդարապատեան ճակատներու վրայ, երբ մահուան գնով դիմադրեց արշաւող թշնամիին, թումբ կանգնեցաւ հաւաքական ոչնչացման դէմ, եւ կերտեց անկախ հայրենիք ու պետութիւն։

Տարբեր էր մեր ժողովուրդը 1921ի Փետրուար 18ին, երբ ծառացաւ օտարածին իշխանութեան մը դէմ՝ վերահաստատելու համար իր ազատութիւնը եւ ազգային արժանապատուութիւնը։

Փետրուարեան ապստամբութեամբ մեր ժողովուրդը նոյնացաւ Հայկական Յեղափոխութեան ու Մայիսեան հայուն հետ։ Եղաւ մէկ հայութիւն, առաջնորդուելով մէկ հաւաքական դաւանանքով՝ ազատատենչութեան գաղափարականով։

Երկու ամիսներ տեւող Փետրուարեան ապստամբութեան նուաճած ազատութիւնը խորտակուեցաւ օտարամուտ բանակայիններու սուիններուն տակ։ Բայց միայն ազատութիւնը չխորտակուեցաւ։ Ազատութիւնը խորտակողները նաեւ քանդեցին ազատատենչ հայուն։ Որպէսզի հայը իսկական հայ չշարունակէր մնալ, պէտք էր քանդել հայուն յեղափոխականութիւնը, պէտք էր փշրել հայուն Սարդարապատեան կամքն ու Մայիսեան ոգին, պէտք էր մանաւանդ անէացնել հայուն վճռականութիւնը ազգային շահերուն նկատմամբ։

Փետրուար 18-ի ապստամբութեան խորտակումէն ետք հայրենի հայը նոյնը չմնաց։ Յատուկ ճիգ ի գործ դրուեցաւ, որպէսզի հայը տարբերի Հայկական Յեղափոխութեան, Մայիսեան եւ Փետրուարեան հայէն։ Աւելի քան եօթը տասնամեակներ հետեւողականօրէն հայուն իր պատմութենէն ու ազատատենչութենէն խորթացնելու աշխատանքը շարունակուեցաւ։

Ու այսօր տարբեր է մեր հայրենի ժողովուրդը։ Զոհն է իր ազգային ու ազատատենչ  յատկութիւններէն խորթացուելու ծրագրուած արշաւին։

Միաժամանակ տարբեր է մեր ժողովուրդը Սփիւռքի մէջ։ Հակառակ գաղթօճախներէն ներս ծաւալապաշտական հզօր ուժի մը ու դրածոյ գործակալներուն, Սփիւռքահայը հաւատարիմ մնաց Հայկական Յեղափոխութեան առաքելութեան, Սարդարապատեան մարտունակութեան եւ Փետրուարեան ազատատենչութեան։ Այս բոլորը կը պարտինք Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, որ ոչ միայն յեղափոխական կամքի ու ազատատենչութեան գիտակցութիւնը ներմուծեց, այլեւ Սփիւռքահայուն վերադարձուց իր քաղաքական պահանջատիրութեան ու յեղափոխական աւանդներուն։

Թերեւս Փետրուարեան Ապստամբութեան ոգիին ու աքթին մէջ պէտք է որոնել հայրենի ժողովուրդի ներկայ կացութեան բացատրութիւնը։ Մեղաւորը մեր ժողովուրդը չէ, այլ՝ այն քանդումը, որ ծրագրուած կերպով իրագործուեցաւ մեր ժողովուրդին մէջ, որպէսզի ան դատարկուի ազատատենչութեան պատգամէն, յեղափոխական առաքելութենէն ու ազատագրումի խոստումէն։

Նոյնիսկ այսօր, Փետրուարեան ապստամբութեան տարեդարձին, ցաւով պէտք է հաստատել, որ հայրենիքի մէջ տակաւին կը շարունակուի մեր ժողովուրդի հաւաքական կացութեան ու պատմութեան հետեւողական նենգափոխումը։ Անցեալի թէ ներկայի իշխանաւորները կը շարունակեն իրենց հակակշիռին ենթարկել բացայայտումը իրականութեան, որ կը պատկանի մեր ժողովուրդին։ Իշխանաւորները կը շարունակեն պարտադրել ու տարածել իրե՛նց  «ճշմարտութիւնը» եւ իրե՚նց խեղաթիւրուած պատմախօսութիւնը։

Սակայն պիտի գայ օրը, երբ մեր հայրենի ժողովուրդը պիտի արթննայ նախկին պոլշեւիկեան ու նոր պոլշեւիկատիպ իշխանաւորներու պարտադրած թմբիրէն։ Որովհետեւ, հայրենի հայու սրտին մէջ շղթայուած Արտաւազդը պիտի փշրէ իրեն պարտադրուած կապանքները։ Վեր պիտի սլանայ Արարատի անդունդէն եւ Արարատը դարձնէ ի՚րը, Երեւանը դարձնէ ի՚րը, Արցախը դարձնէ ի՚րը, բռնագրաւուած հայրենիքը դարձնէ ի՚րը։

Այդ օրը պիտի ըլլայ հայրենի հայուն Փետրուարեան երկրորդ ապստամբութիւնը։ Ան պիտի նոյնանայ Հայկական Յեղափոխութեան, Սարդարապատեան ու Փետրուարեան հայութեան հետ ու միանայ ազատատենչութեամբ վարակուած Սփիւռքահայութեան։

Նուաճելով այդ օրը, Հայաստանը պիտի սկսի իր բարգաւաճումի երթը, պետութեան հզօրացումի ճանապարհը, եւ հայրենիքը ու հայութիւնը վերջնականապէս միացնելու առաքելութիւնը։

Այս բոլորի համար հայրենի ժողովուրդի ու Հայրենիքի հարազատ ապաւէնը պիտի ըլլայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, ճիշդ այնպէս ինչպէս որ էր Քրիստափորի այս յեղափոխական կուսակցութիւնը ազատագրութեան շարժման օրերուն, Սարդարապատեան ճակատներուն, Փետրուարեան ապստամբութեան ժամանակ, եւ Հայկական Սփիւռքի տարածքին։

Սեդօ Պոյաճեան

Լոս Անճելըս, Փետրուար 17, 2019