կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2019-01-26 19:57
Քաղաքական

Հայ Դատի շնորհավորանքի այցելությունը Հայաստանի հյուպատոսին

Հայ Դատի շնորհավորանքի այցելությունը Հայաստանի հյուպատոսին

Ձախէն աջ՝ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ՝ Րաֆֆի Գասապեան, Անահիտ Օշական, Պերճ Կարապետեան, Նորա Յովսէփեան, գլխաւոր հիւպատոս Արմէն Բայբուրդեան, հիւպատոս Վարազդատ Պահլաւունի, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ՝ Սարգիս Պէրպէրեան եւ Ճոզըֆ Քասքանեան

ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Երեքշաբթի, 22 Յունուարի երեկոյեան, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան եւ անձնակազմի ներկայացուցիչները այցելութիւն մը տուին Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոս դոկտ. Արմէն Բայբուրդեանին, կազմակերպութեան շնորհաւորանքը փոխանցելու համար Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի տօներուն առիթով։

Հանդիպման ներկայ էր նաեւ հիւպատոս Վարազդատ Պահլաւունի։

Հայ Դատի ներկայացուցինչները արգասաբեր տարի մը մաղթեցին գլխաւոր հիւպատոսին, խոստանալով մօտէն գործակցիլ հիւպատոսարանին հետ, Հայաստանի եւ Սփիւռքի առաջնահերթութեանց իրականացման ի նպաստ։

Իր կարգին, հիւպատոս Բայբուրդեան տեղեկութիւններ փոխանցեց հիւպատոսարանի գործունէութեան եւ ապագայ նախաձեռնութիւններուն մասին, խոստանալով սերտօրէն գործակցիլ Հայ Դատի յանձնախումբին հետ։

Այս առիթով, Հայ Դատի պատուիրակութիւնը Սան Ֆրանսիսքոյի հայ համայնքին կողմէ Միացեալ Նահանգներու «փոքր դաշնակից»՝ Հայաստանին աջակցելու նպատակով Ուաշինկթընին կոչ կատարելու նպատակով կազմակերպուած հաւաքի մը պատմական լուսանկարը յանձնեց գլխաւոր հիւպատոսին։

«Կը տօնենք Միացեալ Նահանգներու եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութեանց հարիւրամեակը։ Նուիրուած՝ Լոս Անճելըսի մօտ Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին կողմէ», գրուած է լուսանկարին տակ։

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան ատենապետ Նորա Յովսէփեան յայտնեց, թէ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան առաջին շաբաթներէն (4 Յուլիս 1918) մնացած լուսանկարը խորհրդանշական մեծ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ դիւանագիտական կապերու հարիւրամեակին պարունակին մէջ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համագործակցութիւնը սերտացնելու գծով գլխաւոր հիւպատոսին ցուցաբերած պատրաստակամութեան համար։ Անդամարշաւի աշխատանքին միանալուն եւ տեղական ու նահանգային պաշտօնատար-ներու հետ գործակցութեան սերտացման։

asbarez.com