կարևոր
0 դիտում, 5 տարի առաջ - 2018-12-20 14:14
Հասարակություն

«Գիրերու աշխարհ» արևմտահայերեն խաղը հնարավոր կլինի ներբեռնել

«Գիրերու աշխարհ» արևմտահայերեն խաղը հնարավոր կլինի ներբեռնել

Աղբյուրը` Aztagdaily

Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը երեք տարի առաջ սկսաւ մանկապատանեկան դաստիարակչական հայերէն ելեկտրոնային խաղերու  «Լալան ու Արան» շարքի պատրաստութեան եւ հրապարակման իր ծրագիրին: Անոր գլխաւոր նպատակն է արեւմտահայերէնի եւ արեւելահայերէնի ուսուցումը դարձնել դիւրամատչելի ու հաճելի եւ մասնաւորաբար` հասանելի բոլորին, առօրեայ օգտագործման ելեկտրոնային սարքերու ճամբով:

«Լալան ու Արան» շարքի «Գոյներու աշխարհ» եւ «Ձեւերու աշխարհ» խաղերու մեծ յաջողութենէն ետք, արդէն հրապարակուած է շարքի երրորդ խաղը` «Գիրերու աշխարհ»-ը` անվճար ներբեռնելի iOS եւ android համակարգերով բանող ելեկտրոնային գործիքներուն համար (հեռաձայն եւ թապլեթ):

«Գիրերու աշխարհ» խաղը հայ փոքրիկին կը ծանօթացնէ մեր այբուբենի 38 տառերը, փոքրագիր եւ գլխագիր, իւրաքանչիւր տառի համապատասխան հնչեղ ու գունազարդ խաղերով, պատկերներով եւ վարժութիւններով:

Ծաւալուն այս աշխատանքը դժուար պիտի ըլլար իրականացնել առանց «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի եւ Համազգայինի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Շրջանային վարչութեան նիւթական ներդրումին. անոնց կ՛ուղղենք մեր խորին երախտագիտութիւնը:

Հայ մանուկին հոգեմտաւոր զարգացման նպաստող ու մասնաւորաբար անոր մօտ հայերէնը խաղի կենսունակ լեզու դարձնող «Լալան ու Արան» խաղերու շարքը պարբերաբար կը հարստանայ նորերով: Իսկ անոնց կերպարներով պատրաստուած հայախօս պուպրիկներու ու գրենական պիտոյքներու տեսականին նոյնպէս հետզհետէ կը ճոխանայ:

Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակի յոբելենական տարուան աւարտին եւ տօնական օրերու նախօրեակին, «Լալան ու Արան» շարքի «Գիրերու աշխարհ» խաղը մեր նուէրն է հայ մանուկին:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ